Электронная библиотека » Ծերենց » » онлайн чтение - страница 4

Текст книги "Թորոս Լեւոնի"


  • Текст добавлен: 24 мая 2022, 19:47


Автор книги: Ծերենց


Жанр: История, Наука и Образование


Возрастные ограничения: +12

сообщить о неприемлемом содержимом

Текущая страница: 4 (всего у книги 15 страниц) [доступный отрывок для чтения: 5 страниц]

Шрифт:
- 100% +

Տան վարի պատուհանները երկթէ վանդակներ ունէին, ճրագները վերցնել տուաւ. վերի փեղկերը` ըսաւ Դիոնիսին թէ` պէտք է պաշտպանել, որպէսզի Եւփիմէ չի վախնայ: Իսկ ինք թռաւ սանդուխներէն վեր, Լեւոնի ահագին սուրը մերկ աջ ձեռքը բռնած եւ երկսայրի սուրը մէջքը, իջաւ փայլակի մը պէս. Եւփիմէի, որ անխօս կեցէր էր, գգուանօք ձեռքը պագաւ. «Սիրտդ հանգիստ բռնէ, ժամ մը չի տեւէր, ասիկայ դիպուած մ՚է, – ըսաւ, – վաղուան համար մտածենք»: Սա անխռով խօսքերը թէպէտ կ'ապահովէին քիչ մը անոր սիրտը, եւ կուզեր խօսիլ` բայց չի կրցաւ, ու նոյն միջոցին տեսաւ, որ Թորոս զինք ձգեց, դուրս ելաւ պարտէզ եւ տան դուռը վրայեն գոցեց ու պատին քով թուփերուն մէջ ծածկուեցաւ: Ինք տան շուքին մէջն էր, ո՛վ որ դռնեն մտնէր` որոշ կը տեսնէր լուսնի լուսով. եւ ահա կիսաբաց դուռը բացուեցաւ եւ մէկիկ-մէկիկ գողի պէս կը մտնէին իր սպասած մարդիկը. մտնողը մէկ մը կանգ կառնուր, չորս կողմը կը դիտէր եւ դէպի դուռը կը յառաջանար: Երբ եօթ-ութ հոգի ներս մտան եւ առջի մտնողները տան դռանը եւ թուփերուն մօտեցան` ահագին եւ սոսկալի ձայն մը որոտաց. Թորոս ինքն էր, եւ հարուած հարուածի վրայ կը յաջորդէր. արդէն երեք հոգի գետինը կը տապլտկէին եւ երկուքը փախան. հազիւ ան ատեն երեք հոգի թշնամիներէն կարողացան նորա վրայ հարձկիլ, բայց այս յարձակմունքն ալ նոյնչափ օգտակար եղաւ իրենց` որչափ առջի յանկարծակի գալն. երկու հոգի դարձեալ մահացու վիրաւոր կ'ինկնէին, եւ իր ահագին սուրը մէկդի կը թռցնէր զէնքերու բեկորները, թեւեր, մատեր, եւ վիրաւորք կամ վատք, որ դուրս կ'ելնէին, Բաբկէնը կը գտնէին, որ հարուած մը միայն տալով կը պառկեցնէր զիրենք. եւ որպէսզի արգելք չըլլան ուրիշ ելլողներոմէ` խղճմտանքաբար ոտքերնին կը քաշէր եւ պատին տակ կը դիղեր: Երբ երեք-չորս եղաւ դիակը եւ տեսաւ, որ դեռ ներսը գինուց հարուածները չեն դադրիր, «Քիչ մ՚ալ ներս մտնենք, – ըսաւ, – վասնզի երկայն եղաւ»: Ճիշտ ժամանակին մտաւ, վասնզի չորս-հինգ հոգի զթորոս շրջապատած սուրերնին ձեռուընին կանոնաւոր յարձակում կ'ընէին. ասոնց մէկուն կռնկին` Բաբկէնի սուրին հարուածը` զայն գետին գլորցուց, եւ աս անակնկալ օգնութիւնը միւս ամէնքը յուսահատեցուց. փախչելու որոշումն աւին: Թորոս սաստիկ յոգնած էր, իսկ Բաբկէն` «Ասոնք ալ թող երթան սատանային գիրկը, ո՜ւմ յոգն է, – կ'ըսէր, – բաւական է, որ սա ինկածներուն մէջ ան անպիտան մեծաբանն ալ գտնուի` որ չէր հավտար թէ առիւծու կորիւնն միշտ առիւծ է: Ապրի՜ս, իշխանիկս, տես քանի՛ մարդ դիաթաւալ կացուցէր է… ես գիտէի, որ քաջ էր, բայց ինչչափ ժամանակ է ոչ կռիւ տեսած էր, ոչ զէնք գործածած… լաւ՜ սկսանք, մեր Սեւ լեռն հասնինք, ան ատեն տասնապատիկ պիտի մեծնա…»:

Աս միջոցին լռութիւն տիրած էր պարտէզին մէջ, գինուց շաչիւն եւ շառաչիւն ամէն բան դադրած էր, միայն քանի մը վիրաւորք եւ հոգեվարք կը տքային. ան ատեն Թորոս` «բացէ՛ք դռներն» գոչեց, եւ տան դռներն բացուեցան. ճրագներն վազցուցին, տունն ու պարտէզր լուսաւորեցան. դուրսն ու ներսր եօթ-ութ դիակք կայի՛ն, եւ մեր քաջակորովը կանգնած էր անոնց մէջ, կ'ապսպրէր ծառաներուն ողջ մնացողներն ներս առնուլ եւ դարմանել: Իսկ Եւփիմէ երբ տեսաւ զթորոս` ողջ բայց արիւնով ներկուած, եւ երբ իմացաւ թէ` չէր անգամ վիրաւորուած, աչքերը ուրախութեամբ երկինք կը վերցնէր, գոհութիւն կ'ուտար աստուծոյ: Եւ առանց ծառաներուն սպասելու ինք ջուր կը բերէր, որ իր փեսան մաքրուի, լուացուի: Եւ երբ Թորոս ան ահագին աշխատութենեն վերջը բազմոցին վրայ տարածուեցաւ, Եւփիմէի երեւակայութեան մէջ աշխարհիս բոլոր Աքիւլլեսներէն եւ Հերակլեսներէն աւելի բարձր էր, ուստի դառնալով Դիոնիսին`

