Текст книги "Բանաստեղծություններ"
Автор книги: Սիամանթո
Жанр: Поэзия, Поэзия и Драматургия
Возрастные ограничения: +12
сообщить о неприемлемом содержимом
Текущая страница: 1 (всего у книги 2 страниц) [доступный отрывок для чтения: 1 страниц]
ՍԻԱՄԱՆԹՈ
Բանաստեղծություններ
ՄԱՀՈՒԱՆ ՏԵՍԻԼՔ
Կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ…
Քաղաքներուն մէջ եւ քաղաքներէն դո՛ւրս,
Եւ բարբարոսներն արիւններով կը դառնան,
Մեռելներուն ու ոգեվարներուն վրայէն,
Ագռաւներու բազմութիւններ կ՚անցնին վերերէն,
Արիւնոտ բերաններով ու գինովի քրքիջներով…
Ցամաքահով մը կիսամեռները զայրոյթով կը խեղդէ,
Ու պառաւներու անձայն կարաւաններ
Շտապով կը փախչին լայն ճամբաներէն…։
Գիշերին մէջէն արիւններուն ալիքը կը բարձրանայ,
Ծառերուն հետ շատրուաններ ուրուագծելով,
Ու ամէն կողմէ սոսկումով կը սուրան հալածուած՝
Նախիրները հրդեհուող ցորեաններուն մէջէն…
Փողոցներուն մէջ մորթուած սերունդներ կը տեսնեմ
Եւ ամբոխներ անպատմելի սրածութենէ դարձող,
Արեւադարձային տաքութիւն մը կը բարձրանայ
Հրդեհի տրուած ազնուական քաղաքներէն…
Ու մարմարի ծանրութիւնով իջնող ձիւնին տակ
Աւերակներուն եւ մեռելներուն մենութիւնը կը մսի.
Օ՜, մտիկ ըրէ՜ք սա սայլերուն ճռնչիւնն ահաւոր,
Իրենց վրայ դիգուած դիակներուն տակ,
Ու սգաւոր մարդերուն աղօթքներն արցունքոտ,
Որ կածանէ մը դէպի համայնափոսերը կ՚երկարին.
Մտիկ ըրէ՜ք հոգեվարքներուն ձայները վերջին,
Հովին հարուածներուն մէջ, որ ծառերը կը ջարդէ,
Օ՜, մի՛ մօտենաք, մի՛ մօտենաք, մի՛ մօտենաք,
Չըլլայ որ մօտենաք գերեզմանոցներուն եւ ծովուն,
Կարմիր ջուրերուն վրայ նաւեր կը նշմարեմ հեռուն,
Մեռելներու կուտակումներ անոնց մէջ կան,
Ու ցաւէն գալարուող ալիքներուն վրայ
Գանկեր ու սրունքներ ինծի կ՚երեւան…
Մտիկ ըրէ՜ք, մտիկ ըրէ՜ք, մտիկ ըրէ՜ք
Փոթորիկին գոչը ծովուն ալիքներուն մէջ,
Կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ…
Մտիկ ըրէ՜ք, մտիկ ըրէ՜ք, մտիկ ըրէ՜ք
Մահաձայն ոռնումը զարհուրեալ շուներուն,
Հովիտներէն ու գերեզմաններէն ինծի հասնող,
Օ՜, պատուհանները փակեցէ՛ք ու աչքերնիդ ալ,
Կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ…։
ԹԱՂՈՒՄ
Յուսահատօրէն ու պանդխտօրէն անտառը վերադարձայ
Իմ վախճանած բարեկամս համբուրելու համար,
Ու բոլոր եղնիկներուն ու կարապներուն հետ,
Որ լիճերուն ու հոգիիս տխրութիւնը կը հասկնան,
Թաղումը ըրինք բարեկամիս, ձմրան կէս գիշերի մը մէջէն…
Օ՜, իր մարմինը ո՜րչափ ծանր էր իմ՝ կեանքէն յոգնած ուսերուս համար,
Ու Մահը ո՜րչափ հեռու իմ այլաբաղձութիւնով իրեն կարկառուող տղու աչքերէս…
Աստուածային ու անբասիր կարապները թաղումը տօնեցին,
Ու ես եղնիկներուն հետ տաժանագինօրէն գերեզմանը փորեցի,
Անտառին բոլոր ծառերը յուղարկաւորներ եղան…
Ու մահուան հովը՝ անոնց անծանօթ ու երկաթեայ բուրվառը…
Ու մօտաւոր ու հեռաւոր քաղաքներուն բոլոր մահազանգերը նուիրական,
Երկարօրեն, մահագուժօրեն ու բարեպաշտօրէն,
