Электронная библиотека » Ծերենց » » онлайн чтение - страница 4

Текст книги "Թէոդորոս Ռշտունի"


  • Текст добавлен: 27 июня 2017, 03:02


Автор книги: Ծերենց


Жанр: Литература 19 века, Классика


Возрастные ограничения: +12

сообщить о неприемлемом содержимом

Текущая страница: 4 (всего у книги 15 страниц) [доступный отрывок для чтения: 5 страниц]

Шрифт:
- 100% +

Եթէ թագաւորութիւն կամ նախարարութիւն կարէնային զօրաւոր կառավարութեան մը ձեւ առնուլ եկեղեցական իշխանութեան պէս, այն ժամանակ անիշխանութեան վտանգեն ազատ կը լինէր Հայաստան եւ կրնար ակնածելի լինիլ իր զօրաւոր դրացեաց: Բայց դժբախտաբար երբեք նախարարութիւնը այդ չէր խորհած, եւ որ շատ կարեւոր ու գործադրելի էր այս միջոց ժամանակիս մէջ, արուն պատմութիւնը կը գրենք:

Եւ Թէոդորոս Ռշտունի կը մտածէր, այդ մարդը որ «մորմոքեալ ընդ կորուստ աշխարհին», Յունաց յիմար Սպարապետին ամբարտաւան անհոգութիւնը չէր կրցեր շարժէլ եւ իր յորդորներով ոչ օգուտ այլ նախատինք քաղէր էր: Հիմա որ ականատես էր` ինչ որ արդէն գուշակէր էր, աւերմունք հրայրեացք` կոծ ու լաց կը տեսնէր եւ կը լսէր, եւ ինչ դարման որ կարելի էր, կ'ընէր, եւ այնպէս կը շարունակէր իր ճամփան անցնելով Գողթան, Նախջեւան, Կոգովիտ, ուր դառն հայեցուածք մը ձզեց Վարդանաբերդի վրայ. կ'երթար Տայոց գաւառը թիկնապահաց վքոքրիկ խումբով մը եւ կ'իջնէր ի Թաւուսկերտ աւան, ուր հին ապարանքն էին Տայոց Բագրատունի իշխանաց, եւ ուր կը բնակէր միայնակ նոյն ժամանակներ Համասպրուհի տիկին, մայր Վարազտիրոցի, կին Սմբատ Մարզպանին Հայոց եւ Վրկանաց, որուն քաջութեանց համբաւը հռչակեալ էր բոլոր արեւելք եւ որ այնչափ սիրելի եղած էր Պարսից թագաւորին իւր հաւատարմութեամբ եւ որուն յիշատակը կը պատուէր Թէոդորոս Ռշտունի իւր հայր եւ վարժիչ պատերազմական արհեստից անուանելով: Մանաւանդ որ սերտ բարեկամութեամբ կապուած էր Վարազտիրոց Ասպետի` նորա որդուոյն հետ, որ նոյն ժամանակները Արշիպեղագոսի մէկ կղզին աքսորեալ էր ընտանեօք Հերակլ կայսրէ:

ԳԼՈՒԽ Է

Ժամանակն արդէն ձմեռնային` ցուրտը սաստիկ էր այն տարի Հայաստանի բարձր գաւառներուն մէջ: Եւ այդ Թաւուսկերտի պալատին մէջ, ուր պառաւ Տիկին մը քաշուած կը բնակէր, որ շատ փառք, մեծութիւն, պատիւ տեսած էր իւր էրկանը կենդանութեան եւ որդուոյն առաջի տարիները, եւ որ այն օրերը կը յիշէր, երբ արքայից արքային ընծաներն ու նուիրակները իրարու կը յաջորդէին, յաղթութեանց աւետաբեր սուրհանդակները շարունակ իւր դուռը կը բախէին եւ Պարսկաստան ու Հայաստան

Բազմայաղթ անունը Բագրատունեաց իշխանին կ'ուտային. իսկ հիմա ինք Տիկինը մոռցուած, բարձիթողի եղած, այդ հայոց կանանց առաջինը երբեմն պատուոյ եւ հարստութեան մէջ, կը նստեր տխուր ձմեռուան պէս, եւ կը համրէր օրերը, որ լուր չէր առած իւր սիրական եւ անդրանիկ որդուոյն:

Թէպէտ մահ եւ աքսոր տխրութիւն բերէր էին այդ պալատը, եւ Տիկինը սգաւոր` բայց սպասաւորաց, աղախնայց եւ թիկնապահաց թիւն ու հանդերձանքը գրեթէ չէր նուազեալ: Երկրին կառավարութիւնը թէպէտ Սարգիս` բնիկ Տայեցի իշխանի մը ձեռքն էր, բայց ոչ երբեք առանց Բագրատունի Տիկնոջ խորհուրղին բան մը կը կատարուէր, վասնզի այս Սարգիս այն քաջերեն էր, որ Սմբատ Մարզպանի բախտին եւ դրօշակին հետեւելով` փառաց եւ մեծութեանց տէր եղած էին:

Երբ այսպէս Տիկինը տխուր եւ միայնակ նստած էր, իմացուցին իրեն թէ Սարգիս իշխանը կը խնդրէր զինք տեսնել, եւ թէ հետը երիտասարդ մ՚էլ կար: Եւ Սարգիս մտնելով խորին յարգանօք ողջունելեն վերջ Տիկինը` ներկայացտւց Ներսէս Սպան, որ նոր կը դառնար Յունաստանէ եւ որ նամակ ունէր Վարազտիրոց Ասպետն առ Տիկինն եւ առ Թէոդորոս Ռշտունի:

Բագրատունի Տիկինը առաւ իւր որղուոյն նամակը եւ շտապաւ կ'արդալեն վերջ երկրորդեց եւ երրորդեց իր ընթերցմունքը, վասնզի շատ համառօտ էր եւ դառնալով զօրականին`

– Կը տեսնես, որդեակ, – ըսաւ, – իմ զաւկիս նամակը շատ համառօտ է. քեզմէ պէտք է տեղեկութիւն առնեմ, ինչպէս ինք կը գրէ. ինչպէ՞ս տեսար զինք, լաւ՞ է, առո՞ղջ է, ինչպիսի՞ կղզի է այս աքսորանաց կզզին. միթէ՞ ազատելու յոյս չի կա…