– Վաղը նաւը, որ պիտի գայ, մենք ալ մէկտեղ կերթանքյ այնպէս չէ՞, հայրիկ, – ըսաւ:

Իսկ Դիոնիս առանց պատասխանելու աս հարցման` Թորոսին կը նայէր, որ նոյնպէս պատասխան չտալով ծերուն կարծիքը կուզեր իմանալ: Իսկ նա երբ տեսաւ թէ երկուքն ալ լուռ կեցէր են` «Ո՞ւր է Բաբկէն, Բաբկէն հայրի՜կ» սկսաւ կանչել: Բաբկէն ներս մտաւ գլուխն ու երեսը ծածկած եւ հազիւ քանի մի քայլ կրցաւ առնիւլ միայն, նստաւ եւ գլորեցաւ. ամէնքը տեղերնեն ցատկեցին ելան եւ գլուխը բոլոր արնաշաղախ տեսան. ինք մարած էր կամ մեռած: Դիոնիս մէկեն` մօտեցաւ, զննեց գլխուն պատռածը, լուաց, վէրքերը դարմանեց, պատեց եւ իմացուց թէ սուրի հարուած մը ճակտին ոսկորը թէպէտ կտրէր էր, բայց ուղեղին չէր վնասած, ուստի ապահովցուց զամենքը` յուսացնելով թէ քիչ մը ժամանակեն կրնար առողջանալ բոլորովին: Աս վերջին խօսքը մխիթարեց զթորոս բայց Եւփիմէի խնդիրը չի լուծեց:

ԳԼՈՒԽ է ԱՐԾՐՈՒՆԵԱՑ ՇԱՌԱՒԻՂ ՄԸ

Դիոնիս թէպէտ ուրիշները ապահովցուց Բաբկէնի համար, բայց զինքը մէկ-երկու ժամ ամենեւին չի թողուց, եւ պաղ ջուր շարունակ գլխուն վրայ դնել հրամայելեն եւ իրեն խօսիլն արգիլելեն վերջ, ելաւ պտոյտ մը ըրաւ անկելոց մէջ. ամէնքը մեռած կամ հոգեվարք էին. տասնմէկ հոգի: Ծերը սկսաւ մտածել. ուրեմն երկուքը փախած էին, եւ առաւօտուն երկրորդ այցելութիւն մը կարելի էր Անդրոնիկոսի կողմեն, որ անոնց մէջ չի կար. եւ Դիոնիս կ'երեւակայէր թէ անշուշտ այդ խումբին գլխաւորը գտնուած էր նա, ուրեմն փախած էր եւ պիտի դառնար, եւ թերեւս Բաբկէնի հարուածը տուողը նա ինքն էր: Ուստի ծառայ մը առած հետն եւ լապտէր մը, դէպի ծովեզրն գնաց եւ ծովուն քով մարդ մը տեսաւ, որ կը ջանար գրկելու ուրիշ ահագին մարդ մը, որ ինկած էր գետին, եւ որ տեսնելով թէ երկու հոգի դէպ իրեն կ'ուգան` ցատկեց մակոյկի մը մէջ, որ ծովերն էր, ու միջոց մը անցնելով կեցաւ եւ սկսաւ դիտել. ծռեցաւ Դիոնիս եւ զննեց մարդն ու իր վէրքը, մարդը Անդրոնիկոս ինքն էր, վէրքը սուրի մը հարուած, որ աջ թոքը վիրաւորած էր, եւ թէ որ թողուէր, մահաբեր կրնար լինիլ, ուստի շուտ մը ծոցեն շիշ մը հանելով թաշկինակը թրջեց եւ վէրքին բերանը խցեց, արեան դադրիլը եւ դեղին զօրութիւնը Անդրոնիկոսի հառաչանաց ձայն մը հանել տուին: Այն ատեն ծերը քիչ մը մտածելեն վերջ դէպի ծովեզրը գնաց եւ մակոյկին մէջ կեցող մարդուն ձայն արձկեց.

– Բարեկամ, – ըսաւ, – դու կը տեսնես, որ մենք քու տիրոջդ թշնամի չենք, իր վէրքը պատեցինք, եւ թէ որ կ'ուզես իր կեանքը ազատել` եկ մեզ օգնէ, որպէսզի կատարելապէս մահվնէ ազատենք զինքն:

Մարդը քիչ մը մտածելեն ետք խրեց իր մակոյկը ցամաք, ելաւ նաւեն եւ ծառային հետ շալկելով վիրաւորը շտկուեցան դէպի տուն: Եւ այսպէս Դիոնիս ապահովեցաւ թէ ալ մարդ չի կար լուր տանելու մայրաքաղաքը: Մանաւանդ որ բուն թշնամին իրեն ձեռքն էր: Միայն չէր կրնայ գուշակել թէ ի՞նչ ընդունելութիւն պիտի ընէր Թորոս իր մահացու թշնամին ափն անցնելով. եւ գոհ եղաւ` երբ լոյսը մօտեցնելով տեսաւ, որ նա անտարբեր եւ հազիւ թէ արհամարհոտ աչք մը ձգեց իր ոխերիմ թշնամուոյն վրայ, եւ Բաբկէնին մօտ կուզեր տեղաւորել, որպէսզի դիւրին լինի երկուքին ալ միասին խնամք տանիլ: Բայց ծեր բժիշկը, որ Թորոսի մեծահոգիութիւնը կը տեսնէր, նոյնը չէր հաւատար ոչ Անդրոնիկոսի եւ ոչ Բաբկէնի համար, ուստի զատ սենեակներ երկուքն ալ զետեղել կը մտածէր: Եւ ահա Եւփիմէ երեւցաւ սենեկին դուռը Բաբկէնի ձեռքեն բռնած, որուն անխռով կ'առաջնորդէր դէպի սենեակը, իմացնելով Դիոնիսի թէ ինք իւր հիւանդը նայելու մտադիր էր, իսկ թշնամուոյն խնամքը ուրիշներուն կը վերաբերէր:

Դիոնիս` մակոյկին պահապանը եւ ծառայ մը Անդրոնիկոսի քով ձգելեն վերջ, երկու մնացած ծառայից հետ մօտակայ ամայի եւ անջրդի հեղեղատի մը մէջ նետել տուաւ դիակները ու երբ ամէն թան կարգի դրաւ, դարձաւ տուն իր վիրաւորները տեսնելու: Անդրոնիկոս կը զառանցէր, ուստի պէտք եղած դարմանները ինչ որ կարելի էր այնպիսի տեղ ապսպրելեն վերջ, Եւփիմէի սենեակը դռան առջեւ եկաւ եւ տեսաւ Բաբկէն, որ անկողնին մէջ նստած կը պատմէր Թորոսին:

– … Ինձի ըսիր թէ դռնեն ողջ մարդ պիտի չելնէ, ես տեսայ փախչողները, ըսածդ մոռցայ. հօրեղբայրդ ըսած էր մեզ. «Տղա՛ք, փախչողին մի դպէք, թողէք երթան», միտքս հոն գնաց, երբ ուշադրեցի, վազեցի ետեւնուն, մէկը դռնեն տասը քայլ անդին գետին փռեցի, միւսը մեծ էր, ուժով կը թուեր. ծովուն մօտ հասայ, դարձաւ, ի՜նչ տեսնեմ, մեր մարդն էր: «Աղուէ՛ս, կա՛ց, – ըսի, – առիւծին ձագը տեսա՞ր», հազիւ թէ սուրը կուրծքին դրի, գլխուս սուրի լաւ հարուած մը իջուց, ինք ալ գլորեցաւ: Աչքերս մթնցան, աղբիւրին վազեցի, լուացի արիւնը, տեսայ որ չի կտրիր. վերարկուս վիրքին վրայ բռնեցի գոցեցի. հոս եկայ. գլուխս պտոյտ կ'ուգար: Տիկինին ձայնը լսեցի, որ «Բաբկէն հայրիկ» կը կանչեր, եւ ալ ինչ եղայ, չիմացա…

– Լաւ, – ըսաւ Դիոնիս, – ես ալ քեզի արգիլած եմ, որ չխօսիս, հանդարտ պէտք է նստիս: Բաբկէն լռեց եւ Եւփիմէ ամէնը ճամփեց ու իր վրան առաւ գնա խնամել. դուրս ելան եւ հոն Թորոս ու Դիոնիս սկսան խորհուրդ ընել երկրորդ օրուան ճամփորդութեան վրայ` եթէ նաւը գա, եւ որոշեցին, որ Թորոս երթա, իսկ Բաբկէն առողջանայ լեն վերջ Դիոնիսի եւ Եւփիմէի հետ գա:

Ուստի աս որոշմունքն ընելէ վերջ արդէն կէս-գիշերն անցած էր, Թորոս ընկողմանեցաւ բազմոցի մը վրայ, իսկ ծերը երբեմն իր `հիւանդներում այցելութիւն կ'ընէր, երբեմն կը մրափէր, մինչեւ արշալոյսը երեւցաւ: Բաբկէն քանի-քան ի անգամ նոյն գիշերն աղաչեց Եւփիմէի, որ զինքը թողու եւ հանգչի, բայց նա շարունակ պաղ ջուր դնելով գլխուն եւ լռել հրամայելով լուսցուց: Եւ երբ տնտեսն, ըստ սովորութեան, իրենց պատրաստ կերակուրը բերաւ, իջաւ առանձին պատուերներ տալու եւ ետքը իր հիւանդին քով քաշուեցաւ:

Թորոս եւ Դիոնիս նաւուն գալը կը գիտէին, եւ նաւ չէր երեւար, ծովեզրը կ'իջնէին, լուր չի կար, եւ այսպէս կ'անցունէին ժամանակը մինչեւ կէսօր: Անդրոնիկոսի վիճակը աւելի ծանր էր, թէպէտ Դիոնիս չէր յուսահատած, իսկ Բաբկէն թէպէտ ինքզինքը լաւ կը գտնէր` կամայ ակամայ իր բռնաւոր տիրուհուոյն ձեռքը մնացեր, Թորոսի կը հարցնէր` «Ա՛լ բաւական չէ՞», որ կը ժպտեր եւ պատասխան չէր տար: Կէսօր եղաւ, եւ ճաշի նստան, թէպէտ ամէնուն սիրտը անհանդարտ. Դիոնիս երեւակայելով, որ Անդրոնիկոսի մը անհետանալը չէր կրնար յուզմունք ար չհանել եւ ոստիկանութիւնը Թորոս փնտրելով զանի պիտի գտնէր. Թորոս, որ նաւուն կը սպասէր եւ Եւփիմէեն ու Բաբկէնեն պիտի բաժնուէր. Բաբկէն, որ իր տիկնոջ խնամքն երէն կը քաշուէր, կ'ամաչէր եւ ձեռք են ազատելու ճարը չէր տեսնէր, միայն Եւփիմէ անխօս, անմռունչ բժշկին հրամայած պաղ ջուրը Բաբկէնին գլխուն առանց պակաս ընելու` նստած տեղեն ծովը կը դիտէր. անոր համար ալ հազիւ քանի մը պատառ առած ելաւ հիւանդին քով երթալու: Դիոնիս իմացուց թէ ալ Բաբկէնին համար վտանգ չի կար. եւ թէ ուղեղին ցնցմունքն, վէրքին եւ հարուածոյն հետեւանք հիւանդութիւնն ալ անցէր էին, ուստի հանգիստ կրնար ընել. իսկ Եւփիմէ առանց պատասխան տալու գնաց վեր եւ հազիւ թէ սենեակը ելաւ եւ պատուհանին աչք մը ձգեց` գողի մը պէս մատուըներուն վրայ կռխեղով` իջաւ սանդուխեն եւ պարտէզին դուռը գտաւ. հոն տնտեսը դիմաւորելով` ձեռքի կապոցը առաւ. – Նաւեն լուր առի՞ր, – հարցուց:

– Գենովացի նաւը կ'ուգայ, ջուրը պիտի առնու եւ ճամփայ ելնէք

– Լաւ, դու մտիր սեղանատուն եւ իմաց տուր:

Եւ ինք կապոցը ձեռքը սրացաւ վեր, մտաւ իր սենեակը:

– Բաբկէն հայրիկ, բժիշկը քեզի հրաման կ'ուտայ ելնելու եւ հանդարտ ծանր քալելու. դու ինչպէ՞ս ես:

– Ո՜հ, Տիկինս, աստուած քեզի երկար կեանք տա, ես լաւ եմ, ահա կը տեսնես, – ըսաւ ճակտին լաթը վերցնելով եւ կանգնելով:

– Չէ, մ՚արտորար, – ըսաւ Եւփիմէ, վէրքը լաւ մը փաթթեց, ինչպէս տեսեր էր Դիոնիս են, գլխարկը գլուխը գրաւ, – հիմա հանդարտ քայլերով դուրսի սրահը գնա, ինձի սպասէ:

Եւ աս խօսքերը այնպէս մայրենի անուշութեամբ մը ըսաւ, որ խեղճ Բաբկէնի աչքերը չցուեցան, եւ առանց բերանը բանալու ձեռքը երկնցուց. Եւփիմէ ձեռքը տուաւ եւ կորովի ծերը իր շրթունքները վրան դնելուն երախտագիտութիւնն եւ որ մեծն է մանաւանդ իր համարմունքը կը յայտնէր, բոլորովին զղջալով իւր առաջին գիշերուան կասկածանաց վրայ: Ուստի դուրս ելաւ, նստաւ սրահը եւ որովհետեւ Տիկինը րսած էր թէ ալ առողջ էր, միտքն ինկաւ թէ անօթի է, եւ զղջաց թէ ինչպէ՞ս Տիկնոջը չէր հարցուցեր թէ ի՞նչ կրնար ուտել:

Այս ծանր խորհրդածութեան վրայ էր Բաբկէն, երբ Թորոս եւ Դիոնիս սանդուխին վրայ երեւցան կամաց ձայնով խօսելով:

– Դու չե՞ս ճանչեր Եւփիմեն, – կ'ըսէր ծերը, – ոչ թէ միայն դու, ես նաեւ չգիտեմ թէ ի՞նչ կերպով պիտի կարէնամ ազատիլ ձեռքեն:

– Ես ալ չեմ ուզէր եւ չեմ կրնար իրմէ զատուիլ, բայց դու, ազնիւ բարեկամդ իմ, դու, որ աշխարհք կը ճանչես, լաւ կրնաս դատել իմ վիճակս եւ թէ ի՛նչ վտանգներու դիմագրաւ պիտի երթամ. ինչպէ՛ս այսպիսի անձ մը, բայց դուռը կը բացուի…

Երկու խօսակիցք ապուշ մնացին, տեսնելով, որ սենեկեն դուրս ցատկեց վայելուչ եւ պարզ հագուստով, մէջքը դաշոյնով, խիստ ժպիտով տասնութ տարեկան գեղեցիկ եւ կորովի պատանի մը, որ առանց խօսելու սրահին մէջ կանգնեցաւ, եւ անքթիթ իրենց կը նայէր: Անոնց զարմանքեն աւելի մեծ եղաւ Բաբկէնի հիացումը, որ ձեռքերը երկինք վերցնելով`

– Փա՜ռք աստուծոյ, կեցցէ՜ մեր քաջ Տիրուհին, – կանչեց:

Եւ լռութիւնը դարձեալ յաջորդեց: Վերջապէս Դիոնիս դառնալով Թորոսի`

– Տեսա՞ր, իշխան, – զրուցեց, – ես քեզի չասի՞…

– Լաւ՛, – ըսաւ Թորոս, – ես կեանք մը ունէի զոհելու ազգիս համար, կէսը դու կը յափշտակես, Եւփիմէ:

– Ոչ այդպէս, կեանք մը ունէիր նուիրելիք ազգիդ, ահա երկուք ունիս անոր նուիրելիք, իմ երակացս մէջ ալ կայ այդ քու Արծրունեաց արիւնեդ. եւ Դիոնիսին դառնալով աւելցուց Եւփիմէ անխռով, – ժամանակ պէտք չէ կորսնցնել, երթանք: Բաբկէն բաւական զօրեղ է, ի՞նչ կը դանդաղինք:

– Դու պէտք է մտածես թէ ձեր օգտին համար ես հոս պէտք է մնամ, գոնէ քիչ մ՚ատեն:

– Մեր օգուտը` աստուած եւ քու ընկերութիւնդ է: Անոնք փուճ խօսքեր են, հայրիկ, ոչ դու առանց ինձի կրնաս ապրիլ, եւ ոչ ես առանց քեզի եւ Թորոսի: Ահա ինչ որ ստացուածք ունիմ, հոս է, իսկ մնացածը որ չեմ կրնար տանիլ` կը թողում յափշտակողին, կա՛մ ան է, որ Թորոսի բախտը ինձի հազարապատիկը կ'ուտայ, կա՛մ ան է, որ եթէ ողջ մնացինք անշուք եւ առանձին կեանք մը կը վարենք գոհութեամբ աստուծոյ այն անհամար արարածոց պէս` որոց վաղիւն նա ինք կը հոգա:

Եւ ձեռքը ծերուն բերնին վրայ դնելով, ժպտելով մը, որ չի պատասխանէ` ձեռքեն բռնեց եւ Թորոսի ալ ակնարկեց ծրարը առնուլ, որ ներսն էր, ու ինք առջեւեն կ'իջնէր. իսկ Թորոս երբ սենեակը մտաւ, իր աչքին առջի բանը որ դիպաւ, Եւփիմէի դեղձան մազերու ոսկեփայլ կոյտն էր, որ գետինը փռուած կը կենային, առաւ համբուրեց անոնք եւ նայեցաւ երկինք, շնորհակալ եղաւ, որ աստուած այսպիսի կին մը իր առջեւ կը հանէր, որ հայրենեաց զոհողութեանց աոաջինը իր գլխուն վրայեն կը սկսէր: Ուստի առանց երկմտելու առաւ վերարկուն, զէնքերը ու ծրարը եւ սկսաւ հետեւիլ անոր, որ զուարթ երեսով ամենեն առաջ կ'երթար անվախ եւ համարձակ:

Հիւսիսային հովը ուժով եւ յաջող կը փչէր. նաւը իր բոլոր առագաստները բացած կը սահէր, կը թռէր, եւ մեր չորս ճամփորդները երեւալէ զգուշանալով` նաւակներու հետաքրքիր նայուածքներէն կը հեռանային Վոսփորի ափունքներէն, եւ վերջը ահագին մայրաքաղաքին տեսութենեն գոհ եւ ուրախ սրտով, եւ դեռ մութը չի հասած, ցամաքը սկսաւ անհետանալ, եւ Մարմարայի մէջ կը յառաջանային հանդարտ ու խաղաղ:

Խեղճ Բաբկէն դեռ անօթի էր, թէպէտ ուրախ, եւ իր ուրախութիւնը կ'աւելնար, քանի որ միայն երկինք ու ծով կը տեսնուէր: Երբ մեր նաւորդքն իրենց, սպարտական ընթրիքն ըրին, եւ վերջը Դիոնիս Բաբկէնի վէրքը զննեց եւ լաւ վիճակի մէջ գտաւ, երբ ամէն թան յաջող եւ երջանիկ սկիզբով երջանիկ կատարած կը խոստանար Բաբկէն ոչ թէ առողջ, այլեւ երիտասարդ կ'երեւէր, եւ երբ Եւփիմէ իրեն աս աշխուժին վրայ կը կատարէր, նա, Տարտանելը թէպէտ գէօ շէին անցէր, ծիծաղելով կ'ըսէր` «Տիկին, մի՛ զարմանար, իմ լեռներուս հոտը ես արդէն շնչեցի»:

ԳԼՈՒԽ Ը ՀԱՅՐ ՍՈՒՐԲԸ

Եւփիմէ ուրախ էր, վասնզի ինչ որ սրտին սիրական ունէր` հետն էր. Բաբկէն ուրախ էր, վասնզի կին, զաւակք եւ հայրենիք պիտի տեսնէր. Թորոս` թէպէտ անթափանց` ուրախ էր, վասնզի կը յուսար` քանի որ կը հեռանար. ազատութիւն, փառք, հայրենի ժառանգութիւն եւ ամենայն ունենալու. թէ որ մէկը կար, որ անտարբեր կ'երեւար եւ որ թերեւս դժգոհ ալ էր առանց յայտնելու` Դիոնիս էր. սրամիտ, փորձ եւ նախատես. ամէն բան կը քննէր, ամէն բան կը հարցնէր. նաւապետին, նաւաստիներուն հետ կը խոսէր, հեռուն նաւ մը, ծոց մը իր սուր աչքերեն չէր փախչէր. եւ դիտակը, նորահնար գործիք ձեռքը, իր հետաքրքրութեան օգնականն էր: Նաւը, որ ինք վարձեր էր թէպէտ Կիլիկիա երթալու նպատակաւ, բայց Գենուացի նաւապետին Կիպրոս զրուցէր էր. ան միտքով, որ Կիլիկիոյ սահմանները երբ հասնին` հոն ելնեն: Մանաւանդ որ ինք համոզուած էր թէ Կիլիկիոյ բոլոր ծովեզերքը խիստ պահպանութեան վիճակի մէջ էին, եւ տէրութեան նաւեր Թորոսի սպասելու հրաման առած էին: Ուստի երբ առանձին իր մտածութեան հետ կը մնար, Եւփիմէի Յանդուգն յամառութիւնը կը նզովեր եւ ինքզինք կը մեղադրէր, որ բաւական քաշութիւն չէր ունեցեր դիմադրելու նորա աս ուղեւորութեան. թէպէտ երբ անոր մօտենար` իւր բոլոր մաղձը, տխուր նախատեսութիւնքը, անոր զուարթ կատակներուն եւ ծիծաղներուն առշեւ կ'անյետանային: Եւ եթէ մխիթարութեան առիթ մը կար` այն էր, որ, տասն օր հազիւ թէ եղած` նեղուցները անցէր եւ միշտ յաջողակ հողմով աջ ու ձախ Արշիպեղագոսի կղզիներու նջեն կը հասնէին. ոչ Սարակինոսաց հեն, ոչ ասպատակ, որ այն ժամանակներ սովորական էին եւ ոչ Բիւզանդական կայսրութեան պատերազմական նաւ մը իրենց հանդպած չունէր: Ձախ կողմը Տորոսի լեռներ արդէն իրենց ժայռոտ զլուխները կը ցցնէին, որոնց վրայեն Բաբկէնի աչքերը չէին զատուէր. վասնզի սկիզբն եւ նախաշաւիղ էին իր Սեւ լեռներուն. ուստի կամաց եւ անմռունչ կ'երգէր երգը` զօր Ռուբենի առջի ընկերները` Տորոսի բարձանց վրայ նոր հասած` երգեր էին:

 
Սեւ լեռներ, սեւ լեռներ,
Ձեր գըլուխներ է համպերէ մըթընցեր,
Դուք, ամպեր, սեւ ամպեր,
Ուսկի՞ց կ'ուգաք, ո՜վ ամպեր,
Ինչո՞ւ մութ էք, ո՜վ ամպեր:
 
 
Հեռու երկիր բարձրաբերձ են մեր լերինք,
Սպիտակափայլ միշտ ձիւնազարդ գըլխընին,
Հոն արեգին պայծառ նշոյլք չեն տոչոր,
Ի բնակիչսն նոքա անուշ կ'ակնարկեն:
 
 
Սեւ լեռներ, սեւ լեռներ,
Ձեր գըլուխներ է համպերէ մըթընցեր,
Դուք, ամպեր, սեւ ամպեր,
Ուսկի՞ց կ'ուգաք, ո՜վ ամպեր,
Ինչո՞ւ մութ էք, ո՜վ ամպեր:
 
 
Փոթորկալից մեզ բուռն հողմեր հոս բերին,
Մեծին Հայոց Մասիսն էր մեր խանձարուրք,
Արագածու գլուխն էր մեր արքունիք,
Նրպատ, Գրգուռ, Բիւրակն էր մեր շտեմարան:
 
 
Սեւ լեռներ, սեւ լեռներ,
Տէր գըլուխներ է համպերէ մըթընցեր,
Դուք, ամպեր, սեւ ամպեր,
Ուսկի՞ց կ'ուգաք, ո՜վ ամպեր,
Ինչո՞ւ մութ էք, ո՜վ ամպեր:
 
 
Ըսէք ուրեմն թէ օտար չեմք, ո՜վ ամպեր,
Մեծին Հայոց մենք եւս որդիք հարազատ,
Հոս վըտարեալ ի մարդադէմ գազանաք,
Ազատութեան ի սուրբ անուն կը գոռամք:
 