Արեւէն այրի ու ամայի գիշերին մէջ ըսին թէ՝
Բարեկամ մը անտառներու եղնիկներուն ու լիճերու կարապներուն
Ու երկայն ու ահաւոր ծառերուն ու հովերուն հետ,
Երկիւղածութիւնով իր բարեկամը կը թաղէ։
Գիտէք թէ հեռաւոր ու մօտաւոր քաղաքները բոլոր
Օրերուն ու մարդերուն ոճիրներէն քանդուեցան,
Կարապներն ու խարտեաշ եղնիկները հովերուն մէջ խեղդուեցան…
Զանգակներ հին եկեղեցիներու փառքերուն հետ լռեցին,
Բայց իմ հոգիս, բայց իմ սգաւոր հոգիս,
Այս բոլորին թաղումներէն ու մահացումներէն վիրաւոր՝
Անտառներուն սարսափին մէջը բանտարկուած մնաց…
ԱՓ ՄԸ ՄՈԽԻՐ, ՀԱՅՐԵՆԻ՜ ՏՈՒՆ
Ա
Աւա՜ղ, ապարանքի մը պէս մեծ էիր եւ շքեղ,
Ու ես՝ երդիքներուդ սպիտակ կատարէն,
Աստղածորան գիշերներու լոյսին հետ,
Վարէն, ահեղավազ Եփրատին կ՚ունկնդրէի…։
Բ
Արցունքո՜վ, արցունքո՜վ լսեցի որ աւերակ առ աւերակ
Քու լայնանիստ պատերդ իրարու վրայ կործանեցին,
Սարսափի օր մը, կոտորածի օր մը, օր մը արիւնի…
Զքեզ եզերող պարտէզիդ ծաղկըներուն վրայ։
Գ
Ու մոխրացա՜ւ այն սենեակը կապոյտ,
Որուն որմերուն ետեւ եւ գորգերուն վրայ
Իմ երջանիկ մանկութիւնս կը հրճուէր,
Եւ կեանքս կ՚աճէր եւ հոգիս իր թեւերը կ՚առնէր…
Դ
Փշրեցա՞ւ, ուրեմն, այն հայելին ոսկեծիր,
Որուն եթերային խորութեանը մէջ
Երազներս, յոյսերս, սէրերս եւ կամքս կարմիր,
Տարիներով, մտածումիս հետ, ցոլացին…։
Ե
Ու բակին մէջ երգող աղբիւրը մեռա՞ւ,
Ու կոտրեցա՞ն պարտէզիս ուռին ու թթենին,
Եւ այն առուակը, որ ծառերուն մէջէն կը հոսէր,
Ցամքեցա՞ւ, ըսէ՛, ո՞ւր է, ցամքեցա՞ւ, ցամքեցա՞ւ…
Զ
Օ՜, այն վանդակին կ՚երազեմ յաճախ,
Որուն մէջ գորշագոյն կաքաւս, առաւօտուն,
Արեւածագին հետ եւ վարդի թուփերուն դիմաց,
Զարթնումի ժամուս՝ յստակօրէն կը կարգճէր…։
է
Հայրենի՜ տուն, հաւատա՛ որ մահէս յետոյ,
Քու աւերակներուդ սեւին վրայ իմ հոգիս
Պիտի գայ, որպէս տատրակ մը տարագիր,
Իր դժբախտի երգն եւ արցունքը լալու…։
Ը
Բայց ո՜վ պիտի բերէ, ո՜վ պիտի բերէ, ըսէ՛,
Քու սրբազան մոխիրէդ ափ մը մոխիր,
Մահուանս օրը, իմ տրտում դագաղիս մէջ,
Հայրենիքս երգողի իմ աճիւնին խառնելու…
Թ
Ափ մը մոխի՜ր աճիւնիս հետ, Հայրենի՜ տուն,
Ափ մը մոխի՜ր քու մոխիրէդ, ո՜վ պիտի բերէ,
Քու յիշատակէ՜դ, քու ցաւէ՛դ, քու անցեալէ՜դ,
Ափ մը մոխիր… իմ սրտիս վրան ցանելու…։
ՅՈԳՆՈՒԹԻՒՆ
Հոգիիս վրայ լուսինը կը ձիւնէ…
Օ՜, դէպի Խաւարներն ու Մոռացումը քալէ՛,
Ո՜վ յոգնած ու դանդաղ ու ծանր ուխտաւոր,
Աղբիւրներու սա՛ պայծառ տղուն հետ առանձին.
Ան հոնտեղերը մարմարէ մեհեաններ գիտէ,
Ուր հինաւուրց աստուածները՝ ազնուօրէն զօրաւոր,
Քու յոգնութիւնդ կը հասկնան…
Ու մարդկօրէն անոր մեծ ցաւը կ՚ապրին…։
Աւա՜ղ, մինչեւ ե՞րբ մեր մարմինները տարփաւոր
Այսչափ տենդօրէն պիտի գալարուին…
Դէպի փայտէ դագաղները դարաւոր՝
Յաւիտենական ու ապարդիւն կեանքին,
Վերջապէս իրիկուն մը մխրճուելու համար…
– Թէեւ այնչա՜փ չարաշուքօրէն —
Արհաւիրքով լեցուն, բայց փրկարար ծոցը հողին։
Գիտեմ, սքեմիդ մէջի վանականի իրանդ ոսկիէ
Շատ ապրած Աստուածի մը խոնջէնքն ունի.
