Электронная библиотека » Ծերենց » » онлайн чтение - страница 2

Текст книги "Թորոս Լեւոնի"


  • Текст добавлен: 24 мая 2022, 19:47


Автор книги: Ծերենց


Жанр: История, Наука и Образование


Возрастные ограничения: +12

сообщить о неприемлемом содержимом

Текущая страница: 2 (всего у книги 15 страниц) [доступный отрывок для чтения: 5 страниц]

Шрифт:
- 100% +

– Փուճ տեղ կը յոգնիս, Բաբկէն, – ըսաւ Թորոս լուրջ կերպով, – մենք հիմա քարէ, փայտէ բարեկամ մը չունինք, պէտք է որ պատրաստուինք աս անիծեալ քաղաքեն փախչելու, ծոցերնիս ստակ մը չունինք, որ նաւու մը վարձք կարէնանք ընել, քու ըսածիդ պէս թէ որ խելօք լինինք եւ առիթ մը երբ պատահի անկից օգուտ քաղել չդիանանք, մենք ալ քու փռանկներեղ ավիզի դատարկ գլուխ կը լինինք: Դու նայէ սա քաղաքս, այս օր պտոյտ մը ըրէ. տե՛ս, նայէ՛ հայ մը կը տեսնես թերեւս, ամէն հայու ականջ մի՛ դնէր, հայերէն խօսող ուրացեալ հայ կարելի է շատ գտնես, բայց սրտով հայ շատ քիչ կայ, մանաւանդ տէրտէրներէն զգուշացիր, անոնց լաւը սուրբ է, բայց գէշը սատանայեն ալ վատ է: Երբ իմ վրայ խօսք դառնա, զրուցէ՛ թէ ապուշին մէկն է, զրուցէ թէ միտքը բռնուած տարտամ մարդ մ՚է, հօրը հիւանդութենեն վերջը փոխուեցաւ զրուցէ, ցաւի, ողբա իմ վրաս. իսկ թէ որ մարդ մը հանդիպիս, իրօք ճշմարիտ մարդ մը, քանի մը տեսութենէ վերջ ինձ իմաց տուր անունով, տեղով, անցեալով եւ յետոյ, երբ որ ուզեմ, ինձի կը բերես: Ահա քու ընելիքդ:

– Լաւ, – ըսաւ Բաբկէն, ելաւ երթալու:

Շատոնց էր` Լեւոնի մեռնելեն վերջը` այսչափ երկար խօսակցութիւն չէր ունեցեր իր երիտասարդ տիրոջ հետ, ուստի ուրախ էր սրտով, թէպէտ դէմքը ծիծաղի սովորութիւնը մոռցեր էր: Եւ երբ դուրս կ'ելնէր, ձայնեց Թորոս.

– Բաբկէն հայրիկ, փող ունի՞ս:

– Մէկ փող չի կայ, բայց աստուած ողորմած է:

– Ինչպէ՞ս:

– Երբ ոտք չունէինք աստուած ոտք տուաւ, հիմա ալ ստակ վունինք, աստուած մեծ է, կ'ուտայ, դու հոգ մ՚ընէր:

ԳԼՈՒԽ Գ ԽՆԱՄԱԿԱԼ ՁԵՌՔԸ

«Լաւ՛, – ըսաւ Թորոս ժպտելով, երբ Բաբկէն գնաց, – աղէկ գիտէ ծերուկն, որ ես ալ փող մը չունիմ. պատուական մարդ, աստուած իրեն յաջողութիւն տա. տեսնենք ինչպէ՜ս կը դառնա եւ երբ, վասնզի ան մարդկանց մին էր, որ պարապ դառնալ չեն գիտէր: Ի՜նչ մտածութիւն` ծառին վրայեն հսկել իմ վրաս, եւ ի շնորհս Բաբկէնի իմացայ թէ ո՞վ է անձը, որ զիս կը խնամէ, թէ որ այդ խնամքը ծուղակ մը չէ. վանքի մը մէջ բանտարկեալ անձի մը սիրահարուիլ, ուսկի՞ց զիս տեսեր է, ո՞ւր ճանչեր է. ահա չորս տարի է որ աշխարհքի հետ մեր ամէն յարաբերութիւնք կտրուած էին, սենեակ մը երկթէ վանդակներով մեզի կը ներէր կղզուոյն բարձրութենեն տեսնել ծովը շրջապատեալ, եւ խեղճ հայրս երկու հողի վրայ աչերը սեւեռեալ` կը նայէր հողը, որ Ռուբենի գերեզմանն էր, եւ որու քով ինք պիտի թաղուէր, եւ ծովեն անդին քիչ մը հեռուն Ասիոյ ծովափունքը, որոնց շարունակութիւնը կ'երթայ մինչեւ Կիլիկիա: Կիլիկիա, ուր երբեմն թէպէտ տղայ, կը յիշէի առյւււծը, որ Տորոսի բարձանց վրայ կանգնած` կը դիտէ` ահա մեր սահմանը կ'ըսէր, որ աստուած որոշէր է. ահա սա լեռներուն գիծը եւ ծովու ալեաց փայլը թէ որ կարէնայի՜նք հայութեամբ լեցնել այդ երկիրը, կը յիշեմ նաեւ այն օրը, որ նա դղեակը դարձաւ մեծ պատերազմէ մը` վերջը, ուր շարունակ ամիսով հօրեղբօրս հետ մէկտեղ սկիւթացուոց ահագին բանակի մը արշաւանաց դէմ կը պատրաստուէին, ի՜նչ սոսկալի ամիս էր ան: Ես մօրս եւ եղբօրս հետ կ'ելնէինք մեր լեռանց վրայ այցելութեան ան խեղճ, ժողովրդեան, որ փախեր լցուէր էին կանանց, տղայոց եւ կենդանեաց բազմութեամբ ապաստարան գտնելու Տորոսի ժայռէոու վրայ, մարդիկ բոլոր զինեալ հօրեղբօրս եւ հօրս հետ բարբարոսաց բանակը կը դիտէին, որ չբաւականանալով աւարաւ, գերութեամբ ու կործանմամբ` կ'այրէին, կը վառէին գիւղեր, աւաններ ու քաղաքներ, արհաւիրք եւ սարսափ պատած էր զամենքը, ամէն անհամբեր հօրեղբօրմես ակնածողք` հօրս աննկուն եւ յանդուգն քաշութիւնը գիտնալով իրեն կը դիմէին. «Մինչեւ ե՞րբ պիտի սպասենք, – կ'ըսէին, – դու ե՛լ, մենք ամէնքս քեզի հետ ենք, հա տանք, լմնցանք, մինչեւ ե՞րբ սպասենք», – Իսկ Լեւոն, հայրս` «Տղա՛ք, խենթացա՞ք, – կ'ըսէր, – ես մեծ եղբօրս այսպիսի վտանգաւոր ժամանակ անհնազա՞նդ լինիմ, աստուած չընէ, ես լաւ կշռած եւ խելամուտ եղած եմ, որ առաքինի իշխան եւ հմուտ ու իմաստուն զօրավար է նա, այսպէս ժամանակ խորհուրդ տալն անգամ յանցանք է. երբ ըսէ` պատերազմինք, պատերազմինք ու մեռնինք, բայց ան ատեն միայն»: Ետքը տեսանք, որ կը հատսնէին Տիգրան, Սպլասաթ իրենց խում բերով, Գող Վասիլ իր աննկուն վաշտերով, եւ ահա լատինացի սպառազինաց փոքրիկ խումբ մ՚ալ վրայ հասաւ, եւ պատերազմի փողը սկսաւ հնչել Վահկայ բերդին վրայեն, փողհարք լեռները կը հնչեցնէին, եւ ամէնքը գնացին: Ես ան ատեն տասը տարու էի, եւ Ռուբեն, որ ինձմէ երեք տարու մեծ էր, սուր մը ձեռքը եկաւ զիս գտաւ. «Քալէ՛, Թորոս, – ըսաւ, – մենք ալ երթանք պատերազմի, մենք կնիկ ե՞նք, որ հոս դղեակը նստինք». ես տարտամ կը մտածէի, վասնզի սուր չունէի, երբ մայրս վրայ հասաւ, երկուքնիս ալ զինեալ եւ անզէն բերդին աշտարակին մէջ բանտարկել տուաւ:

Օր մը հոն կ'եցանք, մէկ մ՚ալ յաղթութեան ձայներ լսուեցան, մեր բանտին դռները բացուեցան. իրաւ, թէպէտ ամէն աչք սգոյ արցունք կուլային, բայց դարձեալ յաղթութեան ուրախութիւնը զամենքը գինովցուցեր էր. իսկ հայրս երբ տեսանք, շփոթեցանք, չէինք գիտէր ո՞ղջ էր թէ մեռած, վիրաւոր կարծեցինք եւ իմացանք թէ յոգնած էր եւ թէ յաղթութիւնը գրեթէ նորա քաջութեան սքանչիլիքն էր: Անկողնին մէջ պառկած օրերով` բոլոր զօրագլուխները կ'ուգային զինքը փրկիչ կ'անուանէին, եւ հօրեղբայրս նախ կը վկայէր աննախանձ թէ աստուծմէ վերջը Լեւոն Կիլիկիոյ ազատարարն եւ առիւծն եղաւ: Ամէն օր կ'ուգար զինք տեսնելու: Ի՜նչ ուրախ օրեր անցան մինչեւ գերութեան օրերն, որ եկան. ոհ, մոռնամ այն օրերը եւ շյիշեմ: Ներկային վրայ` այո՛, պէտք է մտածել, բայց ներկան անծանօթ ապագայ մը ունի. տեսնենք սա կինը անշուշտ ինձի պիտի երեւայ, եւ սա քօղը պիտի վերնայ. ինչ կը նշանակէ. թէ որ յոյները զիս սպաննել ուզէին` ի՞նչ դժուարութիւն կար իրենց համար. սպասենք ուրեմն»:

Սպասաւորը եկաւ ճաշի հրաւիրելու. իշխանը, որ երբ իջաւ, տեսաւ, որ յարգանօք կ'ողջունէր զինքը առջի օրուան մարդը, որ տուն առաջնորդէր էր եւ բնակեցուցեր, դարձեալ իմացնելով թէ պատրաստ է ամէն հրամանները կատարել. իսկ Թորոս իր անհոգ եւ միամիտ ձեւը հագնելով, պատասխանեց թէ գոհ է եւ գանգատի նիւթ ամենեւին չունի: Ուստի ճաշը կատարելեն վերջը առանց երկար խօսակցութեան մտնելու այդ մատակարարին հետ, քաշուեցաւ դարձեալ վերի սենեակը` իմացնելով թէ քուն ունի:

Թէ որ Ալեքսանդրէ սկսեալ բոլոր երեւելի մարդիկ ծանր պարագաներու նախերգանաց մէջ կրցեր են քնանալ, պէտք չէ զարմանալ, յաջողութեան ապահովութիւնը միշտ յոգնած մտքի մը քուն կը պարգեւէ, այսպէս եղաւ նաեւ մեր Թորոսին, որ դարձեալ քունի թաղուեցաւ. բայց քուն մը, ուր իրեն կ'երեւար թէ գեղեցիկ, ոսկեթել մազերով կին մը թեթեւ քայլերով իբր ստուեր անկողնին շուրջը կը պտտի, ու քանի անգամ, որ ձեռքը իրեն կ'երկնցնէր` փախուստ կ'ուտար. աս խաղը շատ անգամ հանդիպելով վերջապէս աչքերը բացաւ եւ մարդ չի կար. աչքը խաբուսիկ դռանը դարձուց եւ տեսաւ կիսաբաց, թէպէտ կորովի, թէպէտ բնութենեն աներկիւղ, սաստիկ զարմացաւ տեսնելով, որ իր անշարժ սիրտը կը թնդար, կը բաբախէր եւ զօրութիւն մը զինք կը ձգէր, կը քաշէր դէպ այդ կիսաբաց դուռը. ուստի կանգնեցաւ գինովի մը պէս, դուռը սողաց, անհետ եղաւ իր մատանց դպելուն, եւ մտաւ նա նոր սենեակ մը, ուր լռութիւն եւ միայնութիւն կը տիրէր. քօղարկեալ վարագոյրներով պատուհաններ լոյս կը նուազեցնէին, բազմոց մը եւ խորանի պէս թան մը կար մէկ կողմը, դէպի հոն դիւեց եւ հազիւ թէ քայլ մը առաւ, մնաց… Եղբօրը` Ռուբենին, կենդանի պատկերը պատին վրայ կախուած, գոյնզգոյն, թարմ ծաղիկներով պսակուած տեսաւ. աս տեսարանը մէկեն զինք փոխեց, սրտին փոթորիկը դադրեցաւ, ալեկոծութիւնը հանդարտեցաւ, եւ յորդառատ արցունքի հեղեղ մը երեսնիվար կը վազեր, ձեռքը` ճակատն ու մթնցած աչքերը կը գոցէին, արձան մը տխրութեան հոն կեցէր էր, երբ փափուկ, պզտի ձեռք մը` անուշ ձայն մը, որ իր անունը կ'ուտար, զինքն ի խորունկ քունէ արթնցուց. եւ երբ տղու մը պէս իր ձեռքը թոյլ տուաւ այն ձեռքին եւ աչքերը դարձուց անոր, որ զինք կը կոչեր, յիրաւի սքանչելի, ազնուական եւ լուրջ կերպարանք մը տեսաւ, պարզ` զգեստներուն, պարզ` զարդարանաց եւ պարզ իր գեղեցիկ հասակին համեմատութեան մէջ: Աչքերը իրեն յառեալ` «Բաւ է այդչափը, իմ սիրուն Թորոս, – ըսաւ, – արցունքը մեր կանանց իրաւունքն է, ձեր բաժինը վրէժն է. ես շատ գիշերներ անցուցեր եմ այդ պատկերին առջեւ արցունքով»: Իսկ Թորոս այդ ձիւնափայլ ձեռքը իր շրթանց տարաւ, ուզեց խօսիլ, չի կրցաւ, վասնզի արցունք եւ սրտի յուզմունք ձայնը խեղդէր էին. իր քաղցր խրատուն իբր գորովալի մայր` ձեռքեն բռնած տարաւ բազմոցին վրայ քովը նստեցուց եւ բեհեզեայ թաշկինակաւ իր եւ անոր արցունքները կը սրբէր: Երկայն վայրկեաններ անցան եւ այս երկու տարբեր գեղեցկութեանց սքանչելիքն իբրեւ հին բարեկամներ ձեռք-ձեռքի, ծունկ-ծունկի, աչք-աչքի կիսանուաղ կը նայէին, մինչեւ աչքերը կենդանութիւն առին, եւ վերջապէս Թորոս կամաց ձայնով մը ըսաւ. «Չեմ գիտէր ով ես. բայց հրեշտակ մը չի կրնար ուրիշ կերպարանք մը ունենալ եւ ոչ ուրիշ ձայն մը, եւ ոչ այդ գորովալից խնամքը. զիս թշուառ պանդուխտս, հէգ բանտարկեալս, դժբախտ գերիս, ո՞ւր տեսար, ինչո՞ւ կարեկցեցար եւ ինչպէ՞ս սիրեցիր. աս պատկերին առջեւ չի հասած հանելուկը հանել անկարելի էր, բայց հիմա կարծեմ թէ կը խելամտիմ»:

– Այս էր իմ փափագս ալ, երկայն, սովորական եւ անհամ տարփական խաղեր ինձի սիրելի չեն: Ուստի նախ զիս, իմ անցեալս սուիտի ճանչես: Իմ անունս Եւփիմէ է. իմ հայրս` Ալեքսիս, Փոքր Հայոց կուսակալ. երբ Սեբաստիա Հայոց թագաւորաց յանձնուեցաւ, Արծրունի իշխանի մը աղջկան հետ կ'ամուսնանայ, եւ Պոլիս դառնալեն տարիներէ վերջը ես կը ծնիմ. ես կ'աթնկէր տղայ միակ մխիթարութիւն կը մնամ մօրս, որ իր նոր ազգութեան հետ բոլորովին չէր կրցեր հաշտուիլ մինչեւ իր մեռած վայրկեանը, ուստի ես հազիւ չափահաս եղած Կոստանդին կայսրը զձեզ կալանաւոր բերաւ Կիլիկիայէ, մայրս առանց ձեզ ճանչելու անմխիթար էր ձեր անկման` համար. ընկերացեալ հօրս հին բարեկամաց` ամէն ջանք ի գործ դրաւ` առանց երբեք երեւալու, եւ յաջողեցաւ զձեզ բանտեն ազատել եւ արքունեաց դուռը նաեւ բանալ ձեզի. այն օրէն` եւ առջի տեսնուելուն զիս Ռուբենի հետ նշանելու միտք յայտնեց, մանաւանդ որ տարեկից էինք: Բայց Ռուբենի սրտաբաց կերպը, գեղեցկութիւնը, բիւզանդացի կանանց անբարոյական վրաձգողութիւնը, նորա ալ զուարճութեանը անյագ սէրը Հօրս մտաց հաստատութիւնը խախտեց, եւ դեռ մէկուն չի բացուած սկսաւ ջանալ զիս համոզել, որ այդ երիտասարդեն անցնիմ, քանի որ ապագայ դժբախտութիւն մը ակներեւ էր, բայց իմ սիրտս այդ պատճառաբանութեանց չէր կրնար համոզուիլ, նախանձը զիս կ'ուտէր, եւ անտարբեր կը ձեւացնէի ինքզինքս. պատերազմ կար ներսս, եւ մէկուն չէի կրնար բանալ. ուստի մօրս հնազանդելու համար ամէն ջանք ըրի, եւ Ռուբենի անունն` անգամ ալ բերնես չելաւ. մայրս կարծէր թէ մոռցեր էի, եւ ես Ռուբեն կ'երազէի: Զանազան անձանց հետ ամուսնութեան առաջարկներ ըրաւ բայց ես միշտ կը հեռացնէի, մինչեւ որ ծանր հիւանդութեամբ պառկեցայ, եւ բանդագուշանքս մօրս յայտնած էին գաղտնիքս, ուստի խեղճը բժշկին խորհրդով զիս Ռուբենի հետ ամուսնացնելու ամէն ջանք ընելու խոստմունք ըրաւ, եւ հիւանդութիւնը նոյն վայրկենին բարեփոխութիւն ունեցաւ, եւ օրաւուր ես առողջութեան մէջ հաստատուեցայ, գոյներս եկան. Ռուբենի հետ մէկ քանի տեսութիւն իր կեանքի ձեւը փոխեցին, եւ Ռուբեն առանց` մեզի սպասելու առաջարկութիւն մը ըրաւ մօրս` հօրը հաւանութիւնն ընդունելու պայմանաւ: Մեր ուրախութիւնը` մանաւանդ մօրս ուրախութիւնը` անկարելի է պատմել. բայց ինչչա՜փ կարճ եղան ուրախութեան օրերը: Յանկարծ դժբախտ դիպուածին լուրը տարածուիցաւ, մայրս զիս մխիթարելու կը ջանար, երբ ինք ինձմէ աւելի հիւանդ էր, ես անկողին ինկայ, սաստիկ ջերմ մը զիս կը տանջէր. նոյն միջոցին մայրս ուրիշ սենեակ մը մեռէր էր: Պառաւ հօրաքոյր մը իմ վրաս կը հսկէր երկու տարի, եւ հօրս բարեկամ, ծեր եւ փորձ բժիշկ մը, որ հազիւ թէ ես քիչ մը շարժէլու սկսայ` զիս հիւծեալ եւ մաշեալ` Իշխանաց կղզին օդափոխութեան տանել հրամայեց, մեր բնակարան տունն ինք որոշելով. հոն հօրաքոյրս եւ ինք ինձի հետ միայն կը զբաղէին եւ կ'առնէին զիս մօտակայ վանքը կը տանէին մեծաւորին, եւ բժիշկը կը նստեցնէր զիս պատուհանի մը առջեւ, բարի եւ սրամիտ ծերուն դիտաւորութիւնը իմացայ այն օրը` երբ զքեզ հօրդ հետ տեսայ, պարտէզին մէջ կը շրջագայէիք. Ռուբեն կենդանացած կարծեցի, եւ գետին պիտի գլորէի թէ որ արթուն ծերը, որ զիս աչքեն չէր կորցնէր, զիս չբռնէր. մարելուն հետեւանք սոսկալի ջղային ցնցմունքներ եկան եւ այն օրէն կեանքը իմ երակներուս դարձաւ. զքեզ երբեմն տեսնել նոյն պատուհանեն իմ դեղս եղաւ. տեսայ դարձեալ զքեզ հօրդ դագաղին ետեւեն, երբ բանտեն գերեզմանատունը կը տանէին, երդում ըրի ան ատեն զքեզ ազատելու համար ամէն ջանք ընել. տարի մը անօգուտ աշխատեցայ իմ պատուական բժշկիս հետ, եւ երբ Մանուէլ հօրը տեղն անցաւ, ալ ապահովեցայ, իսկ քու սրտիդ համար ամենեւին երկբայութիւն չունհի. եւ այնպէս համոզուած էի թէ Ռուբենի այնչափ նման եղբայրը, որ զիս այնչափ սիրեց` անկարելի էր, որ անոր սրտին նման սիրտ չունենար, եւ թէ նորա յիշատակը մեր սրտերուն հանգոյց չլինէր:

– Այսպիսի ազնիւ սրտի, այդ հրաշագեղ կերպարանաց, այդչափ իմ ազատութեանս համար եղած ճգանց, եղո՜ւկ, դառնացեալ սրտէ մը զատ ոչինչ չունիմ, եւ այն կրնա՞յ բաւական փոխարէն համարուիր

