Электронная библиотека » Ծերենց » » онлайн чтение - страница 3

Текст книги "Թորոս Լեւոնի"


  • Текст добавлен: 24 мая 2022, 19:47


Автор книги: Ծերենց


Жанр: История, Наука и Образование


Возрастные ограничения: +12

сообщить о неприемлемом содержимом

Текущая страница: 3 (всего у книги 15 страниц) [доступный отрывок для чтения: 5 страниц]

Шрифт:
- 100% +

ԳԼՈՒԽ Ե ԴԻՈՆԻՍ

Այս փոքրիկ տան անմիջապէս կից տուն մը կար, որու մէկ սենեակը միայն տեսանք մենք` սենեակ կամ մատուռ աղջկան մը սիրոյն, որ գաղտնիք մ՚էր ամէնոմէ համար բացի ծեր Գիոնիսեն, որ աս որբ աղջկան ոչ միայն բժիշկ, այլեւ խնամակալ, խորհրդական, սրտակից վարժապետ եւ հայր եղած էր միանգամայն:

Դիոնիս տկար եւ նիհար մարմնոյ մէջ կորովի սիրայ ունէր եւ մեծահանճար գլուխ մը, ի բաց առեալ իր արհեստը, որ զինք ուսմանց եւ գիտութեանց տարեր էր ի տղայ տիոց, իր զանազան ճամփորդութիւնքը ի Փոքր Ասիա, յարաբիայ, հեգիպտոս եւ հասորեստան իր միտքը ընգարձակեր եւ հարստացուցեր էին, եւ դիտող ու հետաքննին բնութենեն ամէն գաղտնեաց պատճառը փնտրելով, մոռցեր եւ թերեւս արհամարհէր էր սրտի զգացմունքները: Եւ վերջապէս, երբ յոգնած եւ տկարացած երկար եւ բազմամեայ պանդխտութիւններէն Բիւզանդիոն դարձեր էր, իբրեւ թէ յանկարծ աչքերը բացուէր էին տեսնելու եւ իմանալու թէ ժամանակը անցէր էր. ուստի փիլիսոփայաբար որոշէր էր իր միայնութիւնը ուսմամբ մխիթարել, եւ իր արհեստին պատճառաւ Ալեքսիսի` Եւփիմէի հօր հետ վերաբերութիւն ունենալով քիչ-քիչ անոր բարեկամաբար եւ եղբայրաբար կապուեցաւ, անոր ընդարձակ պալատին մէջ իր սենեակները ունեցաւ, եւ առանց զգալու ան մարդը, որ կարծէր թէ ընտանեաց սէր, զաւկի սէր իր սիրտը մուտք պիտի չունենային, իր սիրտը գորովալից գտաւ անոնց ամէնուն համար, որ Ալեքսիսի էին. անոր կինը իր քոյրն էր, անոր որդիքը իր ալ հարազատ զաւկներ եզան, եւ ազատ սիրտ ունեցող կարծեցողն օր մը տեսաւ թէ իր խեղճ սիրտն ալ գերի էր տղոց ճչերուն, խնդալուն, տխրութեանց եւ ուրախութեանց, եւ ինքնաբերաբար քարոզ եւ դաստիարակ եղած էր անոնց բարոյականին, ինչպէս բժիշկ եւ խնամածու էր անոնց կենսականին: Իր աս պարտաւորութիւնննրը կրկնապատկեցան, երբ Ալեքսիս իր մահուան անկողնին մէջ ծեր բարեկամին յանձնէք իր ընտանիքը: Ալ ան օրէն վերջը Դիոնիս տան հայրը եղաւ, եւ տեսանք թէ ինչպէ՛ս ոչ միայն անոնց պիտույից այլ նաեւ անոնց ամէն քմոյշներուն կը ծառայէր, եւ Եւփիմէ իր ազնիւ բնաւորութեամբն ու կարեկից սրտովն բռնաւոր մ՚էր խեղճ ծերուն գլխուն, որ նորա կամաց հակառակիլ չէր գիտէր, եւ անձնասէր ծերութիւնը ժամանակ չէր գտնէր իր բերմանն հետեւելու: Ուստի ինչ որ Եւփիմէ կուզեր, Դիոնիս կը կատարէր. եւ որովհետեւ իր արհեստին եւ ուսմանց համար մեծ համբաւ ունէր եւ ծանր պարագաներու մէջ կը փնտրուէր թէ կայսերական եւ թէ մեծատոհմ ընտանիքներէ եւ ամէնքը զինք կը յարգէին, ուստի կրցեր էր յաջողիլ իւր ազդեցութեամբս ու խնդրանոք զմեր Թորոսն ալ բանտեն ազատել, եւ այդ տան մէջ, որ անյայտ մաս մ՚էր Եւփիմէի պալատին` տեղաւորել:

Այս ընդարձակ բնակարանին նկարագիրն ընել աւելորդ է: Ժամանակին շռայլութիւնը ինչ-որ սովորութիւն ըրած էր զարդարելու համար մեծամեծաց պալատները, ընդարձակ ոսկեձեղուն սրահներ եւ սենեակներ պատկերներով, գորգերով, բազմոցներով հոն աւելիով կը գտնուէին եւ բնական է, որ տարիներով ընդարձակ գաւառի մը կուսակալ իր կողոպուտները մայրաքաղաքին մէջ վայելէ: Ուստի Ալեքսիս Ծերակոյտի անդամ անուանեալ եւ իր քաղցր բնաւորութեան համար կայսեր սիրելի` տանը շքեղութիւնն ու պերճանքը մեծ պարտաւորութիւն կը համարէր, մանաւանդ որ իր հայ թագաւորազն կինը ամէն բանէ աւելի գոհ ընել կուզեր, վասնզի սաստիկ կը սիրէր, եւ նորա մաղձոտ եւ տխուր վայրկեններէն կ'ակնածէր, որ առանց գանգատ մը յայտնելու, հայրենի երկրին յիշատակին` աչքի փայլ մը կ'ունենար, եւ հռանդեամբ` իրաւ շատ քիչ անգամ` իր տղայութեան ձիարշաւները՛ եւ խազերը տարեկից աղջկանց հետ կը յիշէր:

Եւ աս կինը թէպէտ բուն հայրենիքեն վտարանդի, վասնզի իր պապը` Սենեքերիմ, թողէր էր Վասպուրական աշխարհք եւ եկեր էր բնակելու Սեբաստիա, բայց դարձեալ հին հայրենեաց յիշատակներով սնեալ` ինչչափ հեռացել էր, նոյնչափ ալ անոր վրայ սէր ունէր. ուստի իր էրիկը միշտ տխրութեամբ կ'ուտար իրեն հին Հայաստանի ցանցառ նամակները, որ երբեմն-երբեմն իրեն տեղեկութիւն կը բերէին նորա թշուառութեանց:

Ուստի իրեն մխիթարութիւն միայն Կիլիկիոյ Ռուբինեանց յաջողութիւնքն էին, եւ ինչ որ անոնց յառաջադիմութեան համար կը խօսուէր` զինքը գաղտնի ուրախութեամբ կը լեցնէին, եւ Ալեքսիս Թորոսի եւ Լեւոնի քաջագործութեանց լուրերը ինք կը բերէր կատակով եւ միշտ կ'աւելցնէր. «Մեզի համար անհաճոյ, եւ քեզի շատ հաճոյ լուրեր կան դարձեալ»: Իսկ երբ Լեւոն իր զաւակներով գերի բերուեցաւ մեծ քաղաքը, այս կինը սրտի սուգ առաւ եւ կրցած օգնութիւնը ըրաւ եռանդագին, ինչպէս վերը յիշեցինք: Եւ երբ ինքն ալ մեռաւ` Եւփիմէ մնաց միմիայն ժառանգ հայրենի ստացուածոց եւ մայրենի հայասիրութեան: Թէպէտ իր սէրը աւելի հետեւանք կրնար համարուիլ ուրիշ դժբախտ սիրոյ, ինչպէս երբեմն կը յայտնէր Դիոնիս փոքրիկ ժպիտով մը առանց վիրաւորելու իր սանուհին, որ անտարակոյս ոիցէ՛ կատակի կրնար համբերել, երբ ան մարդեն կ'ուգար. եւ աններելի կը համարէր այնպիսի զաւեշտի ստուեր մը նաեւ թէ ուրիշը համարձակէր յանդգնէր: Վասնզի այդ չքնաղ եւ արքունի կերպարանքին փափութեան եւ մտաւորական սրամտութեան ներքեւ բուռն եւ խրոխտ բնաւորութիւն մը կար, որ կարելի էր կոտրտել եւ փշրել, բայց ոչ երբեք ծռել եւ հակել. եւ ծերուն բոլոր խրատները ու հայրական յորդորները անօգուտ կը լինէին, երբ իր լուսալիր աչքերը հրալիր կը դառնային շանթահարելու համար իր կամաց ընդդիմահարները: Բայց ժամանակը եւ բախտին խիստ հարուածները, որ իր երիտասարդ տարիքին վրայ բռնացան, սկսած էին զինք համոզել իր խնամակալին խորհուրդներուն ջանալ զիջանիլ, եւ աւելիդ խոհեմութիւն ունենալ մեր այս պատմութեան օրերուն: Ուստի երբ Եւփիմէ անմիտ, յամառ եւ անիրաւ վիճաբանի մը կը պատահէր եւ կը զգար հրալից ամպը, որ ճակտին վրայ կը դիզուէր, կը լռէր եւ իր դաստիարակին ժպիտ մ՚արձակելով կ'առնէր կը քալէր, եւ հանդարտութիւնը հասնելեն վերջը դարձեալ կ'ուգար ի կռիւ, բայց ալ զէնքերը փոխուած էին, իր սուր միտքը փոխանակ շանթերու` թունաւոր նետեր կ'արձկէր, հեգնութիւն եւ երգիծանք կը սրանային իր շրթունքներէն: Եւ դարձեալ այս ամէն բնաւորութեան խստութեամբ ալ թէ որ կանայք փախչէին իսկ իր ընկերութենեն, էրիկ մարդիկ գիտնալով ալ թէ անխոց պիտի չելնեն իր պալատեն` դարձեալ կը վազէին փափագով իր տեսութեան: Այսչափ զօրաւոր են կը նկան մը գեղեցկութեան հրապոյրքը:

Ուստի նոյն գարնան երեկոյին, Բիւզանդիոնի վճիտ երկնքին լիալիր լուսնով մը, նստած էին Եւփիմեայ մեծ սրահին յարակից կախաղանաւոր կիտրոն եա պարտիզին մէջ քանի մը հիւրեր Օրիորդին բազմոցին շուրջը: Իսկ նա իրենց սիրաշունչ շողոքորթութեանց այնպիսի ժպիտներով կը պատասխանէր, որ անկարելի էր որոշել թէ հաճույի՞ց էին արգասիք եթէ արհամարհանաց: Վերջապէս երիտասարդ մը, որու սնապարծութիւնը հագուստներէն կը վազեր, որու պչրանքը հոգուոյն նուաստութեան հայելին էր, սրտնեղութեամբ ոտք ելաւ եւ կիսով գլովսը դէպ Օրիորդը դարձնելով

– Զարմանք է, – ըսաւ, – որ Կոմնենոսի մը նաեւ ձեր գեղեցկութիւնը անուշ բառ մը չունի պատասխանելու, արքայազուն մըինձի պէս, որ կայսերական պատուանդաններուն վրայ է իր ծննդեամբ, թերեւս շատ նուաստացաւ հաճոյանալու համար ձեզի:

Եւփիմէի առաջին շարժմունքը նետի հարուած մը ընդունող առիւծին էր, եւ հազիւ թէ իր գեղեցիկ ճակատը ցնցեց եւ աչքերը փայլակեցին, միտքը եկաւ թէ իր բախտը իրեն կը սպասէր եւ ինք երջանիկ էր, ուստի ելաւ հանդարտ ձեւով`

– Ներէ, արքայազն իշխան, թէ որ ես անզգայ կը գտնվիմ ձեր կատարելութեանց, որոնց բարձրութիւնը մէկը չի կրնար ուրանալ. ուստի ձերն է յանցանքը թէ որ ձեզի հաւասարները չի փնտրեցիք:

Եւ այս խօսքերը ազնուական ծանրութեամբ մը զրուցելեն վերջը` նոյնպէս զամենքը ողջունելով, գլուխը բարձր` թագուհուոյ մը պէս իր սենեակները քաշուեցաւ, ուրախ, որ դիւրութեամբ ազատեցաւ ընկերութենէ մը, որ զինքը կը ձանձրացնէր, ուրախ գտնելու համար ան ընկերութիւնր, որուն համար սիրտր կը տրոփէր:

Իսկ նոքա, որ մնացին` մեղադրեցին Իսաք Կոմնենոս, որ այնպիսի նախատանոք եւ կոպտութեամբ վարուեցան գեղեցիկ Օրիորդին հետ, եւ ղրկեց զիրենք անոր ընկերութենեն: Իսկ Դիոնիս որ անշշունջ կը դիտէր աս ամէն եղածները, զիրենք ամէնն ալ ճամփայ դնելեն վերջը, ուղղուեցաւ գտնելու իր սանուհին, որ իրեն կը սպասէր եւ որ զինք տեսածին պէս, մէկեն դիմաւորելով «ի՞նչ է կարեւոր զրուցելիքդ», ըսաւ:

– Իմ զրուցելիքս հարցմունք մ՚է, ի՞նչ է քու միտքդ հայ երիտասարդին համար:

– Այս հարցմունքդ զիս կը զարմացնէ, դու լաւ գիտես իմ միտքս:

– Անոր միտքն ի՞նչ է:

– Անշուշտ իմ միտքս ինչ որ է` անորն ալ նոյնը պէտք է ըլլա:

– Խնդրեմ ուրեմն ես ալ մէկ մը տեսնվիմ իրեն հետ եւ իր բերն են լսեմ եւ ըստ այնմ շարժիմ:

– Վտանգ մը կա՞յ արդեօք, շուտ մը ինձի զրուցէ:

– Շատ անհամբեր ես, զաւակս, դու իմ ըսածս ըրէ:

Եւփիմէ առանց ժամանակ անցնելու աս վերջի խօսքերուն վրայ մէկեն սրացաւ սենեակէ սենեակ եւ գաղտնի դուռը բանալով, տեսաւ, որ Թորոս ոտքի վրայ իրեն կը սպասէր. առանց ամենեւին խօսելու ձեռքեն բռնեց եւ շիտակ հոն տարաւ, ուր Դիոնիս նստած կը մտածէր, եւ երբ երկուքն ալ իր առշեւը կանգնած տեսաւ, առանց կերպարանքը փոխելու եւ առանց շարժմունք մը ընելու միայն իր սուր աչքերը Թորոսին վրայ ուղղելով`

– Եւփիմէ զրուցած է քեզի իմ ով ըլլալս, ինք իմ զաւակս է, ուրեմն պէտք է ինձ միտքդ շուտով յայտնես:

Այս առանց յառաջաբանի լակոնական հարցմունքին հետեւանքը թէպէտ երկայն էր, բայց Թորոս մէկեն, մէկ նայուածքով դատեց դիմացի մարդը, հարցմունքին նշանակութիւնը եւ մօտակայ վտանգ մը:

Ուստի առանց դանդաղելու պատասխանեց.

– Թէ որ Օրիորդը այսչափ գեղեցիկ եւ սիրելի յատկութիւններ ալ չունենար, միայն ինձի ըրած բարերարութիւնքն բաւական էին ինչ որ ունիմ` իմ անձս իրեն նուիրելու:

– Բաւական է, ազնիւ երիտասարդ, ես ալ քեզմէ սա պատասխանին կը սպասէի: Հիմա նստէք եւ մտիկ ըրէք, որ ըստայնմ շարժինք: Վտանգ մը կայ, եւ վտանգը քու ազգայիններեդ մէկեն կը հասնի, որ երբեմն քու հօրդ բերդակալն է եղեր եւ շատ ալ վտանգաւոր մարդ, 1ւ հիմա Պոլիս կը գտնուի ծպտեալ ու ոստիկանութեան լրտեսները զինք ճանաչէր են եւ իրեն հետքը նաեւ գտեր. աս գիշեր խորհուրդ ալ կայ զինք ձերբակալելու. բայց այս դիպուածեն վերջ կայսեր շնորհքին վրայ վստահիլ անկարելի է եւ մեծ անխոհեմութիւն. ուրեմն դու ի՞նչ կը մտածես, ի՞նչ պիտի ընես:

– Դեռ հիմա աս վայրկենիս կ'իմանամ մօտալուտ վտանգը, թէ որ կարելի է փախիլ` հիմա փախինք, կ'ըսեմ: Բայց ո՞րն է ապահով ճամփան:

– Հիմա ապահով ճամփան սա տունը չի կենալն է, եւ ամիսի մը չափ ժամանակ ծածկուիլն ու ոստիկանութեան կարծեցնել թէ դու փախած ես:

– Ես բանտէ նոր ելած` աս ընդարձակ քաղաքին ոչ լաւ տեղեակն եմ եւ ոչ ծանօթ մը ունիմ. ինչ որ ըսես, կը կատարեմ:

– Լաւ, ուրեմն պատրաստուի շուտով դու եւ ծառադ: Զգեստդ եւ յունարէնէ կատարեալ գիտութիւնդ զքեզ չեն մատներ. խոհեմութիւն քեզի չեմ յիշեցնէր. ես զքեզ կը ճանչեմ: Հիմա ուրեմն պէտք է ճամփայ ելնես:

Ելաւ ծերուկը եւ դռան մօտենալով «Լազա՜ր» կանչեց: Մէկեն երեւցաւ արդէն մեզ ծանօթ տնտեսը:

– Պատրա՞ստ է ամէն բան:

– Այո՛, տիար:

– Ուրեմն, – ըսաւ Թորոսի, – քու ծառադ ալ պէտք է պատրաստուի:

– Ան միշտ պատրաստ է, – պատասխանեց Թորոս եւ շտկուիցաւ դէպի դուռը: Իսկ Եւփիմէ առանց մէկ բառ մը կորսնցնելու, մէկ մը ծերուն, մէկ մը Թորոսին կը նայէր եւ առանց Թորոսի թեւը թողլու եկաւ մինչեւ նորա սենեակը, եւ փոքրիկ կապոց մը շինելով ստկի ու ճերմկեղէնի կը սպասէր` երբ Բաբկէն իր տիրոջ հետ վեր ելաւ: Եւփիմէ առանց բան մը զրուցելու կապոցը Բաբկէնի ձեռքը տուաւ. անկից վազեց Լեւոնի կախուած սուրը առաւ, Թորոսի երկնցուց, որ ան սիրուն ձեռքը իր շրթանց տանելով սուրը առաւ մէջքը կապեց: Եւ ասոնք ամէնը արագ, բայց անխռով կատարուեցան, իբրեւ թէ շատոնց որոշուած լինէին, եւ երեքը մէկեն ծերուն քով գտնուեցան:

– Լաւ, – ըսաւ ծերը, – հիմա, Լազար, նայէ՛ ծառայ, աղախին չի գտնուի դուրսը:

– Մարդ չի կայ, տիար. եւ բոլոր լոյսերը մարած են:

– Աստուած բարի յաջողութիւն տա ձեզի, – ըսաւ ծերը եւ Թորոսի ձեռք տուաւ, որ նոյնպէս ձեռքով պատասխանեց:

Եւ երբ սենեկին դռան քով եկաւ, դարձեալ պագաւ Եւփիմէի ձեռքը, որ մինչեւ ան վայրկեան բառ մը բերն են չէր հանած եւ միայն այն ատեն աչքերը արցունքով` «Աստուած հետդ ըլլա» ըսաւ. իսկ Թորոս մեյ մը երկինք նայեցաւ, մ՚եյ մ՚ալ անոր, եւ գլուխը դարձուց դէպ իր ճամփան, ամենայն արագութեամբ, ծածկելու համար սրտին յուզմունքը. Բաբկէն անշշունջ կ'երթար իբրեւ իրեն շուքը:

Պալատին մէկ պզտի դռնեն Լազար սիրենք դուրս հանեց, եւ լուռ անձայն փողոցներու մէջեն արագ-արագ կ'երթային այս երեք անձինքը, երբ իրենց քովին կ'անցնէին խաւարի եւ անզգամութեան արբանեակներ. մինչեւ որ իրենց սահմանեալ տեղը իջան քանի մը գիշերապահ խմբիկներ ալ եղան, որ իրենց հարցմունք ընելու եթէ պատրաստուէին, Լազար անոնց գլխաւորին ականջեն բան մը զրուցելով ճամփայ կ'առնէր, մինչեւ հասան տան մը դռան առջեւ. հոն Լազար բանալի մը հանելով դուռը բացաւ եւ իր ընկերները ներս մտցնելով դուռը կամացուկ մը գոցեց:

– Շնորհէ ձեռքդ, իշխանդ իմ, – ըսաւ, – որ աս մութուն ձեզ առաջնորդեմ, եւ Թորոսի ձեռքն առնելով տարաւ սենեակ մը. Բաբկէնի համար դժուարութիւն չի կար, վասնզի մութուն ալ կը տեսնէր. «Դուք հոս նստէք» ըսաւ Լազար եւ աներեւոյթ եղաւ: Իսկ մեր երկու հայերն մնացին մթութեան եւ խաւարի մէջ, գոնէ Թորոս գիտէր թէ ինչ բանի համար էր այս գիշերային փախուստը. երբ Բաբկէն, որ կարծէր գուշակել` ինքնիրեն կ'ըսէր. «Իշխանիկս աս գիշեր աչք գոցած չէ, ես լաւ քնացա… արդեօք Կ'ոստանդնի գալը իմացա՞ծ են. երբ այդպէս է, իրաւ աս հոռոմները սատանայ են. ես չի կրցայ ճանաչել, անոնք ինչպէ՞ս ճանաչեցին… հիմա ո՞ւր կ'երթանք, անտարակոյս պիտի տեսնենք… հոռոմ աղջիկը իրաւ գեղեցիկ է… բայց ան սուր աչուի, մեծճակատ ծերը ո՞վ էր… է՜հ, Բաբկէն, ամէն բան կիմանանք… աստուած տար յաջող լինէինք, մէկ մը մեր Սեւ լեռը գտնէինք…»:

Այսպէս կը խորհրդածէր Բաբկէն, երբ Լազար երեւցաւ` «Երթանք, տիար իշխան», ըսաւ: Քանի մը քայլ առնելով դուռ մը բացաւ եւ ինքզինքնին լուսնի լուսոյ մէջ եւ ծովեզրը գտան: Երեք ջուխտակ նաւ մը կը սպասէր: Հազիւ թէ տեղաւորեցան` նաւը սկսաւ սուրալ պատռելով ծովը` թողլով աջ կողմը մայրաքաղաքին եւ ձախ կողմր Ղալաթիոյ ափունքը, քանի մը ձկնորսի նաւեր եւ քանի մը պահնակ նաւեր միայն կային ծովուն վրայ, որոնց մէկ հատը միայն մօտենալով նաւուն եւ Լազար իր նշանի բառը տալով ազատ իրենց ճամփան կը շարունակէին նաւուն գլուխը դէպի Վոսփոր միշտ ուղղելով: Կ'անցնէին շարունակ եւ ետ կը ձգէին այսօրուան Պեշիքթաշ, Օրթագեղ, Առնաւուտ գեղ եւ կարգաւ արուարձանաց շարունակում թիւնքը դէպի վեր, մինչեւ որ հասան Թարաբիայի ծովեզրը տան մը առջեւ եւ հոն նաւակը կեցաւ: Ան ատեն Լազար ելաւ ցամաք եւ ձեռամբ հրամցնելով զթորոս, որ ցատկեց ելաւ նաւեն Բաբկէնի հետ, նաւավարներուն քանի մը խօսք ըրաւ ու ճամփեց: Հոն ծովեզրը զիրենք թողլով պտոյտ մը ըրաւ, մտաւ տան քովի ճամփան, զարկաւ ցած երկաթապատ պատուհան մը, եւ պառաւ կին մը ձայն տուաւ ներսեն. երբ իր անունը տուաւ` «Աստուածածին, – ըսաւ կինը, – այս ատեն, Լազար, ի՞նչ կ'ուզես»:

– Բա՛ց, մայրիկս, – ըսաւ ձայնը, – հիմա խօսելու ժամանակ չէ, զովը զմեզ սառեցուց:

Պառաւը նիգերը խախտեց, եւ քովնտի դուռը բացուեցաւ: Լազար ներս մտնելով նշանացի լռութիւն հրամայեց պառաւին, եւ կանթեղը առնելով ձեռքեն հիւրերը ներս մտուց եւ դռնապանի բնակարանը թողլով, շիտակ զիրենք մաքուր սենեակ մը հանեց, ուր անկողին ամենայն ինչ պատրաստ կար իրենց պիտույից համար:

Գիշերը յառաջացեր էր, լուսինը լիալիր կը թագաւորէր երկնքին վրայ եւ հանդարտ ընթացքը կը շարունակէր, ծովը հանդարտ նոյնպէս, իբրեւ թէ երբեք ալեկոծութիւն չէր ունեցեր. բնութիւնը վերջապէս իր բոլոր գեղեցկութեամբ զարդարեալ խաղաղութեան կերպարանքն ունէր. Թորոս պատուհանին առջեւ նստած կը նայէր, բայց տեսարանին գեղեցկութիւնը ոչ կը տեսնէր, ոչ կը զգար, այլ նամանաւանդ թէ ատելի կ'երեւար իրեն ամէն բան, եւ դժուար էր որոշել եթէ վերահաս վտանգը՞ արդեօք թէ գեղեցիկին երեսեն հապճեպ աքսորն էր, որ իրեն ծանր կը թուեր, բայց ստոյգն հոն էր, որ լուսինը արիւնագոյն կ'երեւէր աչքին, ծովը պղտոր հայելի մ՚էր, ծաղիկները հոտ չունէին, եւ սոխակը, որ վար գերուն մէջ կը դայլայլէր մահուան երգի պէս ատելի էր իրեն, վասնզի Եւփիմէ չի կար: «Աւա՜ղ, ուրեմն առանց անոր հայրենեաց փրկութիւնն նաեւ իմ սրտիս չպիտի քաղցրանա՜յ», մրմնջեց եւ շտկուեցաւ դէպ անկողին, երբ յանկարծ միտքը եկաւ Բաբկէն, որ հոն կեցէր էր արձանի պէս. միտքը նաեւ եկաւ թէ քանի որ դուրս ելած էին իրենց տանեն ոչ բառ մը նա արտասանած` եւ ոչ ինք իւր պապանձման մէջ խօսք մը անոր ուղղած էր. թէպէտ սէրը խիստ, նախանձոտ եւ անողոք խորհրդական մ՚է եւ կը մերժէ ամէն բան, որ սէր չէ, բաց Թորոս շատ մեծ սիրտ ունէր մոռնալու համար այդ ազնիւ մարդուն հաւատարմութիւնը իրեններուն եւ իրեն. ուստի ճամփան փոխեց եւ անոր մօտենալով` «Բաբկէ՛ն հայրիկ. դու ի՞նչ կը խորհիս աս մեր դիպուածին», ըսաւ դառն եւ մտերմական ժպիտով մը միանգամայն:

– Ի՜նչ զրուցեմ, իշխանիկս, վտանգ մը թէպէտ կ'երեւայ մեր փախուստ են, բայց կը թուի նաեւ թէ յաջող ելք պիտի ունենանք, վասնզի մինչեւ հիմա կոտրած, թափած չուն ինք: Ոչ թշնամին զմեզ հալածեց եւ ոչ ճամփանիս կտրեց. ու սուրը պատեանեն հանելու չի պարտաւորեցանք:

– Ճշմարիտ է, Բաբկէն, թէ վտանգաւոր դիպուածներ կրնայինք ունենալ, բայց հազիւ թէ բանտեն ելած` բանտի սպառնալեաց ներքեւ գտնուիլ շատ ծանր է: Հաւերը կը խօսին. արշալոյսը մօտ է, երթանք քնանալ, քու անկողինդ…