Ուրեմն եկո՛ւր սա խարտեաշ ու խորունկ ու լուռ ու մերկ հարսներէն լեցուած՝
Մեր գինիի նուիրական սափորն ա՛լ վար դնենք,
Թէեւ ան մեր երգերուն խենթութիւնը կ՚ըլլար…
Ու այն բոլոր արշալոյսէ ծաղիկները, որ քաղեցինք,
Անկարելի պաշտամունքին համար…
Այս բոլորը ձգենք, մեր կուրծքերուն ադամանդէ խաչերուն հետ,
Ո՜վ բարեկամ ու բախտակից ու հոյակապ քրմապետ,
Այնպէս չէ՞, ես ալ այս բոլորը ճանչցայ,
Քեզի հետ ա՛յնչափ ապարդիւնօրէն,
Իմ սիրահար տղու խօլաթեւ իրիկուններուս մէջէն,
Յոգնած եւ արիւնոտ ճակատիս դիմաց, անհունօրէն, առ յաւէտ…։
Ու արդէն աւազներու մոգերն աստղերուն տակ ըսին թէ
Հողին բոլոր գինիները ա՛լ մոլախինդ պիտի ըլլան,
Ու բոլոր կապոյտ շուշաններն ալ ձեր Յոյսի ծաղկանոցին,
Ամենը մէկ, յանկարծօրէն ագռաւներու պիտի փոխուին…
Ու յետոյ գիտես որ բոլոր օձերը փեթակներուն տակ,
Մեզի համար այն սե՜ւ անձրեւներէն ի վեր, հիմակ,
Մահագուժօրէն վաղուան մեղրը կը պատրաստեն,
Ու դեռ կարծեմ թէ գետնափորներուն մէջ է որ
Բոլոր բրուտները, մեռելներու հողերէն,
Ո՞ր ժամանակէն ի վեր ապրողներուն համար մինչեւ այսօր
Ջուրի կուժեր կը շինեն…
Ու այն լամպարը, որով Ցնորքը կը հսկենք մեր կտաւէ վրանին տակ,
Ահաւասի՛կ, քեզի կ՚ըսեմ, Արշալոյսէն դեռ շատ առաջ պիտի մարի…։
Օ՜, թեւդ թեւիս անցո՛ւր ու խարխափելէն քալէ՛,
Ո՜վ ծանր ու դանդաղ ու յոգնած ուխտաւոր,
Որովհետեւ վաղորդայնը անգթօրէն սուտ է…
Ու մեր զգայախաբի ոտուըներն ալ յոգնած,
Կեանքին մինչեւ Իրիկունները երթալու համար։
Դէպի խաւարն ու Մոռացումը թափանցէ՛,
Ջուրերու երիտասարդ զաւակին հետ առանձին,
Ու քու տարագիր ճամբորդի տառապանքդ բոլոր
Ու այն աղջամուղջի դարերը, զոր օրերն ուսերուդ վրայ հարկեցին…
Այդ բոլորը ամէնը մէկ ինծի տո՛ւր…
Ու միսիդ պատանքներն ալ հոգիիս վրան նետէ՛…
Թեւդ թեւին անցո՛ւր ու քալէ՛ Ցաւին հետ հայրօրէն,
Անոր վիրաւոր եղնիկի աչուըներն իմաստուն
Կեանքին բոլոր ճամբաները գիտեն…
Հոգիիս վրայ լուսինը կը ձիւնէ…
ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐՍ
Ա
Եւ մաքրաթեւ երազիս հետ մինակ էի հովիտներուն մէջ հայրենի,
Քայլերս էին թեթեւ, ինչպէս քայլերը խարտիշագեղ եղնիկին,
Եւ զուարթութեամբ կը վազէի, կապոյտէն եւ օրերէն բոլորովին գինով,
Աչքերս ոսկիով եւ յոյսով՝ եւ հոգիս աստուածներով լեցուն…
Բ
Եւ ահա բարեբեր Ամառն իր պտուղները զամբիւղ առ զամբիւղ,
Մեր պարտէզին ծառերէն դէպի հողը եւ դէպի զիս կ՚ընծայէր,
Եւ ես լռութեամբ՝ գեղուղէշ ուռիին ներդաշնակ հասակէն
Երգերս ստեղծելու համար խորհրդաւոր սրինգիս ճիւղը կը կտրէի…
Գ
Կ՚երգէի… Ադամանդեայ առուակն եւ թռչուններն հայրենագեղ,
Աստուածային աղբիւրներուն յստակահոս մեղեդիներն անդադրում
Եւ առաւօտեան զեփիւռը, քրոջական գորովներու ա՜յնչափ նման,
Այս բոլորն իմ երջանիկ երգերուս թոթովումին կը ձայնակցէին…
Դ
Այս գիշեր երազիս մէջ, ձեռքս առի զքեզ, ո՛վ քաղցրախօս Սրինգ,
Շրթունքներս զքեզ ճանչցան՝ ինչպէս համբոյր մը հին օրերու,
Բայց շունչս յիշատակներու զարթնումէն, յանկարծօրէն մեռաւ,
Եւ երգիս տեղ՝ շիթ առ շիթ, շիթ առ շիթ, արցունքներս էին որ ինկան վար…։
ԵՍ ԵՐԳԵԼՈՎ Կ’ՈՒԶԵՄ ՄԵՌՆԻԼ
Ա
Սպասումիս եւ Յոյսիս քաղցրութեանը հետ մինակ էի այդ իրիկուն
Եւ Փրկութեան ու Տառապանքի նժարովը Հայրենիքին բախտը կը կշռէի…
Երբ հեռակայ տանս դուռը, գիշերուան սարսափին մէջէն, ուժգնապէս բախեցին.
Եւ ժպտուն՝ ընկեր մը ներս մտաւ, շքեղօրէն գեղեցիկ, եղբայրադէմ եւ ահաւոր…
Բ
Երիտասարդ էր։ Աչուըներուն կայծը երկնքի աստղերէն էր որ կը ծորէր,
Եւ հասակին ձեւերը մարմարներու զօրութիւններէն էին կերտուած…
Մտածումը մարդկային արդարութեան էջերէն յստակօրէն ջահավառեալ…
Ճակտին վրայ իրենց ցաւի եւ բարութեան ծաղկներն ունէին։
Գ
Մտերմաբար քով քովի, Հայրենիքին տառապանքէն կը խօսէինք,
Իր ծանրախոհ գլուխը սգաւոր կիսաստուածի մը արիւնոտ սրտին կը նմանէր…
Նայուածքները նայուածքներուս մէջ նոյն ճակատագրին խորհրդանիշը փնտռեցին…
Եւ մեր տրտում ժպիտները հոգիէ հոգի մեղմօրէն ճառագայթուեցան։
Դ
Ժամերով լռին էր։ Լռին էի։ Յիշատակի հեծեծանքներ մեր աչքերը թրջեցին…
Եւ լամպարիս կապոյտ լոյսը, սեղանիս վրան, այլեւս արիւններու նման վար կը թորար…
Տժգունեցայ ես՝ ինչպէս երազ մը, որ առաւօտին երեւումէն կ՚անհետի…
Բայց ինք՝ հերոսատիպ եւ հպարտ, ձեռքս ձեռքին մէջ՝ ոտքի՝ ինծի ըսաւ.