 
Սեւ լեռներ, սեւ լեռներ,
Ձեր գըլուխներ է համպերէ մըթընցեր,
Դուք, ամպեր, սեւ ամպեր,
Ուսկի՞ց կ'ուգաք, ո՜վ ամպեր.
Ինչո՞ւ մութ էք, ո՜վ ամպեր:
Ո՜վ բարեկամ դուք, ամպեր,
Տո՛ւք մեզ ձեր շուք, ո՜վ ամպեր,
Եւ ի շռինդ եւ հօր մարտի,
Մեզ օգնութիւն տո՜ւք շանթեր:
 

Պայծառ գիշեր մ՚էր, նա կ'երգէր. երիտասարդութեան գեղեցիկ օրեր, սիրոյ եւ յաղթութեան յիշատակներ` ամէնքն այն երգին հետ իր անդրդուելի սիրտն կը տրոփէին, երբ փոքրիկ թաթի հարուած մը յուս զինք յուշի բերաւ:

– Ի՞նչ է, Տիրուհիս:

– Բաբկէն հայրիկ, – ըսաւ Եւփիմէ անուշ ձայնը, – ի՞նչ կ'երգէիր:

– Է՜հ, մեր լեռները, մեր երիտասարդութեան յիշատակները կ'երգէի, մեր տղաքը ո՜յ գիտէ ինչ կ'երգեն, ննջեցելոց երգեր թերեւս. տեսնենք թէ մեռելներու քունեն ինչպէ՞ս պիտի արթննան:

– Ի՞նչ կարծես, հիմա որ երթանք, չէ` կարելի, որ անտարբեր մնան ձեր իշխանները Թորոսի ձայնին:

– Մեր իշխանները, Տիրուհիս, միշտ անտարբեր կը մնան. բայց մեր լեռնցիք զանոնք կ'արթնընեն, թէ որ պէտք ալ լինի կը բռնադատեն, որ միանան եւ նաեւ հնազանդին. թէ որ իշխաններան մնա, որ թէպէտ քաշ են` բայց նախանձոտ եւ հպարտ, մենք միշտ ողորմելի գերի կը լինէինք ամէնուն` յոյնին եւ սարակինոսին: Բայց ժողովուրդը տեսա՞ր, ամէնքն ալ զինուոր են, ամէնքը կը կռուին. անոնք էին, որ Ռուբենի, Կ'ոստանդնի, Թորոսի ձայնին միացան ու ժողովուեցան. ո՜հ Թորոսը տեսնէի՜ր, հա, մեր իշխանիկը՛ անոր կը նմանի. բայց ի՜նչ մարդ էր, երկու աչերն երբ մէկուն վրայ ձգէր, գիտէիր թէ սիրտդ կը կարդայ, գէշ մտածողն ալ, լաւ մտածողն ալ աչքին երեւալեն կը վախնային. մեր մեծ վարդապետները, ան մեծմօրուք եպիսկոպոսները` ամէնքը կը վախնային իրմէ. ինչ խօսք, որ զրուցէին կը չափէին. մեր լեռը` բոլոր վանք ու անապատ է, կարգաւոր աբեղայ լեցուն է, մէկ հատ չի կար, որ անկից չակնածէր. շատին խօսիլ չէր տար. մարգարէի պէս գիտէր թէ ինչի՞ համար եկած են, ի՞նչ կ'ուզեն. մենք անոնց սեւ հրեշտակ կ'ըսենք, Թորոսին սպիտակ հրեշտակ կ'ըսէինք. նա անոնցմէ խելօք էր. լաւ՜, բայց բան մը զրուցե՞մ, Տիրուհի, օր մ՚եղաւ, որ մենք անկից խելօք բան խորհուրդ տուինք, նա մտիկ չըրաւ: Ան մեծ կռիւն, որ եղաւ, ուր Լեւոն` աս մեր իշխանիկին հայրը, որ առիւծի մը կը նմանէր, այնպէս քաջացաւ, որ ողջ բանակի մը գործ կատարեց, ամէն իշխանք զարմացեր մնացեր էհն, ժողովուրդը` «Միայն Ռուբինեանք կ'ուզենք» ըսին. մենք ալ կայինք հոն` ժողովրդեան քանի մը հարիւր խելօքները. ըսինք, որ այդ իշխանները այսօր Թորոսի ու Լեւոնի քաշութեամբ ազատեցան սկիւթներէն, վաղը անոնց դէմ դաւաճանութիւն կ'ընեն. քանի որ պատրաստ այստեղ են` ամէնքը բռնենք հաւի պէս կարտենք` արքայութիւն ուղարկենք. շատ չէ յիսուն-վաթսուն հողի մեծ ճօճերեն, բոլոր երկիրը կը խաղաղի, ամէնքն ասոնց կը հնազանդին, հայր կը լինի մէկ սիրտ, մէկ հոգի: Իրենք ներս էին Վահկայ բերդին աւազանին վրայ նստած մեծ ու պզտիկ իշխանք, մենք պարտէզին ծայրը կայնած էինք: Հոն մեծ իշխանը, մենք ինչ որ առանձին խոսէր էինք` բառ առ բառ իշխանաց ըսաւ թէ ասոնք ազգին խաղաղութեան համար, հիմա աս վայրկենին դուրսն այսպէս խօսեցան եւ խորհուրդ ըրին թէ զձեզ ջարդեն. մենք ապուշ մնացինք, իսկ Թորոս մեզ յանդիմանեց, իշխանները վստահեցուց, սիրոյ, խաղաղութեան յորդորեց, եւ ըսաւ, որ` «Եթէ աստուած` իր ծառաներէն ոմանց առաւելութիւն տա, պէտք չէ հպարտանալ եւ ոչ ալ նա խանձիլ, այլ յօգուտ ժողովրդեան եւ ի սէր ազգութեան եւ արդարութեան գործածել», ու ամէնքը սիրով ու ընծայուք ճամփեց: Այսպիսի անձ մ՚էր, որ իր թշնամիներն անգամ դիտէր բարեկամ ընել, թէ որ անգամ մը միայն տեսնուէր: Ետքը իր եղբօր օրով մենք գիտենք, որ հայ իշխաններ, լատին իշխաններ եկան ձեր թագաւորին հետ միացան, որ առաջ բարեկամ էին կուտէին, կը խմէին մէկտեղ, թէ որ մենք անոնք ամէնքը սպաննած լինէինք, ուսկից ետք մեր վրայ պիտի ժողւուէին: Էն խելօքն ան անիրաւութենէ որ վախնայ, անիրաւին կերակուր կը լինի:

– Չէ՛, այնպէս չէ, Բաբկէն, – ըսաւ Թորոսի կամաց բայց խիստ ձայնը, – անիրաւութիւն միշտ վատ բան է. ան կարծուած այսօրուան օգուտր շատ եւ չի կարծուած վնասներ կը ծնանի. աւելի լաւ է արդարութեամբ մեռնիլ, քան թէ անիրաւութեամբ իշխել:

– Ես գիտեմ, որ դու հօրեղբօրդ պէս կը մտածես, փառք աստուծոյ, որ անոր ալ կը նմանիս, եւ կը յուսամ թէ նոյնպէս ալ յաջողիս:

– Բայց ո՞ւր պիտի հանէ զմեզ նաւը, – հարցուց Բաբկէն:

– Այդ ինձ չի վերաբերիր, ահա մարդը, որ պաշտօն ստանձնեալ է զմեզ ցամաք հանելու: Ան վայր կենին իր պաշտօնը կը լմննայ, իմս կը սկսի:

– Այո՛, – ըսաւ Դիոնիս, որ Կիլիկիոյ ափանց վրայ շտկած իր դիտակը անթարթափ կը նայէր, – բայց մենք, իշխան, չպիտի կարէնանք հոս ցամաք ելնել, այլ պէտք է շիտակ Կիպրոս երթալ` վասն-

զի շարունակ ծովեզրը նաւեր կ'երեւան, որ կ'երթեւեկեն, անշուշտ մեզի համար է իրենց զգուշութիւնը:

– Ո՛վ որ հնազանդիլ չգիտէր` չգիտէր հրամայել, քու է հիմա իշխանութիւնը, ըրէ՛ ինչպէս գիտես, ինչպէս արժան կը դատես:

Ուստի Դիոնիս ուղղուելով նաւապետին եւ իրեն հետ քիչ մը խորհրդակցելեն վերջ, նաւը շտկեցին Կիպրոսի վրայ, մանաւանդ որ հովը յաջող էր եւ քիչ վերջը ահա ցամաք սկսաւ անհետանալ եւ կղզին երեւիր Իրօք մեր ճանապարհորղքը բաւական ձանձրացեր էին ծովեն, ցամաքի զուրկը սկսէր էր զիրենք յոգնեցնել, ուստի Եւփիմէ առանց իր զուարթութիւնը կորսնցնելու նաեւ ցամաք մը ոտք կոխելու մեծ փափագ ունէր, եւ երբ Կիպրոսի հիւսիսային կողմը սկսաւ նկարուիր, արմաւենեաց բարձր գլուխներն երեւիլ, Դիոնիս, որ զգուշութիւն եւ նախատեսութիւն ինքն էր, կասկածելով խնդրեց նաւապետեն, որ փոխանակ Կիւրինէ քաղքին մօտենալու քիչ մը դէպի արեւելք անշեն տեղ մը ցամաք հանէ, ուր գիւղ մը եւ քանի մը հիւղեր կ'երեւէին ցիրուցան. շուտով մակոյկ մը մեր չորս ճանապարհորդքն ծովեզրը դուրս դրաւ, եւ նաւն սկսաւ հեռանալ իր ճամփան:

Թէպէտ Բաբկէնի սիրտը տխուր էր Կիլիկիոյ ափանց հեռանալուն, բայց զարմանքով կը նայէր այս կզզոյն, որ շատ նմանութիւն ունէր իւր հայրենի երկրին հետ. նոյն ծառերն էին, նոյն բերքերն եւ նոյն լեռներու գօտիներն, նոյն կլիման ու բրինձն. միայն հոս հայու լեզու եւ հայու կերպարանք չի կար: Ուստի տրտում կ'երթային ծովեզրը հիւրընկալ տեղ մը գտնելու համար, երբ Եւփիմէ, որ Թորոսին թեւն ի վար կախուած կը քալէր`

– Տե՛ս, – ըսաւ, – սա սեւազգեստ մորուոք հեծեալը, որ անսովոր գլխարկ մը դրած լեռան ստորոտը կը ձիավարէ:

Թորոս մէկեն թեւն ազատեց եւ սրացաւ դէպ նոյն կողմն, վասնզի հայու վարդապետ մը տեսաւ վեղարաւոր, եւ երբ «Հայր սո՜ւրբ» ձայնեց ուժզին, եկեղեցականը ձին դարձուց եւ սկսաւ դէպի նա ձիավարել հանդարտիկ եւ երբ հասաւ` մօտեցաւ Թորոս ակնարկ մը նետելով եւ երկայնահասակ, թիկնաւէտ, կենդանի աչքերով վաթսուն տարեկան ծեր մը տեսաւ, որ աւելի զինուորի կը նմանէր իր շարժմունքներէն, քան թէ խաղաղութեան քարոզ` սեղանի պաշտօնէի մը, որ նոյնպէս իր սուր աչքերն Թորոսի ուղղելով, կը զննէր:

– Աստուած օգնական, հայր սուրբ:

– Աստուած պահապան, որդեակ:

– Այս կողմերը հայոց բնակարան ո՞ւր կրնայ գտնուիլ:

– Հոս` մեր Ս. Մակարայ վանքը կայ:

– Ձեզ նեղութիւն ընել չէ մեր միտքը, բայց քանի որ ազգային անձինք կան, մեզ աւելի սիրելի է անոնց հիւր լինիր Հեռո՞ւ է շատ վանքը հոսկից, հայր սուրբ:

– Երկու ժամի չափ կը տեւէ:

– Ուրեմն ներեցէք մեզի` ձեր ազգայնոց, որ ձեզ ընկերանանք:

– Սիրով եւ ուրախութեամբ, որդեակ, – ըսաւ վարդապետը, – եւ խորազնին ակնարկ մը ձգելով ամէնուն վրայ եւ երիտասարդի մը պէս ցատկելով ձիեն ու Եւփիմէին նայելով, աւելցուց.