– Ո՜հ, իմ անկողինս հոն է, ուր որ բազմոց մը կայ, աստուած քեզի հանգստութիւն տա, իշխանիկս:

Թորոս հազիւ թէ անկողին մտաւ, քունն ալ իր աչաց վրայ ծանրացաւ, վասնզի յոգն ու յոգնածութիւն այն տարիքին մէջ քուն չեն վտարէր նամանաւանդ թէ կ'անուշացնեն: Երբ արթնցաւ, արդէն արեգակը իր ճառագայթներով երկնքի վրայ կը թագաւորէր եւ բնութիւն բոլոր ոտքի վրայ էր: Նոյնպէս Բաբկէն դուրսի սենեակը արեւուն հետ ելած անձայն եւ անշշունջ կը պտտէր եւ առանց երեւալու ձկնորսներու, նաւավարներու, ծովու եւ ցամաքի անցորդներու երթեւեկը ու իրենց օթեւան ած ամառանոցը կը գիտէր, եւ ակռաները կճրտելով` «Անիծեալ քաղաք, նզովեց քաղաք, հիմնահատա՛կ ըլլաս». կը մռմռար: Եւ վերջը երբեմն աչք մը կը ձգէր կապոցին, որ Օրիորդը իրեն յանձնած էր իր այլայլութեան մէջ առանց բառ մը զրուցելու, «Մեր Տիկինը, աստուած լուսաւորէ հոգին, երբեք ինձի այդպիսի ամբարտաւան աչք ձգած չունէր, Բաբկէն հայրիկ, հոգիս, հայրիկ, Ռուբենս քեզ եմ յանձնէր, նայէ՛, կրակոտ է… Թորոս խելօք է, բայց տղայ է…» մեղր կը վազեր շրթունքներէն, ան մեռաւ, մեր բախտը դարձաւ, վերջի անկողին ընկնիլն էր. նորէն ինձի յիշեց, յանձնեց եւ աչքերը իր խոշոր ձեռքերով բռնեցի, կը սրբէր: «Ո՞ւր է անանկ տիկին… աս հոռմի կանանց քիթն երկինքն է…»: Եւ Թորոսի ներսը ոտքի ձայնը լսելով` տղու մը պէս աչքերը դարձեալ լաւ մը շփեց ու սենեակը մտաւ, գնաց:

ԳԼՈՒԽ Զ ԱՌԻՒԾԻՆ ԿՈՐԻՒՆԸ ԱՌԻՒԾ է

Մենք տեսանք, որ Եւփիմէ մինչեւ վերջը առանց դիմադրութեան կամ խորհրդածութեան բառ արտասանելու օգնէր էր նաեւ Թորոսի փախստեան, վասնզի իւր սրամտութիւնը վտանգը յայտնէր, նշմարէր էր: Բայց երբ սրահներու մթութեան մէջ տեսաւ թէ իր սիրելին անհետացաւ` «Ո՛հ, աստուած իմ», ըսաւ եւ բազմոցի մը վրայ ընկաւ երկու ձեռքերն երեսին վրայ սքօղելով, իսկ Դիոնիս անխռով մօտենալով

– Եւփիմէ՛, – ըսաւ, – տխրութեանց եւ արտասուաց ժամանակ չէ, քա՛ջ եղիր, որպէսզի կարէնանք կատարեալ վտանգին առաջն առնուլ:

– Դեռ վտանգ մնա՜ց ուրեմն, – ըսաւ աղջիկը սոսկումով:

– Անշուշտ` թէ որ անհոգ նստինք, ոչինչ` թէ որ աշխատինք:

– Բայց չեմ գիտէր թէ ի՜նչ պէտք է ընել:

– Ես ամէն բան պատրաստէր եմ, անհոգ եղիր, միայն զիս մի շփոթէր:

– Ո՛հ, ինչպէ՞ս կ'ուզես, որ անհոգ լինիմ, երբ իմ Թորոսս կորսուի:

– Թորոս կորսուած չէ, եւ վաղը ես ձեր պսակը կատարել պիտի տամ:

– Ի՜նչ կը զրուցես…

– Այո՛, այդ արարողութիւնը գրաւական մ՚է քու ապագայ երջանկութեանդ համար, եւ ո՛յ գիտէ թերեւս զէնք մ՚ալ է ապագային անկարծելի արկածից համար:

– Բայց ես Թորոսին վրայ ամենեւին կասկած չունիմ:

– Ես ալ չունիմ, մանաւանդ թէ շատ համարմունք ալ ունիմ. բայց ժամանակը, պարագաները, բախտին փոփոխութիւնները մարդկային խեղճ սրտին վրայ շատ եւ անկարծելի ազդեցութիւններ ունին: Ես չեմ կրնար իմ Եւփիմես` իր պատիւը, իր ստացուածքը, իր գեղեցկութիւնը երիտասարդութեան փոփոխամտութեան անձնատուր ընէի պսակի արարողութիւնը բաւական գրաւական մ՚է:

– Ես բոլորովին քու կամացդ հետեւելով ալ` չեմ կրնար մոռնալ ամէն օրուան պսակներու ոչնչանալն պատրիարքական վճիռներով:

– Մեր եկեղեցին շատ թուլացուցած է ամուսնութեան կանոնաց խստութիւնը, բայց հայոց մէջ այդպէս չէ. Անուոյ թագաւորներն նաեւ գիտեմ թէ ամուսնութեան կանոնաց անհնազանդ գտնուելու յանդգնութիւն շատ քիչ անգամ ունեցեր են: Բայց ժամանակ կորսնցնել պէտք չէ:

– Ես քեզի արգելք չեմ, հայրիկ, ըրէ՛ ինչ որ կ'ուզես:

Ծերը շուտ մը ելաւ ծառայ մը կանչեց, ապսպբեց Թորոսի տան ծառայող երկու անձինքը առնուլ` դեռ չի լուսցած` նաւակ մը դնել Թարապիայ տանիլ. երկու որմնագործ, որ արդէն իր հրամանին կը սպասէին` բերել տուաւ եւ գաղտնի դուռը ամրացնելեն վերջը հռոմայեցի ծեփով (որու գաղտնեաց հմուտ էր ինք) որմնել տուաւ ներսեն եւ անմիջապէս նստաւ թուղթ մը գրեց բարեկամ հայ վարդապետի մը, ուսկից կը խնդրէր ծպտեալ իր ցոյց տուած ժամատեղն գտնուիի եւ երբ այս ամէն բանն կարգադրեց ու կատարեց` բարի գիշեր մաղթելով իւր սանուհուոյն, գնաց իր սենեակը, քաշուեցաւ քնանալու:

Իսկ Եւփիմէ տեսնելով իր ծեր խնամակալին անխռով վստահութիւնը, հանդարտեցաւ. կանչեց իր նաժիշտները զինքը հանուեցնելու, եւ իր երկրորդ օրուան երջանկութեան մտածութեամբ զբաղած մոռցաւ գրեթէ ալեկոծութիւնը, որ քանի մը ժամ առաջ զինք կը տարուբերէր, եւ երջանիկ քունի մէջ ընկղմեցաւ: Երբ առաւօտուն արթնցաւ, Դիոնիս ելած` քանի մը երեւելի անձանց այցելութիւն ըրած, իր է՛ն կարեւոր տեղեկութիւններն ստացած եւ վտանգը հեռացնելու ամէն հնարք ի գործ դրած էր: Ուստի երբ Եւփիմէին քով մտաւ` նա իւր առջի նայուածքեն ապահովեալ`

– Հայրիկ, ի՞նչ պիտի ընենք այսօր, – հարցուց:

– Կը հագնուինք, կը զարգարուինք եւ կ'երթանք զուարճանալու:

– Զուարճութիւ՜ն… ո՜հ, բառը գեղեցիկ է, զուարճութիւն Դիոնիսի համար, իր գրքերեն, իր ուսմունքներէն դուրս. ինչչա՛փ սուղի կը լինիմ քեզի, սիրո՛ւն հայրիկ, – ըսաւ Եւփիմէ եւ ծերուն երեսները պագաւ: Դիոնիս իր բոլոր փիլիսոփայական ծանրութեամբ չի կրցաւ ախորժանաց ժպիտ մը չարձակել, վասնզի ծերերուն բնական է ախորժիլ երիտասարդ գգուանքէ: Բայց դարձեալ պէտք եղած պատրաստութիւնները տեսնել հրամայեց, ամէն բան կարգի դրաւ, եւ երբ ճաշն ըրին, ու Եւփիմէ կը հարցնէր թէ պէտք չէ՞ր պատրաստուիլ, «Քիչ մ՚ալ կ'ըսէր ծերը պէտք է համբերել, վասնզի ոստիկանութեան կը սպասեմ». եւ իրօք ծառայ մը եկաւ իմացնելու թէ ոստիկանութեան մեծը կը խնդրէր այցելութիւն մ՚ընել պալատին` Տիկին օրիորդի հրամանաւ:

Եւ ահա ոստիկանապետն ներս մտաւ ու ամենայն մեծարանոք ողջունելէ վերջ`

– Տիկին օրիորդ, – ըսաւ, – խնդրեմ հրաման տաք, որ քանի մը սենեակներու փոքրիկ խուզարկութիւն մը ընեն մեր պաշտօնատարք:

Ի՜նչ արդեօք, – ըսաւ Եւփիմէ, – միթէ մեծ յանցա՞նք մը` ոճի՞ր մը իմ տանս մէջ կը յուսացուի:

– Յուսացուի՜լ, չէ, բայց ո՜յ գիտէ, տանը Յարմարութիւնը, դիրքը` կասկածներ կրնան տալ, ուստի ամէն անոնք փարատելու համար…

– Լաւ՛, տիար, ի՛նչ խուզարկութիւն, որ ուզէք` տէր էք:

Ան ատեն, շիտակ արդէն մեզի ծանօթ կողմը երթալով, ան սենեակը, որ Թորոսի անկողնին սենեկին կը պատասխանէր, փնտրեցին, նայեցին եւ երբ տախտակամածին բերանը քարածեփ պատ մը գտան` ամէն իրենց կասկածները փարատեցան. եւ ոստիկանաց գլուխն խստութեամբ կարճահասակ մարդու մը դառնալով, որ արդէն մեզի ծանօթ է, վասնզի անգամ մը տեսանք,

– Աս երիտասարդին փախստեան պատասխանատու դո՞ւ ես, տիար Միքայէլ, – ըսաւ, – հսկողութիւնը քեզ կինկներ. պէտք էր, որ դու անոր ամէն շարժմունքը դիանայիր. եւ ահա մարդը անյայտ կը լինի, եւ ոչ միայն ինք, այլնաեւ անոնք, որ դու տուած էիր իրեն ծառայելու, եւ դու, ապուշ ու անմիտ բառ մը չունիս պատասխան. դատաստանին կը մնա քեզի պատասխանելու. փուճ տեղ բերանդ մի՛ բանար հոս խօսելու:

– Բայց, տիար…

– Մի՛ խօսիր, անօգուտ կաշխատիս ինձ պատասխան տալու Համար, պահէ քու բոլոր ճարտասանութիւնդ դատաւորին, անոր առջեւ միայն պէտք կայ խօսելու: Ոստիկա՛նք, այս մարդը դատարան տարէք:

– Բայց անգամ մ՚ալ մտիկ ըրէք, ես այդ երիտասարդին ծառայողները չեմ ճանչեր, անգամ մը միայն տեսայ, երկու օր առաջ եւ այսօր…

– Այդ խօսքով քու յանցանքդ կը ծանրացնես, դու չի ճանչցած մարդկա՞նցդ յանձնեցիր քու հսկողութեանդ յանձնեալ մարդիկ: Տարէ՛ք, տարէ՛ք:

Իսկ խեղճ Միքայէլ, զարմացական ձեւեր ընելով, եւ ճակտեն ջրի պէս քրտինք թափելով, երկու ոստիկանաց մէջեն դուրս ելաւ դատարան երթալու:

Ոստիկանութեան գլուխը յարգանօք ողջունելով զեւփիմէ եւ Դիոնիսի կամաց ձայնով յայտնելով իր զարմանքը կ'ըսէր. «Տէրութիւնը կառավարող մեր մեծերը յիրաւի զարմանալի են, ազատ կը թողուն ասանկ վտանգաւոր մարդ մը աս ծովու պէս քաղքին մէջ, մեզի լուր մը չեն տար, եւ խեղճ մարդու մը, որ իր գլխուն տէրը չէ, կը յանձնեն, եւ հիմա կ'ելնեն մեզմէ կը փնտրեն»:

– Եւ դու, տիար, անշուշտ երբ փնտրես` մէկը կրնաս գտնել:

– Անշուշտ, – ըսաւ ոստիկանութեան պետը, – թէ որ փախցնողը Դիոնիս չէ:

– Թէ որ նա ինքն է՞:

– Ուրեմն չեմ գտնէր, – ըսաւ ժպտելով պաշտօնատարը:

– Լաւ կ'ընես, – զրուցեց ծերը նոյնպիսի ժպիտով մը:

– Բաւական է այսչափս, իմացայ, ե՞րբ ինձի հրաման մը եկաւ ձեզմէ եւ չի կատարուեցաւ, սիրտդ հանգիստ բռնէ, թող հայ երիտասարդը հանգիստ պտտի, միայն թէ Անդրոնիկոսեն զգուշանայ, վասնզի ամէն չարեաց պատճառ նա է, բաւական է թէ հայ մը գտնուի խնդիրի մը մէջ` իր ատելութիւնը դաւ եւ վտանգ կը տեսնէ հոն, երկինք, երկիր իրար կը խառնէ: Քանի-քանի՜՜ անգամ կայսրը եւ Ծերակոյտը աս ապուշ երիտասարդին ազատութիւն տալու հրաման ըրին, եւ ինք միշտ արգիլելու ճարը գտաւ, եւ հիմա, որովհետեւ ապստամբ ու վտանգաւոր հայ մը տեսնուած կայ եղեր քաղքիս մէջ, իր գրգռութեամբ երիտասարդը կ'ուզուի, որպէսզի բանտի դատապարտուի, եւ այդ Միքայէլը Անդրոնիկոսի մարդն է: – Աս խօսքերն ըսելով ոստիկանապետը թողուց եւ գնաց:

Իսկ Դիոնիս սանուհոյն գալով, հրաւիրեց պատրաստուիլ երթալու եւ գտնելու համար Թորոս: Եւ քիչ մը ժամանակեն վերջը երկու դեսպակ կը թողուին պալատը եւ կը շտկուէին դէպի ծովեզրը, ուր գեղեցիկ նաւակ մը իրենց կը սպասէր:

Նոյն գիշերը Թարաբիայի ամառանոցին մեծ սրահին մէջ Թորոսի եւ Եւփիմէի պսակի հանդէսը կը կատարուէր հայկական արարողութեամբ, Բաբկէն կնքահօր պաշտօն կը կատարէր ամենայն գոհութեամբ, ներելով սրտանց Եւփիմէի արեան մէջ ինչ որ յունական կաթիլներ կը գտնուէին, եւ ծածկելով ինչչափ որ կարելի էր տրտմախառն ուրախութեան արցունքին քանի մը կաթիլներն:

– Երբ ամէն բան կատարուեցաւ եւ գիշերը կէս եղաւ, Դիոնիսի կարգադրութեամբ մեր հարսն ու փեսան հասարակ նաւակ մը մտած Բաբկէնով, երկու ծառայով եւ մէկ նաժիշտով կ'անցնէին դիմացի Ասիոյ ծովափունքը, եւ ծովեզրեն մղոն մը հեռաւորութեամբ անտառախիտ ծառերի շրջապատեալ գիւղական ամայի տուն մը պատրաստ կը գտնէին զիրենք ընդունելու համար. հոն ի՛նչ որ բնութեան սքանչելիք կար, այս երկու գեղեցիկ անձանց ուրախութիւնը կը պսակէր. Բաբկէն իր լեռներուն գարունը կը Յիշէր, եւ երբ իր երկու սաները կ'ելնէին բնակարանեն եւ կը սկսէին հեռանալ, իր երկսայրին մէջքը` հեռուանց անտեսանելի` անոնց յետոց կը հետեւեր, պահապան եւ աչալուրջ գամփռի մը պէս ամէն ծառի` ամէն բլրակի շուքը կը քննէր, որ վտանգ մը անոնց չի պատահի:

Ութ օր աս երջանիկ կեանքն անցուցին մեր նորապսակ ամուսինք, եւ Թորոս իր հարսին քով կը գտնէր ան ամէն գեղեցիկ եւ բարձր զգացմունքները, որ երազն են երիտասարդութեան փափագանաց, ու իւր երջանկութեան` միայն իր լեռները կը պակսէին, եւ այն ազգային ազատութեան սէրը որ իր նախահոր` Ռուբենի արեան հետ իր երակներուն մէջ կը շրջէր:

Ութ օր էր նաեւ, որ Դիոնիսեն լուր ամենեւին չի կար, այլ ըստ սովորութեան տնտեսը ամէն օր կերակուրը կը բերէր արշալոյսին հետ եւ մէկեն կը հեռանար, որպէսզի կասկածի տեղիք մը չի տայ: Յանկարծ երեկոյ մը ծեր Դիոնիս երեւցաւ. թէպէտ շատ դժուար էր նորա երեսին վյրայ գաղտնիք մը նշմարել, բայց Եւփիմէ իրեն սիրալիր ընդոնելութիւն մը ընելէ վերջը, երբ քիչ մ՚ատեն տան առջեւ աղբիւրին քով նստան, կասկածոտ ծիծաղով մը ըսաւ.

– Հայրիկ, դու մեզի բան մ՚ունիս զրուցելիք, եւ կ'երեւայ թէ կը դանդաղիս:

– Այո՛, Եւփիմէ, լաւ գիտցիր թէ բան ունիմ ձեզի հետ խօսելիք, եւ շատ կարեւոր բան:

– Ինչո՞ւ կ'ուշացնես, կ'երեւայ թէ շատ անախորժ լուր մը պիտի ըլլայ:

– Ես, քանի օր է, Թորոսի փախստեան համար նաւ մը կը նայիմ, եւ այսօր հազիւ թէ փնտրածս գտա…

– Ինչո՞ւ այդչափ շուտով, հայրիկ, միթէ ինձի համար նաւուն մեշ տեղ չի կա՞յ:

– Մանաւանդ թէ ան կը ցավիմ, որ իմ կարծածիս չափ շուտ չի կրցայ շարժիլ. վասնզի այսօր փոքրիկ նամակ մը ինձ կ'իմացնէր թէ ձեր փախստեան տեղն իմացուէր է ձեր թշնամիներէն, ուստի արտորնօք եկայ զքեզ տանելու, Եւփիմէ: Մինչեւ որ Թորոս իր գործերը կ'արզի չդնէ, մինչեւ որ յաջողութիւնը իրեն չի ծիծաղի, դու ոչ թէ իրեն օգտակար, այլ վնասակար կրնաս լինիլ:

– Ամենեւի՛ն, – ըսաւ Եւփիմէ, որոշ եւ վճռողական ձայնով, – կը փափագէի մանաւանդ, որ դիպուածը այնպէս բերէր, որ կարէնայի զքեզ համոզել իմ ըսածիս ճշմարտութեան:

– Քեզի հետ այս նիւթիս վրայ վիճել ինձ աւելորդ է, տէր եւ դատաւոր այս խնդրոյս մէջ` ինձմէ շատ աւելի ուրիշ մը կայ, – ըսաւ ծերը Թորոսին դառնալով:

Իսկ Թորոս այն միջոցին դէպի անտառին խորը աչքերը •անկած կը դիտէր` կէս ուշադրութիւն մ՚ընելով այս խօսակցութեան, ու երբ ծերը`

– Իշխա՛ն, դու մեր խօսակցութեան կ'երեւայ թէ ուշ չես` դնէր, բայց ես շատ կարեւոր նիւթի մը վրայ կը խօսիմ:

– Այո՛, ձեզ ալ ուշ կը դնեմ, բայց ուրիշ բանի մ՚ալ ուշ կը դնեմ, – ըսաւ առանց իւր սուր աչքը խախտելու իւր նպատակեն:

Ան ատեն Դիոնիս ու Եւփիմէ նոյն կողմը դարձուցին իրենց աչքը եւ թան մը չի տեսնելով դարձան Թորոսի, որ տեսնելով ալ իրենց հարցնող նայուածքին առանց պատասխանելու, ոտք ելաւ, մէկ ձայնովի

– Բաբկէ՜ն, – կանչեց,

– Բաբկէն հոն չէ, – ըսաւ ծառայ մը:

– Ուրեմն, – զրուցեց Թորոս, – հիմա կ'ուգայ եւ մեզի որոշ լուր մը կը բերէ:

– Ի՜նչ բանի լուր, – հարցուց Եւփիմէ այլայլելով:

– Կ'երեւայ թէ, սիրելի Եւփիմէ, մեր թշնամիները, որոնց համար լուր առած ըլլալը իմացուց Դիոնիս, մեզի այցելութիւն մ՚ընել կը փափագին:

– Եւ դու հիմա որ բան մը կը դիտէիր, անո՞նք էին, տեսա՞ր…

– Հինգ-վեց հոգի եւ զէնքի փայլիւն տեսա…

– Ի՜նչ կ'ըսես, հինգ-վեց հոգի՜…

– Թէ որ այդչափ են մեր թշնամիները, – ըսաւ Թորոս ժպտելով, – Բաբկէն միայն բաւական է զանոնք ցրուելու, իսկ թէ որ անօթ կրկինն են, պէտք է որ ես ալ օգնեմ: Բայց խնդիրը հոն չէ, – աւելցուց Թորոս Դիոնիսի դառնալով, – «մեր թշնամիները» կրնա՞նք իմանալ թէ որոնք են. կայսրը եւ իր ոստիկանութիւ՞նն է, թէ մասնաւոր մարդիկ:

– Հիմա աս միջոցին քու թշնամիդ Անդրոնիկոս Կեսարն է. բայց թէ որ իր փոքրիկ խումբը վիրաւորուի եւ ցրուի` իրենց վերադարձը չգիտեմ թէ ինչչափ բազմութեամբ կրնայ լինիր

– Ուրեմն մեզի պարտք կը ձգես այնպէս շարժէլու, որ ասոնցմէ ողջ չի դառնայ:

– Ան չէ իմ միտքս, բայց ըլլալիքը յայտնի է, մէկ փախստական մը տասնապատիկ բազմութեամբ կը դառնա:

– Քու նաւդ ե՞րբ կ'ուգայ հոս` աս ծովեզրը:

– Վաղն առաւօտ կանուխ:

– Ահա, Բաբկէն, – ըսաւ Թորոս, որ ծովեզրին կողմեն կ'ուգայ, – հիմա ճիշտ լուր կառնունք… աս ծանր քալուածքեն ալ կը ցցնէ թէ վտանգը մեծ չէ:

Սպասելու լռութիւն մը տիրեց, մինչեւ որ Բաբկէն հասաւ, առանց այլայլութեան նշան մը ունենալու իր կերպարանքին վրայ, իբրեւ թէ բան մը տեսած չէր, իսկ երբ որ Թորոս նշանացի հարցուց ի՞նչ լուր կար, ան ատեն պատասխանեց.

– Ես անտառին մէջ պտոյտ մը կ'ընէի երբ, տեսայ, որ քալելու եւ կամաց խօսելու ձայն կ'ուգար ծառերու մէջ քիչ մը հեռուեն, ուստի թումբի մը խստութեան մէջ ծածկուեցայ եւ տեսայ որ երկուք-երկուք 12, 13 հոգիի չափ զինեալ մարդիկ քովես անցան. եւ այնչափ մօտ, որ մէկ հատը, որ տեսած էի արդէն, ճանչցայ. նոյն մարդն էր, որ ասկից տասն օր առաջ առիւծին կորիւնը կը նախատէր: Վերջապէս տեսայ, որ անոնք պտոյտներ կ'ընէին անտառին մէջ խուզարկութեան համար, ուստի, ես ալ կամաց մը ելայ, դէպ իրենց եկած ճամփան գնացի, եւ տեսայ, որ մակոյկ մը զիրենք բերած էր, եւ մէջը պահապան մէկ հոգի մը ձգէր էին:

– Լաւ, – ըսաւ Թորոս անխռով, – կարծեմ թէ մեր կերակուրի ժամանակն է եւ պէտք է քիչ մը բան ուտել, որովհետեւ հաւանական է թէ վերջը ժամանակ չունենանք:

Եւ չորսերնին մէկտեղ շտկուեցան դէպի տունը, երբ դռնեն մտան` պարտէզին վրայ դիտող աչք մը պտտցուց Թորոս եւ Բաբկէնին քանի մը բան ապսպրեց կամաց ձայնով, որ անմիջապէս դռներուն մէկը քարերով ամրացուց եւ միւսը առջի վիճակին մէջ ձգեց. երբ նստան կերակուրի մեր երկու հայերը` ըստ իրենց սովորութեան կերան, Եւփիմէ կը խաղար քան թէ կ'ուտէր, իսկ ծերը մտախոհ քանի մը պատառ առնելեն վերջ` «Ի՞նչ է քու միտքդ», ըսաւ Թորոսի, երբ նա դադրէր էր ուտելէ եւ անհոգ կը խորհեր:

– Մենք պարտական ենք ինքզինքնիս պաշտպանելու. մանաւանդ որ մասնաւոր անձի մը թշնամութիւնն է, որ մեր կենաց ոխերմաբար կը դարանի, եւ գիշերուան մութը իրեն ընկեր կառն ու: Կը տեսնեմ թէ դու, իմաստուն մարդ մը, որու նման ես շատ քիչ տեսեր եմ, կը վարանիս, կ'երեւակայեմ թէ քսանը հազիւ անցած երիտասարդի մը գինուց վարժութեան վրայ վստահութիւն չունենաս, բայց այդ մի հոգար, ես տղայ տարիքես զէնքի վարժութեան եւ վտանգի մէջ ծնէր եւ սնէր եմ. անոր համար ալ աս իրիկունը չեմ մտածէր, վաղը կը մտածեմ, այս իրիկուն ան մարդիկը ժամ մը չի քաշէր հաւու պէս կը թօթափին:

Եւ աս խօսքերը այնպիսի անհոգ արհամարհանք մը ունէին, եւ իր յստակ ու որոշ ձայնը այնչափ փոխուած չէր, որ եթէ իր մեծ աչքերուն բոցը չլինէր, որ ամէն շարժմունքին կայծակ կը հանէր, արձան կը կարծուէր, այն միջոցին Բաբկէն ներս մտաւ.

– Ե՛լ, իշխանիկս, – ըսաւ, – մարդիկը կ'ուգան, ինչպէ՞ս պիտի ընենք:

– Թո՛ղ զիրենք, որ մեծ դռնեն ներս մտնեն, դու, երբ ամէնքը կը մտնեն, դուրսը կեցիր, ո՜վ որ ելնէ` մահուան հարուած մը տուր:

– Բայց դու հոս մինակ ես, անոնք կամ տասներկու կամ տասներեք են:

– Դու լսեցի՞ր, Բաբկէ՛ն հայրիկ, քու պաշտօնդ դռանը դուրսը` մարդ ողջ չի հանելն է:

Այնպիսի անդիմադրելի եղանակաւ մը զրուցուեցաւ այս, որ Բաբկէն դուրս ելաւ առանց խօսելու, քթին տակեն աղօթք մը մռմռալով. անտարակոյս աղօթքը Թորոսին համար էր:


Страницы книги >> Предыдущая | 1 2 3 4 5 | Следующая
  • 0 Оценок: 0

Правообладателям!

Данное произведение размещено по согласованию с ООО "ЛитРес" (20% исходного текста). Если размещение книги нарушает чьи-либо права, то сообщите об этом.

Читателям!

Оплатили, но не знаете что делать дальше?


Популярные книги за неделю


Рекомендации