Ե
«Այս իրիկուն՝ հաւատքի եւ հրաժեշտի իրիկունս է, ընկե՛ր,
Երիվարս թամբած եմ արդէն՝ եւ կեանքի ու կռուի տենդէն՝ դուռիդ առջեւը կը վրնջէ…
Եւ տե՛ս, հասակէս վար անբիծ սուրս մերկ է, մերկութեամբը գերմարդկային վճիռներուն։
Ճակատդ շրթունքիս մօտեցո՛ւր… հաւատքի ու հրաժեշտի իրիկունս է, ընկե՛ր։
Զ
Եւ դուն սա՛ մաքրափայլ թերթերուդ վրան ցեղին ցաւը եւ ցեղին ուժը բանաստեղծէ՛,
Ապագայ սերունդներուն եւ մեր անցեալին տխրութեանն ի նուէր.
Ես որբ մըն եմ եւ ըմբոստ մը, մնա՜ս բարեաւ, կորուսեալներս փնտռելո՜ւ կ՚երթամ…
Քու երգերէդ երգ մը տո՛ւր ինձ, երգ մը, ես երգելո՜վ կ՚ուզեմ մեռնիլ…»։
ԱՂՕԹՔ
Կարապները թունաւորուած լիճերէն այս իրիկուն յուսահատօրէն գաղթեցին,
Ու տրտում քոյրեր, թիարանին պատերուն տակ, եղբայրներ կ՚երազեն…
Շուշանով ծաղկած դաշտերուն վրայ պատերազմները վերջացան,
Ու գետնափորներու մէջէն գեղեցկուհիներ դագաղներու կը հետեւին,
Եւ իրենց դէմքերը հողին ծռած՝ երգեցին.
«Օ՜, աճապարեցէ՛ք, մեր ցաւագին միսերը սառեցան այս անիրաւ խաւարներէն…
Աճապարեցե՛ք դէպի մատուռն, ուր կեանքն աւելի գթած պիտի ըլլայ.
Գերեզմանոցին մատուռն, ուր մեր եղբայրը կը քնանայ…»։
Հոգիիս մէջ այրի կարապ մը կը տանջուի,
Ու հոն նոր թաղուած մեռելներուն վրայ
Աչուըներէս վար արիւն անձրեւ մը կը տեղայ…
Անդամալոյծներու բազմութիւններ կ՚անցնին սրտիս ճամբաներէն,
Ու բոպիկ ոտքերով կոյրեր անոնց հետ՝
Աղօթողի մը պատահելու աստուածային յոյսով…
Եւ անապատներու կարմիր շուներն ամբողջ գիշեր մը լացին,
Յուսահատօրէն աւազներուն վրայ ողբալէ յետոյ,
Անծանօթ ցաւի մը համար, որ չի հասկցուիր…
Ու մտածումիս փոթորիկը անձրեւին հետ դադրեցաւ.
Սառած ջուրերուն տակ ալիքներն անգթօրէն բանտարկուեցան.
Հսկայական կաղնիներուն տերեւները, վիրաւորուած թռչուններու նման,
Հոգեվարքի ճիչերով վար ինկան.
Եւ խաւարչտին գիշերն անհունօրէն ամայացաւ,
Ու մենաւոր ու արիւնոտ լուսնկային հետ,
Մարմարեայ անշարժ ու բիւրաւոր արձաններու պէս՝
Մեր հողին բոլոր մեռելներն իրարու համար աղօթքի ելան…
ՀՈԳԻՍ
Ահաւասի՛կ հոգիիս ջահերը, որ վայրկեան առ վայրկեան
Մտածումս կ՚արեգակեն՝ զանիկա խաւարին մէջ սուզելէ յետոյ…
Հոգիս ա՛ն է, որ բիւրաւոր անգամ ձեր ամէնուն ցաւն ապրեցաւ,
Ա՛ն է, որ անդունդի մը մէջ՝ իր մոխրին վրայ ծնրադիր՝
Հարազատ ու շղթայակապ քոյրերու աքսորը կու լայ…
Հոգիս այն վա՛յրն է, ուրկէ արիւնռուշտ լուսին մը բարձրացաւ
Անմեղներու կոտորածէն ծովացեալ դաշտի մը վրայ…
Ու ա՛յն հողմակոծ անտառն է, որուն աւազաններուն շուրջ՝
Օ՜, եղբայրական արիւնի հեղեղներ կը հոսին…
Հոգիս այն երկի՛րն է, ուր որբ եւ սեւահեր տղաներու բազմութիւններ,
Անդադար սուրերու շողիւններէն հալածական,
Աղեխարշ ճիչերով փլատակներու մէջէն կը փախչին…
Հոգիս այն երկի՛նքն է, ուրկէ յոյսին բոլոր աստղերը թափեցան,
Ու այն մարմարակերտ տաճա՛րն, ուր կեանքը ծունկի եկած՝
Խելայեղօրէն Ամենագութ մահը կը պաղատի…
Հոգիս Աւետարան մըն է, որուն վրայ տժգոյն ու յուսահատ ձեռքեր
Անկարելի քաւութեան մը համար, ապարդիւնօրէն, դեղին թերթեր կը թղթատեն…
Հոգիիս մէջ երբեմն արշալոյսներ կ՚արիւնին,
Եւ պաղատող աղաղակներու անասելի համանուագ մը կ՚որոտայ.