– Ի՞նչ, – ըսաւ աղջիկը, եւ աչքերն այնպիսի լուսոյ նշոյլ մը փայլատակեցին այս հարցական թառին հետ, որ Թորոս զարմացաւ, – դու սի՞րտ մը միայն ունիս. չէ՛, Թորոս, դու այդ սրտիդ հաւասար ապագայ մ՚ալ ունիս, դու իշխանութեան ընդարձակ երկիր մ՚ալ ունիս եւ անոնք կը մոռնա՞ս. ես քու ձեռքիդ երբ փափագեցայ, քու իշխանութեանդ փառքին ալ մասնակցիր փափագեցայ, ահա կը տեսնես, որ ես շատ ըահասէր եմ եւ շատ փառասէր, մի՛ կարծէր զիս այն կանանցմէ, որոնց մտքին ընդարձակութիւնը իրենց սրսկապանեն անդին չի կրնար տարածուիլ, ո՛հ, չէ՛, ես քեզի ինչպէս Ռուբենին` իշխանական աթոռ մը կը փափագիմ, ես ձեր այս տոհմական կազմուածքին մէջ Պլուտարքոսի դիւցազուններ կը տեսնեմ. ներէ՛, ես դեռ մօրս ազգին դիւցազունքը չեմ ճանչեր, եւ կրնաս ապահով լինել, որ անխոնջ գործակից մը եւ ամենայն վտանգաց անվեհեր դիմագրաւ մը հիս պիտի գտնես: Դու ճանչցար հօրդ սուրը, զօր քեզի համար պարտաւորեցայ զինարանեն գողնալու հարիւրապատիկ իր գնոյն վճարելով (նիւթական գնոյն է խօսքս), եւ դու արժանի մնացիր զայն կրելու:

Թորոս առանց իմանալու բազմոցեն ծունկի վրայ եկեր էր աս հրաշագեղ մարգարէուհուոյն առջեւ, իր բոլոր խոհեմութեան առաջադրութիւնները մէկդի դնելով, եւ երբ դադարեցաւ խօսքեն`

– Քուկդ եմ, – ըրէ զիս ինչ որ կ'ուզես. դու փառասէր ես, կը սես, կ'ուզես թագուհի ըլլալ, եղի՛ր, միայն հայ եղիր, եւ առաջին սպասաւորդ եւ խոնարհ ծառադ ես կը լինեմ, եւ բոլոր իմ ազգս քու հպատակդ կը լինի, միայն թէ օտարին գերութենեն ազատի:

Եւ աս խօսքերն ըսելով ձեռքերը կը պագնէր, իսկ նա, որ հանդարտէր էր, ելաւ վերցուց Թորոսը, եւ թեւը մտնելով դէպի կեղծ դուռը գնաց, որ կիսաբաց մնացեր էր եւ երբ կուղէր մտնել ու Թորոս զինք կ'արգիլէր`

«Մի՛ վախեր, – ըսաւ, – քու սպասաւորքդ իմ միամիտներս են, մօրս ձեռքը մեծցած. դու ալ անշուշտ քու ծառայիդ վրայ ապահով ես, ուսկի՞ց կը վախես, մանաւանդ որ իրենց ապսպրած է, առանց քու կոչիդ, սանդուխհն վեր չելնել: Կ'ուզեմ տեսնել անձամբ թէ բանի մը պէտք ունի՞ս, ի՞նչ կը պակսի քեզի»: Եւ այս ըսելով դարանները կը բանար, գզրոցները կը զննէր եւ տեսնելով, որ բանի մը ձեռք դպուած դեռ չի կար` «Պէ՞տք է զրուցել, աւելցուց, որ ինչ որ իմս է, քուկդ է, ինչ որ հոս կայ, քու գործածութեանդ համար է, անշուշտ դու ստկի պէտք ունիս, եւ ապահով եմ, որ գզրոցին բանալին դեռ դարձած չէ. հիմա որ մենք ալ իրարու ենք` կը յուսամ թէ իմս քուկդ է, քուկդ իմս է»:

– Քու աս խնամքդ; քու այսչափ երկար…

– Մի՛… – ըսաւ Օրիորդը, իր ձիւնափա՛յլ մատը Թորոսի շրթանց վրայ դնելով, ժպիտով մը, – միգուցէ ասկից վերջը շնորհակալութիւն բառը բերնեդ հանես, մեր մէջ առեւտուր մը կայ, չէ՞ մի, որ դու ինձի աս փոքրիկ տան փոխարէն արքայական աթոռ մը պիտի տաս, աս շորերուն փոխարէն ծիրանի, աս երկու ապուշ սպասաւորաց փոխարէն ազգ մը հպատակ, թէ որ խաբուող մը կայ, ես չեմ, Թորոս:

Փոխանակ պատասխանի Թորոս ան սիրուն, ձեռքը համբոյրներով ծածկեց, երբ աղջիկը ցնցուելով մը` «Մենք չիմացանք ժամանակը. պէտք է երթամ, – ըսաւ, – երբ զիս տեսնել ուզես, սա դարանին խորը սա օղակը քաշէ եւ ես կ'ուգամ»:

– Թէ որ ես չհամարձակիմ օղակը քաշելու:

– Ամէն համարձակութիւն ինձմէ՞ կը սպասես:

– Ես որ կարծէի թէ աշխարհիս վրայ բան մը չի կար, որ զիս շփոթէր եւ վախեցնէր, ինքզինքս փոխուած կը գտնեմ: Ես որ երեք կայսեր գահույից առջեւ սրտի տրոփ մը չունեցայ, ի՞նչ եղայ, չեմ գիտէր: Հիմա տղու մը պէս կը դողամ քու առջեւդ. ի՜նչ է աս:

– Աս կնշանակէ, որ դու դեռ տղայ ես, եւ պէտք է քու դաստիարակութեանդ վրայ հսկեմ ես: Այս երեկոյ ուրեմն կ'երակուրեն վերջը կը տեսնուինք, երբ ամէնքը պառկին:

Եւ աս ըսելով ձեռքը տուաւ, որ պագնէ, եւ դռնեն անհետ եղաւ ու գնաց: Իսկ Թորոս մնաց հոն այն դռան առջեւ, փոխուած մարդ մը բոլորովին, սիրտը նոր, անծանօթ զուարթութեամբ մը զեղուն, եւ խաւար աշխարհք լուսաւոր եղած էր իրեն համար. երեկոյեան արեւուն վերջի ճառագայթները վճիտ ոսկեղէն էին, ծառերու եւ ծաղկանց կանաչը շատ աւելի գեղեցիկ էր, քան մէկ քանի ժամ առաջ, օդը առողջ եւ թեթեւ էր շնչելու, եւ վերջապէս երբ պատուհանեն վար նայելով տեսաւ զբաբկէն, այնչափ իրեն գեղեցիկ երեւցաւ իր փշոտ եւ հաստ յօնքերով եւ իր յիսուն բայց կորովի տարիներով, որ եթէ չամչնար, պիտի ցատկէր, իջնէր եւ համբուրէր:

Բայց ինքզինք զսպելով, ակնարկ ըթաւ, որ վեր գա:

ԳԼՈՒԽ Դ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՎԻՃԱԿԸ

Թէպէտ զուարթութիւնը կը փայլէր Թորոսի բոլոր կերպաբանաց վրայ, թէպէտ ամէն պատրաստութիւն ունէր խօսելու` քան լսելու, բայց Բաբկէնի լուրջ եւ տխուր կերպարանքը առժամայն ազդեցութիւն մը ըրին սրամիտ երիտասարդին վրայ, որ իր տարիքեն անհամեմատ վեր էր իր քսան տարիներուն մէջն ալ: Բաբկէն` թէպէտ հազիւ թէ պարզ կարդալ եւ անունը ստորագրել միայն գիտէր, արտաքոյ կարգի խոհուն, անհամեմատ ուժով, տոկուն եւ անխոնջ պատերազմի մէջ, անդրդուելի, հաւատարիմ եւ նախանձայոյզ ազգասէր մարդ մ՚էր:

Թորոսի եւ Լեւոնի յաջողութեանց անթոյլ գործակից, եւ առաջինին պաշտող յիշատակին երկրապագու կրօնամոլ, միտքը դրած էր, որ եթէ Թորոս երկայն ապրէր, անտարակոյս Կիլիկիոյ անկախութիւնը ան ողորմելի վիճակը չէր ընկնէր. ուստի Լեւոն իրեն համար աննման քաջակորով երիտասարդ մ՚էր, զուրկ ան խորագիտութենեն եւ նախատեսութենեն, որ իշխանի մը եւ զօրավարի առաջին յատկութիւնքն են: Բայց որովհետեւ հաւատարմութեան մէջ անդրդուելի էր, խնդրեց Լեւոնի ծառայութեան մէջ մտնել եւ նորա գերութեան անբաժանելի ընկեր եղաւ. բանտին մէջ երկրորդական անձինք էին իրեն համար Լեւոն ալ, Ռուբեն ալ. ամէնքը երկու եղբայր նման կը գտնէին իրարու, ինք Թորոսի եւ իր եղբօր մէջ անբաւ հեռաւորութիւն կը գտնէր: «Ռուբեն, – կ'ըսէր, – հօրը ճիշտ զաւակն է, ուժով, թեթեւամիտ, քաջ մինչեւ ի յանդգնութիւն եւ ի հրաշագործութիւն ծանր վտանգի մէջ, որ կրնան զինք երբեմն ի յուսահատութիւն տանիլ, բայց պզտիկը, ո՛հ իր գլուխը երբեք պիտի չի կորսնցնէ, իր հօրեղբօրը պէս պիտի լինի անյոյս վիճակներու մէջ` անխռով եւ հնարագէտ»: Ուստի Թորոս իր հայրենասէր յոյսերուն զաւակն էր:

Ոչ Ռուբենի աչագրաւութիւնը եւ մահը եւ ոչ Լեւոնի վախճանը, որ զինք տխրեցուցեր եւ դառնացուցեր էին, կարելի էր բաղդատէք Թորոսի փոքրիկ մէկ հիւանդութեան հետ, ուր Բաբկէն ինքզինք կը մոռնար, ա՛լ պարտաւորութիւնը չէր, որ անքուն կը հսկէր պատանուոյն սնարին քով, այլ գորովագութ մօր մը աչալրջութիւնն էր. մինչեւ իր խոշոր եւ հաստ ձայնը դայլայլիկ մը առնուլ կը ձեւանար եւ կը փափկանար թէ որ կարելի ըլլար իր ահագին ձեռքերը նաեւ պիտի մանրանային, երբ դեղին սկահակը իրեն կ'երկնցնէր. այնչափ խնամք կը տանէր զինքը խնամելու եւ տածելու ժամանակ:

Ուստի, հիմա երբ տխուր ու դառն ներկայացաւ, Թորոս` «Ի՞նչ կայ, Բաբկէն հայրիկ, ընքուիներդ շատ խաւար կ'երեւան այսօր,– հարցուց, միթէ ամենեւին հայ սրտով մարդ մը չի կրցա՞ր գտնել»:

– Երանի՜ թէ չի գտնէի. գէշ, իշխանիկս, գէ՜շ:

– Ի՛նչ գէշ, զրուցէ՛ գլուխդ երերցնելուդ, ո՞ւր է գէշութիւնը:

– Միտ դիր, իշխանիկս. ես հոսկից ելայ անծայր քաղքին մէջ բոլոր շուկաները պտտեցայ, մէկ կիլիկեցի հայ մը տեսնեւու համար, որ կարէնամ լուր մը առնուլ թէ մեր լեռները, մեր տղաքը ի՞նչ եղան. իրիկուն եղաւ, ալ յոյսս կտրէր էր, մեյ մ՚ալ մէկը զիս դրդեց կամաց ձայնովի «Բաբկէն եղբայր», ձայնեց. գլուխս վերուցի, նայիմ` երկայն հասակով մէկը, բեռնակրի հագուստներով, չի ճանչցի.