– Կը տեսնեմ, որ ձեր մէջ այնչափ երիտասարդ եւ տկար անձինք ալ կան եւ որ աւազի վրայ քալելեն այնչափ յոգնած ու կարմրած են, որ աս դարուերն շատ նեղութեամբ պիտի ելնեն. ուստի սիրով կ'ընծայեմ իրենց իմ կենդանիս:

Այս խօսքին շնորհակալութեան բառ մ՚ըսելով Թորոս, փետուրի պէս ձիուն վրայ դրաւ զեւփիմէ եւ Բաբկէնին յանձնելով, ինքն ալ հայր սուրբին ընկերութեամբ սկսան յառաջանալ: Քիչ մը ատեն Լռութեամբ ճամփան շարունակելեն վերջ, իբրեւ թէ երկու կողմն ալ կը սպասէին իրարու, որ առաջին լինին խօսելու, վերջապէս հայր սուրբ չի կրնալով համբերել եւ Թորոսի յամառութենեն ձանձրացած ըսաւ ժպտելով.

– Զարմանք է, տիար, որ այսպիսի թարմ պատանեակ մը հետերեւիդ աս օտար երկրները կը պտտցնէք:

– Զարմանքի ժամանակի մէջ կապրինք, հայր սուրբ, – ըսաւ Թորոս անխռով, – անոր համար կը տեսնէք զիս, որ բանի մը վրայ եւ ոչ ձեզի պէս աստուածաշնորհ անձի մը երկսայրի սուրին վրայ կը զարմանամ, եւ մանաւանդ թէ ուրախութիւն նաեւ կը զգամ, որ քաջ նիզակակից մը մեզի կ'աւելնայ:

– Լաւ՛, որդեակ, – ըսաւ վարդապետը, – ուրախ եմ, որ ժամանակին յարկը կը ճանչէք, եւ ես ձեր աս տարիքին վրայ` տեսնելով այդ սրատես խոհեմութիւնը` մեծ յոյս կառնում եւ իմ փափագներս ու երազներս գրեթէ կատարեալ կը տեսնեմ:

– Շատ մութ կը խօսիք, հայր սուրբ:

– Ես շատ պայծառ կը խօսիմ, բայց դուք, իշխան, չէք ուզէր հասկն աղ եւ ձեր խոհեմութիւնը չափազանցութեան կը տանիք, եւ ան մարդուն, որ իր կեանքը քառասուն անգամ` մանաւանդ թէ հազար անգամ ձեր եւ ազգին փրկութեան համար վտանգի դրած է, վստահութիւն ցցնելէ ալ կը զգուշանաք, եւ դեռ նոր տեսութիւն մը իրմէ զլացաք:

– Խնդրեմ ձեր անունը ինձ շնորհել, – ըսաւ Թորոս հետաքննին եւ հրամայական աչք մը դարձեալ հայր սուրբին վրայ նետելով:

– Կոստանդին Բարձրբերդցին եմ, որ անցեալները դեռ ամիս ու կէս հազիւ կայ Բաբկէնին հետ տեսնուեցայ Պոլիս, դուք զիս չէք ճանչեր, եւ ես ալ զձեզ Բաբկէնին ընկերութենեն երեւակայեցի:

– Եւ Բաբկէն դարձեալ քեզ չի ճանչե՞ց:

– Ան ատեն զիս ուրիշ հագուստներով տեսաւ եւ սեւ մորուոք:

– Բայց դու վտանգ մը անցուցիր Պոլիս, եւ շատ չէ, որ հոս եկար:

– Այո՛, աս նզովից արմատ յոյները իմացեր էին իմ գալուստս, ուստի նոյն գիշեր զիս բռնել միտք դրած էին, եւ ես փոխանակ դռնեն անցնելու, ինչպէս կը սպասէին, երդիկեն անցայ եւ իմ ճամփաս գնացի խաղաղութեամբ եւ փոխանակ Կիլիկիա ելնելու, ինչպէս կը յուսային, եկայ Ս. Մակար քանի մը ամիս ճգնելու, մինչեւ որ այցելութիւն լինի հաստուծոյ:

Եւ երբ Թորոս աս խօսքին վրայ փոքրիկ ժպիտ մ՚արձակեց, Կոստանդին ծիծաղով մը պատասխանեց, բայ դարձեալ շուտով ծանրութիւն մը առաւ, վասնզի երիտասարդին վսեմ կերպն ակնածութիւն կը հրամայէր, եւ Կոստանդին կ'ըսէր ինքնիրեն թէ` «Յիրաւի Թորոս անունովն ալ, բնութեամբ ալ կենդանացէր է հեղբօրորդին. տեսնենք քաջութեամբ ալ թէ անոր կը նմանի` Թորոս Բ. կ'ունենանք»:

Ծովեզրը արդէն ձգէր էին եւ դար վեր կ'ելնէին անտառոտ ժայռերու եւ պարտէզներու մէջեն, հեղեղատի մը աջն ու ձախ շաւիղին հետեւելով. եւ Բաբկէն, որ անկարծելի տեղ մը հայոց վանք գտնելուն ուրախ էր եւ շատ ալ նմանութիւն իր Սեւ լեռան բնութեան եւ կղզոյն մէջ եւ նաեւ Եւփիմէի անվեհեր ձիավարութեան վրայ` զուարթ դէմքը զգեցաւ բոլորովին: Անոր` հայր սուրբին պաշտօնին վրայ, հայոց ընդհանուր եկեղեցականաց վրայ տեղեկութիւն կ'ուտար, անոնց ճգնաւորական կեանքին վրայ գալով, կը պատրաստէր Եւփիմէ անապատական ընթրիքի մը, վասնզի օրն ալ արդէն սկսած էր երեկոյիլ: Եւ ահա մեծամեծ աւազաններ եւ տեղ-տեղ պարտէզներ, ուր մշտադալար նարնջենի եւ կիտրոնի էր, շէնքի մը մօտիլը կը ցուցնէին, եւ վերջապէս եղեւին անտառի մը ստորոտը երեւցաւ Սրբոյն Մակարու վանքը, եւ մեր հինգ բարեկամները քանի մը վայրկեան ետքը առաջնորդութեամբ վանահօր` իրենց բնակարանը կը հանգչէին:


Страницы книги >> Предыдущая | 1 2 3 4 5 | Следующая
  • 0 Оценок: 0

Правообладателям!

Данное произведение размещено по согласованию с ООО "ЛитРес" (20% исходного текста). Если размещение книги нарушает чьи-либо права, то сообщите об этом.

Читателям!

Оплатили, но не знаете что делать дальше?


Популярные книги за неделю


Рекомендации