Հոն սրածումներու աշխարհ մը կայ, ուր սարսափահար կեանքեր
Ձեր շարժումին, ձեր օգնութեան, ձեր ձայնին կը սպասեն…
Հոգիիս մէջ հերոսներու ծնունդ մը կայ եւ մեռելներու թափօր մը միանգամայն…
Հոգիս այսօր անձրեւ մըն է մորթազերծուած դիակներու վրայ
Ու նայուածք մըն է, որ անտիրական դագաղները կը թափանցէ,
Հոգիս բարկութեան ու ցասումի հով մըն է այս գիշեր,
Որուն վազքին տակ արիւնարբու ռազմագունդերը պիտի նահանջեն…
Ու բոլոր գերեզմանոցները, իրենց խորերէն, ահագնաբար,
Ձեր նայուածքներուն առջեւ՝ դէպի վե՜ր պիտի շրջին…
Որպէսզի վերջապէս ճանչնաք, ո՜վ անկարեկիր ներկաներ,
Այն բոլոր մարտիրոսները, որ ձեր բոլորին համար
Անձնուիրութեան եւ կամքի առաւօտ մը ինկան…
Հոգիս մահատեսիլ աշուն մըն է, որ այս ամէնուն վրայ
Իր մշուշը եւ իր տերեւներուն հոգեվարքը կը սրսկէ.
Բայց հոգիս եւ Կարմիր Յուսահատ մըն է, որ անընկճելի Յոյսին համար
Առաքեալի մը պէս դէպի արգասաբեր Մահը պիտի թեւէ…։
ԼՈԳԱՆՔԸ
Իր մարմինը սպիտակ էր…
Ինչպէս է ձիւնն աստուածընծայ Տաւրոսներուն,
Եւ իր երկու աչքերուն մէջն ահաւոր՝
Բարբարոս սէր մը անյագուրդ կը վառէր։
Բայց սեւահեր այս գեղուհին ամուլ էր,
Ստինքները դեռ չոր էին մաքուր կաթէն,
Եւ իր կողերէն չեր ծնած այն պտուղը ազնուական կամ ոճրագործ,
Որուն համար բոլոր մայրերը կը սպասեն…։
Ու գինովութեամբ, բայց վայրապար կը ցանկանար
Այրութիւններ խոժոռադէմ եւ արգաւանդ,
Բնութեան դէմ յաղթանակող։
Դաժանագեղ կնութիւնն այս կ՚անգիտանար,
Թէ մեծ օրէնքը իր երկաթէ գաղտնիքն ունի…
Բայց կախարդուհի մը չարաշուք,
Աւերումի այս օրերս, իրեն ըսաւ.
– Որպէսզի քու ամլութիւնդ ադամանդեայ
Պայծառօրէն եւ առյաւէտ պտղաւորուի…
Եկուր քեզի հին իմաստուն Դարերուն
Միակ դարմանը ես իմ ձեռքովս մատուցանեմ։
Եւ անգթութեան աւանդավէպը պատմեց…
Մինչ վհուկը գեղեցկուհւոյն աչքերուն մէջ՝
Իր աչքերը շանթերու պէս, մոլեգնութեամբ մը կը մխրճէր։
Յետոյ բերին մեր հանդարտ գիւղէն հեռաւոր
Եօթը կոյսեր վեշտասնամեայ
(Ա՜հ, ճակատագիրնիդ կը տեսնեմ, որ եղերականօրէն նման է,
Ո՛վ խե՛ղճ քոյրերս, այսչափ ատեն իմ մահերգած ճակատագրիս),
Այսպէս բերին մեր հանդարտ գիւղէն առաքինի եւ հեռաւոր՝
Եօթը կոյսեր վեշտասնամեայ՝ մահուան դողէն դողդոջուն,
Ներս մտցուցին զանոնք լոգարանի մը մարմարակերտ դուռներէն,
Ուր արդարութեան արեգակին ճաճանչները վերէն
Արցունքի պէս անոնց վրայ կ՚անձրեւէին…։
Եւ շտապով տախտակէ տաշտ մը հոն դրին
Ու անոր շուրջը զարդարեցին շուշաններով սպիտակ,
Մինչդեռ հեռուն, վարագոյրի մը ետեւէն,
Կրօնաւոր մը մութ աղօթք մը կը կարդար…
Յանկարծ այսպէս՝ գեղեցկուհին զուարթութեամբ մը զարհուրելի,
Իր ոսկեհիւս շղարշները լայնածաւալ.