– Առողջութիւնը լաւ վիճակի մէջ է, վասնզի ույդ կղզին շատ գեղեցիկ է` օդն առողջ, նարնջի եւ լիմոնի ծառերով զարդարուած, թէպէտ խիստ պահպանութեամբ կը հսկեն, որ չի փախչի. ընտանիքն էլ բոլորը լաւ են: Իսկ ազատելու յոյս չլինիլ կարելի չէ, ինչպէս յայտնի է, կայսրը իրեն խոստացել է երդմամբ ազատութիւն, բայց պալատին մէջ կան թշնամիք, որ կը ջանան յետաձգել այդ խոստմունքը, ինչպէս ես կրցայ իմանալ:

– Կրնա՞նք իմանալ ինչպիսի անձինք են, որ քեզ այդ տեղեկութիւնք տուին:

– Այո, իշխանուհի, Թէոդոս զօրավար Երիզացի, որ ձեր որդուոյն Ասպետին շատ բարեկամ կ'երէի, նա ինձ հրամայեց գաղտնի երթալ եւ տեսնել եւ լուր բերել իշխանին համար: Կայսրը առջի մարդը չէ բոլորովին փոխուած` քանի որ տարիքը կառնու, կը թուլանայ, Մարտինէ կայսրուհին է, որ կը կառավարէ երկիրը, եւ դժբախտաբար այդ կինը չէ, որ գիտէ լաւ կառավարել, այլ խելքը, միտքը թագաժառանգին տեղ իւր որդին անցնելու լինելով, իւր ձեռնասուններն առաջ կը քշէ, եւ այսպէս ամէն կարգ, կանոն տակնոււյրայ եղած է:

Նոյն միջոցին սպասաւոր մը ներս մտաւ իմացնելու թէ Թէոդորոս Ռշտունին հասաւ. եւ երբ եկաւ զօրավարը` մեծ յարգանօք ողջունեց Տիկինը եւ ներկա անձինքը, ահա հանեց Ներսէս երկու նամակները Ասպետին եւ Երիզացի Թէոդորոսի կողմանէ: Մեծ ուշադրութեամբ կարդաց իշխանր, եւ կարելի չէր իմանալ իր երեսեն նոցայ պարունակութիւնը, մինչեւ Տիկինը չի կարէնալով համբերել, հարցուց.

– Այդ նամակներէն կրնա՞ս մեզի տեղեկութիւն տալ, իշխան, թէ որդիս Ասպետը, ի՞նձ պիտի դառնայ:

– Ո՞ւր էր թէ այդ ձեր փափագը, իշխանուհի, որ իմ նաեւ մեծ փափագս է, կատարուէր, վասնզի Ասպետին Հայաստան դառնալը, աս միջոցին մեզի կեանք կրնայ տալ. դուք հոս Հայաստանի մէկ ծայրը չէք գիտէր թէ ի՛նչ սոսկալի արշաւանք կրեց եւ ի՛նչ վիճակի մէջ է աշխարհքիս արեւելեան կողմը…

Եւ սկսաւ պատմել Նախջեւանի, Գողթան, Կ'ոգովտի գաւառաց անցքերը: Եւ ասոնք ամէնքը յիշելեն վերջ` դառնալով Ներսէսի`

– Ահա ասոնք ամէնքը յունացդ քաջութիւններուն արդիւնքն են, – ըսաւ:

– Խնդրեմ, իշխան, զիս յունաց ստացուածք մ՚ընէր, վասնզի ես իրենց ծառայութեան մէջ մտած լինելովս, իմ հայութիւնս երբեք ուրացեալ չեմ, հոգով, սրտով հայ մնացած եմ եւ պիտի մնամ: ուրիշ բան է` եթէ իրենց երկրին մէջ գտնուելով` իրենց լեզուին եւ գիտութեանց տեղեկութիւն առէր եմ եւ այդ բանին համար կարծեմ թէ գէշ բան մը ըրած չեմ:

– Եթէ այդ գիտութիւնքը քու ազգիդ օգտին ծառայեցնելու միտք ունիս` աստուած քեզ օրհնէ. մենք իրենց ուսմանց թշնամի չենք, բայց շատ ու շատ վարձ տուին մեզ իրենց վատութեան պատերազմի մէջ, եւ իրենց քաջութեան ժամանակ շատ վատ բան ըրին, երբ կրօնական խառնակութեամբք Հայաստանի ամէն տուն խռովեցին:

Եւ այս խօսքերը զրուցելուն Թէոդորոսի աչքերը սոսկալի փայլ մը առին եւ դառնալով Բագրատունի իշխանուհուոյն`

– Այդ Քրիստափորը, որ ամէն հայոց նախարարք միաբանեցան, վար առին կաթողիկոսական աթոռեն, իբրեւ անդուռն բերան, իբրեւ զրպարտիչ, իբրեւ չարալեզու, սուրբ մ՚էր, իսկ մենք յիրաւի արժանի պատիժը կրեցինք եւ կը կրենք այսօր կաթողիկոս մը ունենալով, որ երկիւղին եւ տգիտութեան կը զոհէ մինչեւ իր Լուսաւորիչը: Ասպետը, Տիկին, այս մարդն աթոռը գրաւ, ինք աքսոր գնաց, եւ ես մինակ մնացի ամէն Հայաստանի մէջ` ուր եթէ քանի մը սիրտ ու գութ ունեցող մարդիկ գտնուէին, այս խեղճ հայրենիքը կարելի կը կենդանացնել: Թշուառութիւն ամէն կողմեն կը տեղա, արաբացիք` աստուածային նոր պատուհաս` փոթորկի պէս զարկին` անցան գնացին. յոյնք վատ եւ ամբարտաւան իբրեւ ջախջախ եղէգ խորտակեցան. հիւսիսականաց կատաղութիւնն սանձելու համար հազիւ կը բաւեն Վիրք, Աղուանք եւ Սիւնիք, Արծրունիք եւ Անձեւացիք շփոթած հազիւ կը խոստանան երբեմն արեւելեան կողմը պաշտպանել, Մամիկոնեանք Մուշեղ եւ Համազասպ տարտամ պատասխաններ կ'ուղարկեն իմ հրաւիրանցս, իսկ Մոկացուոց նախարարն Արդուկ յայտնի համարձակ անամօթութեամբ առաջնորդ եղեր է արաբաց: Դուրսեն թշնամիք, աւարառութիւնդ, հուր, սուր, կործանմունք, ներսեն անհոգութիւն, թուլութիւն, հարստահարութիւն եւ մատնութիւն… ո՜ւմ դիմես եւ ուստի՜ յուսաս օգնութիւն: Աստուա՜ծ, կ'ըսեմ ես ինքնիրենս. բայց Քրիստոսի փոխանորդը` Հայոց կաթողիկոսը կը տեսնեմ թէ կայսրեն կը վախէ, իւր ժողովուրդեն կը վախէ. աթոռը թողած` Կարնոյ պարիսպներէն չհամարձակիր ելնելու. իմ հրաւէրներուս իւր ծերութիւնը` հիւանդութիւնը ցոյց տալով կը պատասխանէ: Ահա վիճակը, իսկ դարմանը ուրտե՞ղ… չեմ տեսնէր:

Այս խօսքերուն տխուր եւ երկար լռութիւն յաջորդեց. Թէոդորոս կը մտածէր, դառնութիւն երեսին վրայ էր նկարուած: Սարգիս իշխանը ծեր զինուոր իբր յանցաւոր դիմացը կը նայէր: Ներսէս նոր հայրենիք դարձած` լսածներուն վրայ կը խորհրդածէր երբ Համասպրուհի տիկինը գլուխը վեր առնելով`

– Իշխան, – ըսաւ, – միթէ՞ Պարսից պետութիւնը բոլորովի՞ն ինկաւ, միթէ՞ նա բան մը չէ կարող ընել այս վիճակին:

– Ի՞նչ կ'ըսէք, Տիկին, այն ժամանակները, երբ մենք դեռ պատանի էինք եւ դուք երիտասարդ, արքայից արքայ մը կը յիշէք, որ Տիզբոն կը նստեր, որուն հրամանները աշխարհք կը սարսեցնէին, եւ սմբատ Բագրատունի մարզպան մը կար, որ շատ թագաւորներէ բարձր էր, – այդ բաներն երազի պէս անցան: Արքայից արքային Խոսրովու թոռը ո՜յ գիտէ փախստական կը թափառի թէ` մեռած կորած է աշխարհքիս մէկ անծանօթ կողմը, մէկը չգիտէր, այդ փառաւոր մայրաքաղաքը` Տիզբոն, որուն դուք ականատես` ոսկեղէն պալատները կը յիշէք, այդ մերկ, ողորմելի արաբաց աւար եղաւ, եւ հրոյն ճարակ կործանեցաւ, եւ անապատ դարձաւ. այդ անհամար բանակները եւ ահագին Սասանեանց զօրութիւնը ոչինչ դարձան` հալածեցան եւ ցրուեցան:

– Միթէ՞ այս արաբացիք անյաղթելի էակներ են, եւ կարելի չէ դոցայ դիմադրել, պէտք է թողուլ, որ Հայաստան սոցայ ոտից տակ ընկնի եւ ոչնչանայ:

– Ես թէ այդ կ'արծիքեն լինէի` հիմա այսպէս չէի դառնանար, բայց փորձեցի` տեսայ իրենց զօրութիւնը` եթէ այս ստնակոխ եւ ընկճեալ Հայաստան հիմա գլուխը վերցնէ` կանգնի միաբան եւ միասիրտ, իմ արեւը՜ վկայ, որ օտարի հետք անգամ չի մնար այս երկրիս մէջ:

– Բայց այդ արաբացիք, զօրավար, – ըսաւ Ներսէս ակնածութեամբ, – յունաց մեծ եւ ահագին բանակները խորտակեցին ոչ միայն հոս Կոգովիտ, ինչպէս կը լսեմ, այլ Ասորիք, Եգիպտոս եւ Պարսից տէրութեան այդ անակնունելի հարուածը տուին: Հայաստան ինչպէ՞ս այդ ասպատակաց հարուածներուն կրնայ դիմանալ. ես գոռ պատերազմողներ տեսայ, որ սոսկմամբ կը խոսէին նոցայ կատաղի քաշութեան վրայ:

– Ես իրենց քաջութիւնը չեմ ուրանար, բայց չեմ կրնար նաեւ մոռնալ, որ դեռ երէկ երկու հազարով նոցայ կրկնապատիկ զօրութիւնը խորտակեցի աստուծով: Եթէ այդ Պրոկոպիոս իմ ուզած մարդս լինէր, այդ Կոգովիտ մտնողներէն մէկ հատ` այո, մէկ հատ մը միայն չէր ապրէր: Բայց երբ վատութիւն եւ ամբարտաւանութիւն կը միանան զօրավարի մը սրտին մէջ յիմարութիւն է յաղթութեան սպասել: Ի՜նչ կընէ, մանաւանդ թէ ի՞նչ ըրաւ Հերակլ, ո՜ւմ կը սպասէր նստած իւր թագաւոր եալ քաղաքին մէջ, մի թէ առաջի օրէն պէտք չէ՞ր, որ արթննար թմրութենեն. ո՛չ, այն քաջը չէ, որ մենք տեսանք երբեմն այս Հայաստանի մէջ, երբ կը յարձակէր պարսից վրայ, եւ նոցայ բանակներն կը խորտակէր: Ո՛չ, այլ նստած անիմանալի կրօնական վէճերու մէջ կը մտնէ, ինչպէս երբեմն մեզի նաեւ օրինակը տուաւ Կարին: Զարմանք չէ, որ ինք կայսր` եւ զինուոր երբ պատերազմէ կը փախչի, յաղթութիւնն էլ իրմէ կը փախչի: Փոխանակ կենաց փայտը մէկ ձեռքը եւ սուրը միւսին առնելով պատերազմելու անհաւատից դէմ, սուրբ խաչը առէր Կոստանդնոլպոլիս փախեր է, եւ ս. քաղաքը Երուսաղէմ մահմեդականաց ձեռք է մատնուէր:

Այս խօսքերը երբ կ'ըսէր Թէոդորոս` դարձեալ աչքերը կրակի պէս կը փայլէին, եւ Երուսաղէմի ընկնիլը լսելով` ամէնը սոսկմամբ իրարու կը նայէին, եւ Ներսէս աւելի շփոթած`

– Բայց միթէ՞ այդ լուրն ստոյգ է, – հարցուց, – վասնզի ես երբ Կոստանդնուպոլիս թողի, Եւրոպա եւ Ասիա սաստիկ զօրաժողով կը լինէր եւ կայսրը անձամբ գնացեր էր Ասորիք:

– Կայսրը գնացեր էր Անտիոք, աստուածաբանութիւն ընելու է զբաղէր, իր զօրքերը պատերազմէր են եւ յաղթուէր, եւ արաբացիք Երուսաղէմի տէրեր եւ բոլոր Ասորիք արեան ծով են դարձուցեր: Ահա ինչ որ Կեսարիայի մասնաւոր սուրհանդակաւ նամակ մը կիմացնէ: Քու ինձ Թէոդորոս Երիզացիէ բերածդ չորս ամսուան նամակ է:

– Այո, մենք ծովուն վրայ հակառակ քամիներով շատ ուշացանք մինչեւ Տրապիզոն:

Բագրատունի պառաւ Տիկինը` այս վերջի խօսքերուն խոր լռութիւն մը կը պահէր անշարժ արձանի պէս: Եւ երբ ամէնքն էլ լռեցին, վառարանին ճարճատիւնը միայն կը լսուէր եւ ձիւնախառն փոթորկին ձայնը: Սարգիս իշխանը, որ մինչեւ վերջ բերանը չէր բացէր, ոտք ելաւ հրաժարականը տալու. Ներսէս նորա օրինակին հետեւեցաւ:

– Սարգիս իշխան, – ըսաւ Տիկինը, – եթէ այս երեկոյ ընթրիքը մեզ հետ միատեղ ընէք ձեր սպային հետ, մեզ շատ գոհ կ'ընէք:

Սարգիս ընդունեցաւ խոնարհաբար Տիկնոջ հրաւէրքը, եւ Տիկինն ու Թէոդորոս մինակ մնացին: Համասպրուհի ոտք ելաւ, եւ թէպէտ եօթանասունն անցեալ եւ գեղեցկութիւնը խամը եալ, բայց վսեմութիւն միշտ կար իւր կերպարանաց եւ քայլուածքին վրայ: Գնաց դէպի դուռը, նիգը գրաւ, եւ փոքրիկ բանալի մը հանելով` ատաղձեալ պատին մէկ կողմը խրեց, եւ անյայտ դուռ մը բացուեցաւ:

– Որդեակ Թէոդորոս, – ըսաւ, – դու դիտես թէ ես ոչ միայն իբրեւ զաւակ զքեզ կը սիրեմ, այլ նաեւ քու վրադ մեծ համարմունք ունիմ. այս դուռր գաղտնիք մ՚է, որ միայն Վարազտիրոց իմ անդրանիկս գիտէ. եւ հիմա ահա քեզի նաեւ կը յայտնեմ. եւ ոչ միայն գիտնալուդ համար բացի առջեւդ, այլեւ անոր համար, որ Բագրատունեաց գանձատունը Թէոդորոս Ռշտունուոյ առաջ բաց է, երբ ազգին պիտոյքը պահանջէ եւ ինչչա՛փ ուզէ լիաձեռն առնու եւ գործածէ: ուստի արի եկ, որ տեսնես: – Երբ Թէոդորոս մօտեցաւ, տեսաւ փոքրիկ սենեակ մը լեցուն դրամոց քսակներ իրարու վրայ դիզուած. իսկ պառաւը նոյն սենեկին մէջ գաղտնի դուռ մ՚էլ բացաւ, որ ընդարձակ սենեակ մը կը հանէր եւ որ յիրաւի արքայական գանձատուն համարիլ կարելի էր: Հազարներով լիտր ոսկի, ձոյլ-ձոյլ դրուած էր գետինը. ազնիւ փայտերէ գզրոցնէր, որ անտարակոյս գոհարեղէն կը պարունակէին, ոսկի եւ արծաթ գահոյքներ, արգարտահեռ վարսակալներ, զարմանալի եւ անգին ոսկէ զարդ զէնքեր դարերէ ի վեր դիզեալ եւ հաւաթեալ աչք եւ միտք կը շլացնէին: Թէպէտ Բագրատունեաց խնայութիւնը հռչակեալ էր ի Հայաստան, բայց Թէոդորոս չէր կարծէր եւ չէր կրնար հաւտալ եթէ աչօք չի տեսնէր այնչափ հարստութիւն: Իսկ պառաւը`

– Առանց դրամի բան առաջ չէրթար, որդեակ Թէոդորոս, – ըսաւ, – դու այսօր ազգին միմիայն յոյսն ես, առանց շողոքորթութեան կրնամ զրուցել թէ Ասպետը` որդիս նաեւ եթէ հոս լինէր իրմէ աւելի քու վրադ վստահութիւն ունիմ, ինչպէս գիտեմ թէ նոյնպէս Հայաստան քու վրադ միայն կրնայ այսօր յոյս դնել աստուծմէ վերջը. եթէ ազգը պիտի կորչի, թո՛ղ Բագրատունիք եւ իրենց գանձերն ալ կորչին: Դարձեալ կը կրկնեմ, ինչ որ պէտք ունենաս ազգին համար այս գանձատունը քեզի բաց է, աւելորդ է քեզի յանձնել թէ որդիս դարձնելու համար աքսորէ պէտք եղած ծախքը չես խնայէր: Ա՛ռ, ուզէ ինչչա՛փ որ յարկ կը համարիս:

Թէոդորոս քիչ մը մտածելեն վերջ ծանրութեամբ այս պատասխանը տուաւ.

– Իշխանուհի, ես միշտ յարգէր եմ զքեզ ինչպէս գիտէք, Բագրատունեաց Տէրը` ձեր այրը, մեր հայրը եւ մեր զօրավարն էր: Պատերազմի արհեստին մէջ ոչ միայն ես` այլ գրեթէ հայոց ամէն նախարարք իւր ձեռասունն եղած են. իւր գերազանցութիւնն ոչ ոք կրնար ժխտել, հիմա եթէ ինք ողջ լինէր, Հայաստան կը հանզչեր աներկբայ: Վասնզի իր ձայնին անհնազանդ լինիլ մէկը չէր յանդգնէր: Դուք, Բագրատունեաց Տիկին, իմացէք ձեր այս առաջարկութեամբ` ինչպէս միշտ յայտնի ըրած էք` թէ նորա ոգին ի ձեզ կենդանի է. երբ ազգը պէտք ունենա, կը դիմեմ ձեզ, ապահով եղիք. հիմիկուհիմայ կրնաք Սարգսի հրամայել, որ հազար հոգուոյ ընտիր խումբ մը կազմէ եւ պէտք եղած ժամանակը ինք անձամբ առաջնորդելով, հոն բերէ ուր ես հրամայեմ: Գարնան հաւանական թէ պէտք ունենանք ընտիր խումբի մը. ո՜յ գիտէ, բախտը ի՞նչ կը պահէ մեզի:

– Բայց, – ըսաւ Տիկինը, – դու որ այդ աւերակաց եւ թշուառներուն այց ըրիր Գողթն, Նախջեւան եւ Կոգովիտ, ես զքեզ կը ճանչեմ, անշուշտ այդ խեղճերուն տուիր ինչ ունէիր, եւ հիմա ստակի պէտք ունիս Ռշտունեաց երկիրը հեռու է. ուստի կարեւոր պիտույից համար հարկաւոր եղածը առնունք եւ այնպէս դռները գոցենք:

Եւ ինչպէս ըսաւ այնպէս էլ ըրաւ: Թէոդորոս կանչելով իր գանձապետը յանձնեց թանի մը քսակ ոսկուոյ: Եւ երբ միայն մնացին այն ատեն սկսաւ իշխանը Տիկնոջ յայտնել իր մտքերը Հայաստանի եւ Ասպետին փրկութեան համար, վասնզի նորա ներկայութիւնը անհրաժեշտ կը համարէր այն մեծ գործին:

ԳԼՈՒԽ Ը

Կան աշխարհքիս մէջ մեծասիրտ մարդիկ, որ Դիոգինէսի` կամ անապատ ականներ ու եւ կամ տեսակ մը փիլիսոփաներու պէս կ'արհամարհեն հարստութիւն եւ շատ անգամ խստութեամբ կը դատեն հարուստները եւ նոցայ հարստութեան միջոցները, բայց փորձը յայտնի կը ցցնէ, որ շատ քիչեր կը գտնուին, որ իրենց սրտին ճշմարիտ համոզմունքը կը խոստովանին, վասնզի արդար կամ անիրաւ շահն նաեւ ձեռք բերելու եւ պահելու համար բնական յարմարութիւն եւ պարագայից օգնութեան պէտք է: Շատ անգամ դիտողութեան արժանի է, որ չքաւորութենէ հարստութեան ելած մարդիկ ոչ միայն իրենց կենցաղավարութիւնը կը փոխեն, այլեւ իրենց լեզուն. արհամարհ ոսկին կ'անցնի իր արժանավայել աթոռը, ուր մարդկութիւնը զինք ամուր եւ անշարժ զետեղէր է. վասնզի առանց անոր ոչինչ մեծ գործ կարելի չէ առաջ տանիլ:

Սպարտա այն օրը, որ Յունաստանի տէր լինիլ մտքին մէջ հաստատեց, իւր երկաթի դրամը թողուց եւ ոսկին ձեռք առաւ:

Թէոդորոս բարձր եւ ազնիւ սրտով այն մարդոցմէ էր, որ ոսկին չեն պաշտէր, բայց անոր կարեւորութիւնը մեծ գործ մը առաջ տանելու համար լաւ կը ճանաչեն, ուստի Բագրատունի Տիկնոջ գանձին օգնութիւնը իր սրտին յոյս բերաւ, եւ երբ սեղան նստան ամէնքը նշմարեցին, որ իւր ճակտին կնճիռները բաւական պարզուած էին, եւ այդ մարդը աւելի քաղցր ու զուարթ կը խոսէր:

Ներսէս Տայոց գաւառի Իշխան գիւղեն էր, գրեթէ քառասնամեայ, վայելուչ, սիրուն կերպարանոք էր. ազատ եւ չքաւոր ծնողաց զաւակ, զինուորութեան հետեւելով, սրամիտ եւ ուսումնասէր ի փոքր հասակեն, մայրենի լեզուին հետ յունարէն նաեւ սովրելով, Հայաստանի զանազան գաւառները շրջելեն վերջ, թողած էր հայրենի տունն ու երկիրը, գնացեր էր Յունաստան, Անտիոք, Աղեքսանդրիա եւ Կոստանդնուպոլիս զինուորական աստիճաններու մէջ բաւական յառաջայ դիմութիւն ունեցեր էր, ոչ զինուորական քաջութեանց համար` այլ աստուածաբանական վիճաբանութեանց մէջ բաւական հմտութիւն ցցնելուն: Վասնզի ո՞վ էր մարդ այն ատեն, որ գիտուն կամ տգէտ այն անսահման եւ անիմանալի գիտութեան անտեղեակ լինէր. արքայական գահույից բարձրութեան վրայ նստեալ կայսրը ոսկի գաւազան ի ձեռին աստուածածին բնութեան քննութեան կը պարապէր լրջաբար, լրջաբար նոյնպէս խոհակերը ջնջոց եւ դրգալ ձեռին, նոյն նիւթերուն վրայ կը խորհրդածէր, մին իւր տէրութեան կառավարութիւնը կը մոռնար` միւսը` իւր կերակուրին վիճակը:

Ռշտունեաց տէրը, որ յունաց սովորութեանց լաւ տեղեակ էր` անրնդհատ յարաբերութիւն ունենալով այս ազգին հետ, որ գրեթէ Պարսից տէրութեան անիշխանութեան եւ տկարանալեն վերջ Հայաստանի տէր ինքզինք կը համարէր, ամէն տեսակ տեղեկութիւն կը հարցնէր, կը փնտրեր այդ յունական սպային, որ իւր Հարցմանը խելօք եւ գոհացուցիչ կը պատասխանէր, եւ որ մեծն է տխուր համեստութեամբ զարմացուց զթէոդորոս, մինչեւ որ իւր սովորական զգոյշ ծանրութենեն ելնելով, հարցուց.

– Այս ամէն իմ հարցմանց կը տեսնեմ, որ շատ հմտութեամբ կը պատասխանես, բայց խնդիր մը միայն կը մնա պարզել, ընդհանուր քու վրայ տխրութիւն մը կը տեսնեմ, միթէ կարելի չէ իմանալ թէ ինչի հետեւանք է այդ:

– Ժամանակիս դառնութեան վիճակը, իշխան, ամէն անհատի վրայ իւր ազդեցութիւնն ըրած է կերպով մը. ես էլ բնական թէ իմ բաժինս պէտք էր ունենայի` եւ ունեցայ այս ունայնութեան աշխարհիս վրայ, եւ կը գտնեմ, որ շատ ապրեցայ, զարմանք չէ, որ ուրախ չեմ:

– Քառասունը հազիւ անցած այս լեզուն գործածելու եւ այս սրտի տխրութեան համակելու համար պէտք է որ մարդու մը շատ յոյսերն դերեւ ելած լինին. ես քու գաղտնեաց հետաքրքիր լինելու փափագ չունիմ, բայց խորհուրդ կ'ուտամ, որ ոեւիցէ՛ դժբախտութեան եւ բախտին հակառակութեան առջեւ մարդ եթէ մարդ է կորով ունենա եւ չընկճի մինչեւ իւր շունչի վերջի վայրկեանը: Դու դեռ երիտասարդ` պատերազմի դաշտի վրայ զէնքերու մէջ փորձ առած, ինչպէ՞ս կը համարձակիս այս ծեր զօրավարին առջեւ (ցցնելով զսարզիս Տայեցի), որ Սմբատայ նիզակակից` Հեփթաղայ ահագին մարտից մասնակցէր է, երբ հարիւր հոգուով ի բիւրաւորաց պաշարեալ ոչ օրով, ոչ շաբաթով այլ ամիսներով յուսահատութեան պատերազմը պատերազմէր է, այսպէս խօսիլ: Փոխէ՛ այդ լեզուդ, ո՜վ քաջ, ե՛կ ինձ հետ, տե՛ս որչափ գործ եւ ինչչափ ընդարձակ ասպարէզ կայ առջեւնիս. կամ այն է որ կը կանգնեցնենք այս խեղճ Հայաստան, այս ինկած հայրենիք, կամ իրեն հետ կ'իջնենք գահավէժ… Բայց ոչ, մենք շատ կարելի է, որ իջնենք, բայց նա դեռ կ'ապրի եւ պէտք է ապրի, վասնզի աստուած չի կրնար մեր նախարարաց, իշխանաց, ազատաց յանցանքը տուժել տալ անմեղ ժողովրդեան, որ մեր լուծը կը տանի, որ զմեզկը սնուցանէ, որ մեր պերճութեանց, մեր քմահաճույից, մեր անառակութեանց կը ծառայէ, եւ զօր մենք մեր գոռոզ ամբարտաւանութեան մէջ` անազատ եւ շինական կ'անուանենք արհամարհանոք եւ իր համբերող ուսոց վրայ բեռ բեռան աւելցնել չենք դադարիր անխղճաբար: Այո՛, կ'ուգայ անշուշտ օր մը, օրը ապագայ գարուց ստուերներու մէջ ծածկեալ, այն օրը, ուր մեր նախարարական անունները անհետ, աներեւոյթ լինին Հայաստան աշխարհքի վրայեն եւ ապատն ու անազատ ի մի ձուլեալ բռնութեան մուրճերու հարուածներէն` միաբան եւ միաւսիրտ թօթափեն շղթայները եւ եղբայր զիրար անուանէն:

– Եթէ այդ խօսքերը Ռշտունեաց Տէրը` Հայոց Մարզպանն եւ զօրավար չի զրուցէր` եւ ինձի պէս սովորական ազատ մը համարձակէր` իբրեւ խռովարար ժողովրդեան ամէն իշխան պատմել իրաւունք կը համարէր:

– Ի՜նչ զարմանք, որ ամէն իշխան անիրաւութիւնը օրէնք համարի, երբ Լուսաւորչայ աթոռին հաստատութեան պահապանն նորա հիմունքը կը վարէ: Բայց ո՞ւմ է յանցանքը. դարձեալ եւ միշտ կ'ըսեմ. անաչառ մարդը` Քրիստափոր, անարգեցինք, նորա լեզուն «սուր սուսեր» է րսինք, չարախօսներ, զրպարտիչներ, սուտ վկաներ բերինք եւ աստուծոյ մարդուն կենաց սրբութիւնը աղտեղել ջանացինք. իսկ նա ինչպէս կը վայելէր ճշմարիտ քահանայապետի աստուծոյ, այս միայն ըսաւ. «Իբրեւ յաջորդ Ներսէսի Մեծի այս աթոռին բարձրութիւնը չեմ խոնարհեցնէր անարգանոք. այլ անոր պատիւը եւ միութիւնը պահելու համար իմ կամօքս կը հեռանամ. Քրիստոս հրամայեց զփոշի ոտից թօթափել, ես ահա այս փակեղը կը թողում: Աստուած, որ կը սիրէ իւր հոտը` արժանաւոր հովիւ տա իրեն»: Եւ աստուած, որ չէր կրնար սիրել ապերախտ ժողովուրդ մը, Եզրը տուաւ իրեն կաթողիկռս, որ իւր հոտը հերկուս պատառեց: Բայց թողունք այս խօսքերը. հանգչինք, եւ վաղն առաւօտ երթանք մեր ճամփան, տեսնենք աստուած` ի՞նչ կը ցցնէ:

Ի՞նչ էր Թէոդորոսի միտքը: – Հայաստանի վերա կազմութիւն մը ինք կ'երկնէր: Տեսնելով Պարսից անկումը, Յունաց ինքնակալութեան տկարութիւնն ու թուլութիւնը, կը մտածէր միաբանութեան ուխտ մը հաստատել հայ նախարարութեանց գլխաւորներուն մէջ, միացնելով վրաց եւ աղուանից իշխանները, որով շատ լաւ կարելի էր դիմադրել ամէն օտարաց: Արաբաց այդ սոսկալի նորածին զօրութիւնը փոխանակ զինք վհատեցնելու` իր մեծ հոգուոյն կորովն աւելցուց, եթէ այդ վայրենի ժողովուրդք, որոց անունը, խօսքը չի կար քանի մը տարի առաջ, հիմա իրենց հռչակաւ, իրենց զօրութեամբ, իրենց աշխարհաւարութեամբ կը սպառնային, ոչինչէ ինչ դառնալով, ուրեմն կարելի էր նոցայ օրինակաւ խրախուսվփլ, գոնէ երկրին պաշտպանութիւն մը կազմակերպելու համար:

Կը յիշէր ինք իւր սուր յիշողութեան մէջ երիտասարդութեան այն օրը` որ ցնցոտիներու փաթաթեալ կիսամերկ մուրացկան ողորմելի արաբ մը, արքայից արքային Խոսրովու կը ներկայանար Տիզբոնի ոսկեղէն արքունեաց եւ յաղթական փառաց մէջ, թուղթ մը ի ձեռին Մուհամմեդի առաքելոյն աստուծոյ գրեալ առ Խոսրով` թագաւոր Պարսից, որ հազիւ ակնարկի մը արժանի համարելով` պատռած նետած էր զայն արհամարհանոք: Եւ ո՜յ կ'ըսէր թէ այդ ինքնակալին, որու դուռը ինը հարիւր վաթսուն փիղք, քսան հազար ուղտք, վեց հազար նժոյգ կանգնած կը սպասէին արքունեաց հաճույից եւ փառաց ծառայելու համար, որու վեց հազար թիկնապահք, տասներկու հազար ստրուկք, եւ երեսուն հազար ազատորդիք` պարծանք Ասիական աշխարհաց պահպանութեան կը հսկէին, որու դարբասին գրակոնտիկոն կապոյտ գմբէթը հազարաւոր արծաթեայ սիւներ կ'ամբառնային, ուսկից բլուր ոսկի գնդակներ կախուած երկնից աստղազարդ կամարը երկրիս վրայ կը կերպարանէին եւ ուրիշ անբաւ ճոխութիւնը` պերճանք ոսկեթել կիտուած բեհեզներ` մետաքսեղէններու, ականց, գոհարեղինաց, խնկեղինաց, ո՛վ կրնար հաշիւն ընել, եւ ո՛վ կը գուշակէր, որ այդ ինքնակալին, որոյ նախնեաց դարաւոր համբաւոյ մեծութիւնը եւ այդ հռչակաւոր մայրաքաղաքը հազիւ թէ քսան տարի անցած` իբրեւ փոշի մը ի հողմոյ ոչինչ եւ ի չիք պիտի դառնար, նոյն այդ Մուհամմեդի հետեւողաց եւ յաջորդաց արշաւանաց առջեւ:

«Եթէ աշխարհքիս բախտը այդչափ անկայուն է, որ մէկ կողմէ այդչափ մեծութիւն եւ այդչափ զօրութիւն այսպէս շուտով քանդուին, եւ միւս կողմեն այսչափ նուազութիւն եւ այսչափ տկարութիւն այսպէս շուտով կը կանդնին, ի՜նչ ուրեմն կարգիլէ կենդանացնել այս ժողովուրդը, որ ոտնակոխ կը հեծէ առաջին ամպատակին առաջին յարձակողին դիմաց, վեց-յոթ գլխաւորաց միակամութիւն եւ միաբանութիւն` բաւական են երկաթեայ կորով մը իրեն տալու եւ կանգնեցնելու»:

Այս խորհրդածութեամբք ահա երկրորդ օրը կը թողուր Թաւուսկերտ, կ'ելնէր ճամփայ դէպ հիւսիս, Ռշտունի որավարը իւր հետն առած Ներսէս – սուրհանդակ արձկելով առջեւեն` վրաց իշխանաց փափագ յայտնելով իրենց հետ տեսնուելու: Գուգարաց գաւառը Շամշուլդէ ժամադիր կը լինէր, եւ երբ նոքա իր հրաւէրին պատասխանելով եկան ժողովուեցան` յայտնեց իր խորհուրդը թէ ընդհանուր հասարակաց օգտին համար եկեր էր ինք, եւ թէ միաբանութիւն մը միայն երեք ազգութեանց, որ միեւնոյն աղբիւրէ էին սերեալ` կրնար զամենքը փրկել արաբական պատուհասեն. յայտնի ցոյց կ'ուտար թէ ի՛նչ վիճակի էր հասեալ Բիւզանդական կայսրութիւնը եւ որու վրայ յոյս դնելր ինչչա՛փ անօգուտ էր, եւ զներսէս նոր հասած ի Յունաստանէ վկայ կրներ իւր բանից. եւ այնպէս չուր խօսքերեն համոզուեցան վրաց իշխանք, որ երդմամբ ուխտ եւ դաշինք դրին փոփոխակի օգնութեան հասնիլ, յարձակումը ուստից գայր, եւ ժամադրեալ տեղին գտնուիլ իւրաքանչիւրն իրեն զօրքով եւ կարողութեամբ:

Այսպէս Վրաց այդ դաշանց միաբանելեն վերջ, առանց ձմեռուան ցուրտին ուշ դնելու կ'անցնէր Թէոդորոս Սիւնեաց երկիրը եւ հոն դարձեալ Սիւնեաց եւ Աղուանից նախարարքը ժողուելով, նոյն միաբանութեան դաշինքը կը հաստատէր, գրով եւ երդմամբ ամէնքը կ'ապահովէր, եւ կ'ուգար Վասպուրական իւր համազգի եւ համակամ Արծրունեաց Նահապետին ցոյց կ'ուտար մինչեւ այնօր ինչչափ կրցեր էր յաջողիլ, եւ այնպէս կը դառնար իր Ռշտունեաց Ոստանը հանգչելու պատերազմի եւ տաժանելի ուղեգնացութեանց յոգնութենեն: Իւր հանգիստը նաեւ անխոնջ գործունէութիւն մ՚էր, բերդերը կ'ամրացնէր, Աղթամարայ կղզուոյն ջրային պարիսպը բաւական չի համարելով աշտարակաց ամրութեամբ անառիկ կ'ընէր, գիւղացուոց ապահովութեան համար ի բնէ ամուր տեղուանք հողապատնէշներով կը զօրացնէր եւ համբարանոցնէր կը շինէր. եւ ամէն տեղ անձամբ կը շրջէր աչօք տեսնելու համար թէ իր հրամանները լաւ կը կատարուէի՞ն: Ոստանի մէջ զէնքեր, զրահներ կը շինուէին, Բզնունեաց ծովուն վրայ նաւերու թիւը կ'աւելնար, եւ Ռշտունեաց երկրին երիտասարղք ամէնքը զինավարժութեան կը զբաղէին ազատք եւ անազատք:

Ռշտունեաց Տիկինն Սէթայ, իշխանին առաջին օգնականն էր այս աշխատութեանց մէջ, շատ անգամ կը տեսնուէր, որ էրկանն սկսածը ինք վերակացութիւն կ'ընէր ի գլուխ հանելու համար: Վասնզի Թէոդորոս մեծ մասը ժամանակին երկրեն դուրս անցնելու պարտաւորեալ` միշտ կնոջը կը յանձնէր երկրին կառավարութիւնը: Իսկ զինուորական կառավարութեան գործերը կը կատարէր Ատոմ Շահունի` ծեր զօրավարը, որուն բնաւորութեան խստութեանը մանաւանդ թէ դաժանութեան փորձն առինք նախընթաց գլխոյ մը մէջ: Բայց առանց պատճառի չէր բոլորովին այս դաժանութիւնը, բախտին զանազան եւ բազմադիմի հարուածներ զինք դառնացուցեր էին, ուստի ոչ մէկ տեղ իւր ժպիտը չէր տեսնուէր, եթէ ոչ Ռշտունեաց Ոստանը, եւ այն շնորհքը միմիայն անձի մը համար պահուած էր եւ այն` տասներկու-տասներէք տարեկան Ռշտունեաց Օրիորդն էր: Թէոդորոս իսքը նաեւ, որու վրայ միայն Ատոմ համարմունք եւ յարգանք կը ցցնէր` կարճ եւ համառօտ պատասխան կ'ընդունէր: Իր սպասաւորքը շատ անգամ վարժած էին իմանալ նորա կամքը ակնարկութենէ մը եւ պէտք է նաեւ արդար լինելու համար ըսել թէ ամենակարեւորն միայն կը պահանջէր եւ եթէ ծառայքը դանդաղէին ինք անձամբ իւր պէտքը կը լցնէր: Եօթանասունն անցած` տոկուն եւ անխոնջ պատերազմի մէջ` խիստ էր զօրաց պարտաւորութեանց մասին, որոց կատարման ինք օրինակ կ'ուտար անձամբ: Բայց ինչպէս խիստ էր պատժելու, նոյնպէս ճիշտ էր վարձատրելու: Ուստի զինուորը, որ իրմէ սաստիկ կը վախեր` նոյնչափ էլ կը սիրէր: Քսան տարիէ աւելի էր, որ թողած իւր հայրենի գաւառը` Շահունիք, Բզնունեաց ծովուն եզերքը անառիկ դիրքի մը վրայ դղեակ մը շինած կը բնակէր, երբ պատերազմի ձայն չի կար եւ երկրին մէջ խաղաղութիւն կը տիրէր: Ժամերով նստած ծովեզրը տխուր ալեաց կը նայէր, եւ ոչ ոք չէր համարձակէր զինքն այն վիճակեն արթնցնեւու, հազիւ երբեմն կ'ելնէր պտոյտ մ՚ընելու շրջակայ գիւղեր, ոչ մեծի, ոչ պզտիկի հետ ամենեւին մերձաւորութիւն չընելով: Կիրակիէ կիրակի ու տօնի օրեր կ'երթար մօտակայ Աստուածածնայ փոքրիկ եւ անշուք վանքը միշտ առաջին լինելով մտնողներուն եւ վերջին ելնողներուն: Քանի մը ծեր սպասաւորք միայն կային, որ իւր ծառայութիւնն կ'ընէին, իսկ յիսունի չափ թիկնապահաց խումբը իւր տունեն հեռու ունէին իրենց բնակարանները պարիսպներուն քով, որպէսզի ձայն իրեն չհասնէր: Իւր կահ-կարասիքը պարզ էին եւ սովորական, բայց մաքուր, եթէ շքեղութիւն մը կար` իւր զէնքերուն եւ զրահներուն վրայ կարելի էր նշմարել, եւ իւր քանի մը նժոյգներուն, սրոց երբեմն այցելելու պատիւ կ'ընէր: Եթէ այս միայ յնութենէ յանկարծ ելնէր որ երբեմն երկու-երէք ամիս կը տեւեր, Ռշտունեաց Ոստանը էրթալու համար էր, եւ իւր պատրաստութենեն կ'իմանայ լին սպասաւորք թէ երկրորդ օր ուղեգնացութիւն կար, ու երբ կը տեսնէին ծեր զօրավարը իւր ճանապարհի պարկերը կարգադրած, կ'իմանային թէ առանձնութենէ փորը կը շտացէր է:

Բայց այս անգամ հազիւ թէ Թէոդորոս Ոստան հասաւ, մասնաւոր նամակաւ սուրհանդակ հանեց Ատոմայ, որ գայ զինք տեսնէ, եւ ահա երկրորդ օրն Ատոմ ճամփայ ելաւ գալու հրաւէրին. երբ Թէոդորոս իրեն իմացուց թէ զինուորական կրթութիւն կը փափագէր բոլոր երիտասարդաց համար գաւառին մէջ, եւ իրեն կը յանձնէր այս պաշտօնր, ծեր զօրավարը «լաւ» բառը միայն պատասխանեց եւ գնաց քաշուեցաւ իր սենեակր: Իսկ ուրիշ իշխաններ եւ սպանէր երբ կը հարցնէին Թէոդորոսի թէ` «Այդ պատասխանով գոհ կրնա՞ր լինիլ, որ ըստ իւր փափագանաց պիտի կատարէր Ատոմ այդ գործը». Թէոդորոս պատասախնեց թէ` «Երբ Ատոմ լաւ կ'ըսէր, էլ ոչ ոք իրաւունք չունէր իրմէ հաշիւ պահանջելու, վասնզի իւր սովորութիւնն էր միշտ լաւը գործել»:

Եւ իրօք, քանի մը ժամ ետքը եկաւ Ատոմ եւ թուղթ մը տուաւ Թէոդորոսի, եւ ինք նստաւ անմռունչ, այն թուղթը կը բացատրէր ճշտիւ թէ ինք ինչպէս եւ ինչ եղանակաւ պիտի կարգագրէր այդ զինամարզութիւնը, այնպէս որ ոչ ժողովրդեան մեծ շարժմունքներ ու եւ դժուարութեանց առիթ լինի եւ ոչ իրենց առտնին գործոց վնասակար. եւ միեւնոյն ժամանակ օգտակար իրենց զինուորական կրթութեան: Թէոդորոս շատ շնորհակալութեամբ երբ «կեցցէ՜ս Ատոմ հայրիկ» ըսաւ, ծերուն` չոր երեսին կնճիռները քիչ մը պարզուեցան, որ նշան էր իւր գոհունակութեան: «Վաղը ուրեմն գործի կսկսինք», – ըսաւ եւ ելաւ քանի մը պտոյտ ընելեն վերջ սենեկին մէջ հաջ ու ձախ` հարցուց իշխանին.

– Թենին չիմացաւ՞ իմ գալս, զօրավար:

– Կը ներես, հայրիկ, – ըսաւ Թէոդորոս, – հիմա… եւ դառնալով թիկնապահաց… Տղաք, – զրուցեց, – իմաց տուէք Թենիին թէ Ատոմ հայրիկ եկաւ եւ զինք կուզէ:


Страницы книги >> Предыдущая | 1 2 3 4 5 | Следующая
  • 0 Оценок: 0

Правообладателям!

Данное произведение размещено по согласованию с ООО "ЛитРес" (20% исходного текста). Если размещение книги нарушает чьи-либо права, то сообщите об этом.

Читателям!

Оплатили, но не знаете что делать дальше?


Популярные книги за неделю


Рекомендации