Իր ուսերէն իր նաժիշտին ուսերուն վրայ նետելով՝
Խաղաղութեամբ մը մերկացաւ…։
Սեւ դահիճները դաշոյններով շողարձակ
Անխղճօրէն խողխողեցին եօթը կոյսերը մեր գիւղին…
Եւ երբ ամուլ գեղեցկուհին, աչուըները դէպի երկինք,
Տաշտին մէջը արձանացած՝ ոտքի վրայ կանգնեցաւ,
Հայ կոյսերուն տաք արիւնը վարդակարմիր…
Սկսաւ իր մերկ եւ անխռով ոտքերէն
Մինչեւ իրեն ամուլ արգանդը բարձրանալ…
ԹԹԵՆԻՆ
Ու ինչպիսի՜ անողոք մխիթարութեան մը համար էր որ,
Ձեռքերնուս մէջ ձեզմէ հասած քանի մը ծրար ցնցոտիներ,
Երկու ընկեր մեռած գիւղէ մը ուրիշ գիւղ մը կը քալէինք…
Երբ ճամբուն վրայ պատահեցանք ծեր կնոջ մը կորաքամակ,
Որ հացի պարկ մը ուսէն կախ եւ ցուպի մը վրայ յենած
Եկաւ մեզի, իր ցաւին հետ, դանդաղութեամբ մը մօտեցաւ։
– Առաւօտէն մինչեւ հիմա մինաւորիկ կը թափառիմ,
Այրած տանս մոխիրները փնտռելու…
Ութ օր եղաւ որ մեր գիւղը դրացիներն աւերեցին,
Իմ մեծ որդիս կռիւին մէջ իբր կտրիճ մեռաւ, ըսին.
Բայց վերջին լոգանքն ես ըրի առուակի մը ջրերէն…
Եւ հին օրերու դրացի, բայց այսօրուան թշնամիներ,
Ծերութեանս, աղերսանքիս, արցունքներուս գթալով,
Բարեկամներու նման – ալ բարեկամ չէ՛ր մնացեր – ելան եկան,
Նարնջենիի այգիի մը մէջ, օր մը յետոյ, անոր դիակը թաղելու…
Աչքերուս մէջն արցունք չի մնաց, որ
Հոգեհատոր թոռնիկիս մահը՝ նստած ես լայի…
Ութ օր է որ խենթի մը պէս վրանէ վրան կը շրջիմ…
Ո՛չ քուն ունիմ, ո՛չ արթուն, միայն զինքը կ՚երազեմ…
Թո՛ղ աշխարհս քանդէին, բայց թոռնիկս ինծի մնար…
Թոռանս տեղը զի՛ս մեռցուցէք, զի՛ս մեռցուցէք, գոռացի, լսող չեղաւ…
Աղաչանքիս լսող չեղաւ… եւ կիսամեռ, պատանին…
Դիակներու սահմանուած սայլին մէջը նետելով՝
Վանքին ճամբէն հեռացուցին, ա՜խ իր աչքերը, իր աչքերը դեռ կը տեսնեմ…
Երկար ատեն աչքերը բաց, հոգին տալով, ինձ նայեցաւ,
Սայլին ձայնը դեռ կ՚իմանամ, ճռնչելով կը թաւալի…
Զարհուրելի հեծկլտուք մը կնոջ մարմինը ցնցեց,
Բայց իր արցունքը կուլ տալով, ինձ նայելէն, դեռ ըսաւ.
– Ա՛լ տուն չի կայ, տնուոր չի կայ, մահուանս հետ մինակ եմ,
Պէտք էր տեսնել իմ տնակս, ի՜նչ բարիքի օճախ էր…
Գառնուկներուս, հաւերուս եւ աքաղաղիս հետ ճերմակ,
Բոլո՛րը մէկ, բոլո՛րը մէկ գոմին մէջն այրուեցան…
Աշնան համար, ամբարիս մէջ, ափ մը ցորեն ունէի
Եւ երդիքիս կտուրին տակ մեղուներու երկու փեթակ,
Այս բոլորը, օրուան մը մէջ, մեր գիւղին հետ վառեցին…։
Բուխերիկս շինուած օրէն ամէն առտու կը մխար…
Ի՞նչ կ՚ուզէին այս բոլորէն, ի՞նչ կ՚ուզէին, դուք ըսէք…
Աջ կողմերնիդ նայեցէք, ահաւասիկ աւերակը տնակիս.
Տեսէ՛ք աղբիւրս, որ քարուքանդ պատին տակէն առու կազմած…
Ծաղիկներուս փոխարէն, մոխիրնե՜րս ջրել կ՚երթայ…
Բայց այս բոլորը թոռնիկիս քով ի՜նչ կ՚արժեն…
Ահ, երկու քարեր տուէք ինծի, որ ձեռքս առած գլխուս զարնեմ…
Թթենիս ալ կտրտեր են, մահը գլխուս, թթենիս ալ կտրտեր են.
Վա՜խ, իր յիշատակն, հասակին պէս աչքիս առջեւ կը բարձրանար,
Եօթը տարին նոր բոլորեց, եւ ես արդէն իր շուքին տակ…
Գրկիս մէջ թոռնիկս առած իրեն օրերը կ՚երգէի…
Թթենիս ալ կտրտեր են, հո՛ս նայեցէք, իր արմատէն թթենիս ալ սղոցե՜ր են։
Դիակներուն սայլը ո՞ւր է, դիակներուն սայլը ո՞ւր է, ես իր ճռինչը կ՚իմանամ…
Ես ալ կ՚ուզեմ մէջը նետուիլ, թոռանս քով, սայլին մէջը դեռ տեղ մը կա՜ր…
Տեսարանն ահաւոր էր։ Թշուառ կինը թթենիին սղոցուած ճիւղին փաթթուած…
Գետին ինկաւ…։ Ես չի կրցայ իմ հեծեծանքս զսպել…
Մինչ՝ մոխիրներու եւ մահերու տանթէական ճանապարհին՝
Ինձ ուղեկից ընկերուհիս մանկան մը պէս սկսաւ լալ…։
ԽԵՂԴԱՄԱՀ
Ու գետնափոր նկուղին մէջ քառասուն անձ՝
Արջառներու սարսափահար հօտի մը պէս,
Որ աւազահողմին հարուածներէն կը հալածուի,
Մահուան դիմաց դողահար եւ մէկզմէկ ջախջախելով,
Չորս պատերուն մէջը խաւարչտին՝ խռնուեցանք…։
Ապառաժի լռութիւն մը իր սարսափովը կը ծանրանար,
Շշուկ չի կար, շնչող չի կար, շրթունքները փակ էին,
Եւ ամէնուս նայուածքները քստմնելի եւ դիւային,
Մէկզմէկու վրայ յառած՝ մէկզմէկու մահ կ՚ուզէին…։
Արեւծագէ մը մինչ արեւծագըն յաջորդ,
Այսպէս անձայն եւ անօթի, գերեզմանի քարերուն պէս՝
Մենք մեր մարմնոյն վրայ, մեր սարսափն երկաթեցինք…
Ու մեր թաքուն կատաղանքն եւ կարօտը կոտորելու մտածումով՝
Մեզմէ շատերն սկսան մոլեգնօրէն իրենց մատները կրծոտե՜լ…
Եւ ապառաժեայ լռութիւնը անհունին պէս մեր աչքերուն կ՚երկարէր…։
Բայց արեւին տակ՝ հազարաւոր անասնադէմ բարբարոսներ՝
Բերրի դաշտերն ու գիւղերն աւերելէ դեռ չի յոգնած,
Մեր թաքստոցը փնտռելով՝ մեր մահը դեռ կ՚ուզէին…։
Եւ գետնափորի մութերուն մէջը մահացնոր
Մենք սարսափո՛վ, սարսափո՛վ, սարսափո՛վ է որ լսեցինք
Հրազէնի, նիզակներու, սուիններու եւ սուրերու
Կայծակնապար շառաչիւնն, որ արեւին տակ կը վառէր…
Ու դիակնե՜ր, դիակնե՜ր մեր նկուղին երդիքներուն վրայ,
Արմատախիլ ծառերու պէս, սրսփանքով վար կ՚իյնային,
Հոգեվարքի հռնդիւններ՝ մերթ ամեհի եւ մերթ խուլ՝
Պատերէն ներս, նկուղին մէջ կու գային մեզ ցնորել։
Եւ հողապատ ձեղունէն, որ մեր վրան դագաղի մը պէս կը փակուէր,
Վերը հոսող տաք արիւնը յորդառատ՝ ծակտիքներէն վար սուզուելով…
Սկսաւ ալ կաթի՛լ կաթի՛լ մեր դէմքերուն վրան ծորիլ…։
Բայց նորածին մը նորէն սուր ճիչով մը սկսաւ լալ.
Մեր դաւաճանն անտարակոյս այդ անմեղը պիտի ըլլար.
Որոշման մը, եղեռնի մը, ոճիրի մը յոյսը միայն կար մեզի,
Երբ իր մայրն հեծեծանքով մը, ալ վերջապէս փսփսաց.
– Աստուած մեզի թո՛ղ գթայ, ստինքներս պարապ են.
Ա՛լ կաթիլ մը կաթ չունիմ. մինչեւ արիւնս ծծել տուի…։
Ա՛լ կաթիլ մը կաթ չունիմ, ինչ որ կ՚ուզէք, վճռեցէ՛ք…
– Պէտք է խեղդե՛լ, – ըսաւ մէկը իր բազուկն բարկութեամբ մը երկարելով։
– Պէտք է խեղդե՛լ… – փսփսացինք քառասուն անձ նոյն ատեն…
– Նախ եւ առաջ զիս խեղդեցէք եւ յետոյ իմ զաւակս…
– Ձայնը առին, տանիքն արդէն բրիչներով կը փորեն…
– Բոլորս մէկ մատնուեցանք, արդէն տանիքը կը փորեն…
– Արդէն հողը վար կը թափի, լոյսն արդէն կ՚երեւայ…
– Կը պաղատի՜մ, խեղդեցէ՛ք զիս. ահաւասիկ իմ կոկորդս եւ կոկորդն իմ զաւակիս…
Ու հայ մայրն իր վզին հետ զաւկին վիզը մութին մէջէն մեզ երկարեց…
Խաւարին մէջ երկու բազուկ օձերու պէս գալարուելէն,
Մանկան վիզը գտնելով՝ ահեղութեամբ մը զայն սեղմեցին…։
Լռութիւնն այս անգամ նկուղին մէջ մրրիկ մ՚էր։
Ես րոպէ մը կարծեցի, որ բոլորս մէկ արժանապէս մահացանք…։
Պահ մը յետոյ խաբուած մարդու հայհուչներով տղմաթաթաւ,
Զգացինք, որ արիւնախում խուժանը յուսահատած կը հեռանար…։
Փրկութի՞ւն էր մեզի համար։ Ստրուկները կը փրկուի՞ն։ Այսպէ՞ս պէտք է փրկուիլ…։
Ու ամէն օր այդ խեղճ կինը կիսամերկ՝ ճամբաներուն վրայ կեցած,
Անծանօթի՛ն, անցորդի՛ն, թշնամիի՛ն եւ օտարի՛ն
– Քղանցքներուն փաթթուելով խենթի մը պէս կ՚աղաղակէ.
– Սա՛ ձեռքերս կը տեսնէ՞ք, կտեսնէ՞ք սա ձեռքերս,
Ես էի որ ասոնցմով, նկուղին մէջ, իմ նորածինս խեղդեցի…
Հաւատացէ՛ք, ես էի որ զայն խեդդեցի, ի՜նչ անարդար մարդեր էք,
Դուք ալ գոնէ զի՛ս խեղդեցէք, իմ ձեռքերս անզօր են.
Ես էի որ նորածինս նկուղին մէջ բոլոր ուժովս խեղդեցի…
Սիրտ չունի՞ք դուք, խեդդեցէ՛ք զիս, իմ ձեռքերս ա՛լ ուժ չունին…։
ՀԱՅՐԸ ՀՈԳԵՎԱՐՔ
– Վերջին նամակն ինծի տուէք, որ արցունքներս սրբե՛մ…։
Ա՛հ, ուրկե՞ց է որ կը բխիք, ո՞ր անդունդէն, ո՞ր աղբիւրէն…
Դո՛ւք, մարգարտի ու մարմարի յորդահոսան փշրանքնե՛ր,
Ա՛լ աչքերուս խեղճ կոպերն խոցոտեցան,
Ամբողջ կեա՜նքս, ամբողջ արե՜ւս, ամբողջ ուղե՜ղս այսօր լացի…
Վերջին նամակն ինծի տուէք… որ աչքերս ձեզմէ ծածկեմ…։
Մթնշաղի հաւախօսին ո՞վ արթուն էր ձեր մէջէն.
Ա՜հ, արշալոյսին բարութի՜ւնը, բարութի՜ւնն այս առաւօտ,
Սոխակները սիրահարի պէս՝ բոլորը մէկ կու լային,
Ու վանդակին կապոյտ կաքաւը ձիւնին կարօտը կ՚երգէր…։
Բայց ի՞նչու դեռ չի բերիք մեր պարտէզին վարդերէն,
Որդուս ձեռքովը տնկուած վարդատունկէն քանի մը վա՜րդ…
Ու թերթիկներն այդ շուշան ճակտիս վրան թափեցէ՜ք…
Գլխուս վրա՜ն, մազերո՜ւս մէջ, սրտիս վրան սրսկեցէ՜ք
Ա՜հ, կարծես թէ հրեշտակի փետուրներ են որ կը թափի՜ն…
Ի՜նչ սրբազան բուրմունք է այս, արքայութեան հոտը կ՚առնեմ.
Սրսկեցէ՜ք, սրսկեցէ՜ք, ա՛լ պատանքի պէտք չունիմ…։
Սրսկեցէ՜ք, ես իր հոգին ու հասակը յստակութեամբ կը տեսնեմ…
Ահաւասիկ առջեւս է, զիս չե՞ս ճանչնար, մօտեցի՛ր, իմ սիրեցեալ զաւա՛կս,
Ես քու հա՜յրդ եմ, բազուկներուս մէջը նետուէ՛, բերանդ ինձ մօտեցո՛ւր,
Քու ծարաւէդ ծերացեր եմ, ես քու հայրդ եմ մահաջերմէս դողդոջուն…
Ա՜հ, այդ վարդերէն սրսկեցէ՛ք, ի՜նչ երջանիկ երազ էր այս,
Շունչս որչափ կարճ է այսօր, բայց ո՞վ կրնայ մրրկին մէջը շնչել…
Կռունկները կռնչելով, ի՜նչպէս անցան հովերուն հետ,
Մեր երդիքին վրայէն ի՜նչպէս անցան, առանց խապրի՜կ մը բերելու,
Բայց ես գիտեմ, որ կարաւանն այս իրիկուն կը հասնի…
Երազիս մէջ ես տեսայ, իր մետաքսէ վարշամակը գլխուն էր,
Ձեր բոլորին համար ընծաներու երկու բեռներ,
Ու կարմիր ձին հանդարտութեամբ սպիտակին կը հետեւէր…։
Ա՜հ, սա՛ պատուհանը բացէ՛ք, սա՛ փեղկերը ե՛տ շրջեցէք,
Լուսաղբիւրի ճանապարհէն ահաւասիկ կարաւանը կ՚երկարի…
Ջորիներուն բոժոժին ձայնը կ՚իմանամ… սա՛ փեղկերը նորէն բացէ՛ք…
Ինչո՞ւ կու լաք, շունչս սկսաւ սպառիլ։ Մրրի՜կ կայ, մրրի՜կ…
Բոլոր ծառերն սկսան, կմախքի պէս, մէկզմէկու դէմ փշրուի՜լ…
Ոտքի ելէ՛ք բոլորդ մէկ, ոտքի ելէ՛ք, դիմաւորել չէ՞ք երթար…
Կարաւանը մօտեցեր է։ Ինչո՞ւ անշարժ նստեր էք,
«Օգնութի՜ւն մեզ, օգնութի՜ւն մեզ, օգնութի՜ւն մեզ» կ՚աղաղակեն…
Եթէ դիակս ալ ըլլայ, չորսերնիդ մէկ, ձեր ուսերուն վրան առած,
Եթե դիակս ալ ըլլայ, պէտք է որդիս, այս իրիկուն, աչքերս բա՜ց դիմաւորեմ…
Внимание! Это не конец книги.
Если начало книги вам понравилось, то полную версию можно приобрести у нашего партнёра - распространителя легального контента. Поддержите автора!Правообладателям!
Данное произведение размещено по согласованию с ООО "ЛитРес" (20% исходного текста). Если размещение книги нарушает чьи-либо права, то сообщите об этом.Читателям!
Оплатили, но не знаете что делать дальше?