«Մի՛ խօսիր, – ըսաւ, – միայն ետեւես եկու, ես ալ զքեզ կ'ուզէի տեսնել»: Ո՞վ էր, չգիտէի, ան քիչ մը առջեւեն, ես ալ անոր հետեւելով շարունակեցինք ճամփան` մինչեւ խղճուկ իջէան մը հասանք, եւ սենեակ մը բացաւ: Երբ դուռը գոցեց «Զիս չի ճանչցի՞ ր», հարցուց. «Չէ» ըսի: «Բարի նշան, թէ որ դու ալ զիս չի ճանչցիր, ուրեմն սատանան ալ զիս չի կրնար ճանչել: Վահկեցի Կոստանդինը չե՞ս ճանչեր»: Իրօք Վահկեցի բերդակալն էր, եւ սկսաւ ինձի պատմել թէ ինչպէ՞ս բերդին անձնատուր լինելեն վերջը, բռնէր էին զինք հոռոմք ու շղթայակապ նաւումը մէջ դրած Պոլիս կը ղրկէին, եւ թէ ինչպէ՞ս շղթաները կոտրելով նաւաստիներն ու պահապանները սպաննէր եւ նաւը Սելեւկիոյ ծովեզրը կրցեր էր խրեւ եւ անկից Տորոսի ծովեզրեայ ժայռերուն եւ մացառներուն մէջեն` գիշեր-ցերեկ, շատ անգամ անօթի, ծարաւ` քանի մը ձիթուն, քանի մը եղջիւր միայն ուտելով, վերջապէս Սեւ լեռ գտեր էր, եւ թէ ինչպէ՞ս հոռոմները ամէն տեղ զմեր հայրերը կը հալածէին, կը չարչարէին, եւ թէ ամէնքը կը մրմռային, եւ թէ ան մեր անպիտան ազգուրաց Լամբրոնի իշխան-ները` անհոգ, անկարեկիր էին անոնց նեղութեանց, որովհետեւ իրենք իրենց առ կայսր հաւատարմութեան վարձք առած էին պատիւ եւ իշխանութիւն: Իսկ Մամեստեայ հոռոմ կուսակալը` ամէն օր զհայն ու իր հաւատքը կը հայհոյէր, եւ ամէնքը աոտուծմէ Լեւոնի տղոց մէկուն հասնելուն կը սպասէին, որ զէնքի վազեն: Ուստի Կոստանդին հարցուցեր էր թէ ո՞ւր են Մլեհ եւ Ստեփանէ. եւ իմացեր էր թէ Հալէպու Նուրետտին ամիրային ծառայութեան մէջ մտած էին. ելեր գնացեր էր զանոնք գտնելու, եւ հազիւ թէ Ստեփանէ համոզուէր էր Կոստանդինի հետ Կիլիկիա դառնալու, Մլեհ վրայ հասնելով, ոչ թէ միայն իր եղբօրը միտքը շրջելու` այլեւ զկոստանդին մատնելու երդում ըրած էր, եթէ նոյն օրը տաճկին հողերեն դուրս չելնէր:

Կոստանդին ալ յոյսը տրած եկեր էր Պոլիս, որ թէ կարելի է մեր կղզուոյն բանտը կոխէ, հայրդ ու զքեզ ազատէ եւ տանի Կիլիկիա կամ մեռնի. ուստի զքեզ կուզէ հիմա տեսնել:

Իսկ Թորոս աս պատմութիւնը մտիկ ընելեն վերջը առանց պատասխան մը տալու եղաւ եւ մտախոհ` սենեկին մէջ վեր-վար կը շրջագայէր` երբ Բաբկէն արձանի պէս անշարժ կեցէր էր. վերջապէս Թորոս դառն ժպիտով մը`

– Բաբկէն հայրիկ, – ըսաւ, – շատ կ'ուզէի Կոստանդինը տեսնել, վասնզի կ'երեւակայեմ թէ ինչչափ, որ շատախօս է, նոյնչափ եւ աւելի ալ քաջ է, բայց այս անիծեալ կառավարութիւնը, որ աւազակներու, գողեր ու համար ինչչափ անփոյթ է, այնչափ արթուն է մեզի պէս գերիներու համար, ո՛վ գիտէ թէ Կ'ոստանդնի հոս գտնուիլը ոստիկանութեան լրտեսները չեն գիտէր, եւ արդէն կամաւ թողած են, որ պատի եւ տեսած ու տեսնուած մարդիկը նշանակեն: Քանի որ Մլեհ այդչափ անարգ սիրտ մը ունի, եւ Ստեփանէ այդչափ հողդողդ է, քանի որ Լամբրոնի իշխանքը հոռոմոց գերութենեն չեն ձանձրացեր, ես պէտք է իմ ազգիս գլխուն ճարը տեսնեմ. զրուցէ Կոստանդնին, որ զիս տեսնել անօգուտ է, թող զիս Սեւ լեռը սպասէ: Այսչափ տարի համբերեց, շատ-շատ` տարի մ՚ալ համբերէ: Ի՛նչ տեղեկութիւն, որ բերէր է` ինձի բաւական է: Բայց չի հարցուցի՞ր թէ ինչ միջոց, քանի հոգի ունի եղեր, որ աս մայրաքաղաքին դռան առջեւ կը ղզիի մը բանտ մը կոխելու յանդգնութիւնը ունեցեր է:

– Քիչ մը դրամական օգնութիւն գտնելով քանի մը եկեղեցականներէ, գենովացի նաւ մը վարձեր է, հինգ ալ ընկեր գտեր է իրեն պէս անվեհեր մարդիկ եւ աս խորհուրդը մտածէր է:

– Բայց դու ի՞նչ ըսիր, Բաբկէն, աս մեր Կոստանդնին մտածութեանը:

– Ըսի թէ յիմարութիւն է, եւ բարեբախտութիւն մ՚է, որ արդէն բանտին դուռը բացուած լինելով իրենց քաշութեան կարօտութիւն չէ մնացած, որ Կիլիկիոյ միմիայն յուսոյն թերեւս անօգուտ մահը պիտի պատճառէր: Ուստի չե՞ս ուզէր իրեն գալը զքեզի հետ տեսութեան:

– Չեմ ուզէր, որ այսպիսի քաջ մարդիկ հուսակտուր լինին, ուստի դու կրնաս խոհեմաբար զիս տեսնելու անօգուտ եւ վնասակար հետեւանքը իմացնել:

– Արդէն գրեթէ իմացուցի, եւ ինք շատ տխրեցաւ, վերջին պատասխանի մը կսպասէ վաղը շուկայի մեծ դռան առջեւ:

– Ահա, վերջին պատասխանն ալ դարձեալ աս պիտի լինի: Երթալ եւ մեր լեռներուն մէջ ինձի սպասեւ:

– Այսչա՞փ: Ուրի՞շ:

– Կ'երեւայ թէ ուրիշ մտածութիւն մ՚ալ դու ունիս, Բաբկէն հայրիկ:

– Այո՛, ունիմ:

– Զրուցէ՛ ուրեմն:

– Կը հրամայե՞ս, որ զրուցեմ: Ի՞նչ կարգիլէ, որ մենք ալ Կ'ոստանդնի պատրաստ նաւով դառնանք Կիլիկիա. կարելի չէ՞, որ Կոստանդին հազիւ հասած դեռ մարդ իր գալուն հոտը չառած, մտնենք իրեն հետ նաւը եւ շուտով ճամփայ ելնենք:

Եւ այս խօսքերը ըսելուն` Բաբկէն իր երկայն ընքուիներուն տակեն իր սուր աչքերը Թորոսի բիբերուն վրայ տնկած պատասխանի մը կը սպասէր: Այդ նայուածքը եւ նորա նշանակութիւնը միայն Թորոս կրնար իմանալ, ուստի անխռով պատասխանեց, ոչ թէ Բաբկէնի մտքին, այլ սրտին խօսելով:

– Մենք մեր բանտեն ելնելուն երկրորդ օրը թէ որ այս բնակարանը թողունք եւ փախինք, կարելի է, որ կարէնանք ողջ-առողջ Կիլիկիա հասնիլ, միթէ բոլոր յունաց սրընթաց նաւերը մեր ետեւեն չե՞ն սրանար, միթէ ան կառավարութիւնր, որ Լեւոնի մահուընեն գրեթէ տարի մը վերջը իր ապուշ տղան բանտեն ազատելու համար այնչափ բարեխնամ աղաչանաց խուլ եղաւ, եւ հազիւ շնորհք մը ընելու զիջաւ, կը յուսա՞ս թէ գաղտնի մեր վրայ չի հսկէր եւ մեր առաջին անխոհեմութեան անյուշ բանտի զմեզ չի դատապարտէր: Ես ալ կը սիրեմ ազատութիւն, ես ալ կը յիշեմ մեր լեռներուն պայծառ արեւը, երեկոյեան զով քամին եւ անջինջ երկնքին պարզութիւնը, եւ բան մը չի կայ, աս լաւ լսէ՛, Բաբկէն, բան մը, որ կարէնայ զիս իմ պարտքես, իմ առաջաղրութենես կասեցնել, բայց ուխտ ալ ունիմ, որ հախուռն բան մը չընեմ:

Աս վերջին խօսքերը, որ Բաբկէնի ճակատը պարզեցին եւ յօնքերը իրենց բուն տեղը տեղաւորեցին, դեռ իր վստահութիւնը ամբողջ չի կրցան գրաւել, եւ Թորոս լուռ կը նշմարէր, ուստի իբրեւ թէ նորա մտաք խորունկը չի թափանցած` քանի մը պտոյտ ընելէ վերջ, սենեկին մէջ, ըսաւ.

– Ես քեզի ուրիշ գաղտնիք մը պիտի հաղորդէի, սա գռան գաղտնիքը, որ պարզուեցաւ: Օրիորդը, որ դու նախ տեսար, որու թերեւս միայն պարտական ենք մեր ազատութիւնը, հայ է մօր կողմէ եւ սրտով բոլորովին:

– Փա՜ռք աստուծոյ:

– Այդ կողմեն ալ սիրտդ հանգիստ բռնէ. առ սա քանի մը ոսկին, անցիր դիմացի կողմը Ղալաթիոյ քաղաքը, հոն հայոց եկեղեցի ալ կայ նայէ՛, տեսնուէ՛ ազգայնոց հետ, ի՞նչ վիճակի մէջ են, իմացիր, թէ որ առանց կասկածի ստուեր տալու կրնաս իմանալ թէ գենուացի նաւեր կան, որ ոչ Միջերկրական միայն` այլ նան. Պոնտոսի ծով կ'երթան, տեղեկութիւն ա՛ռ, ամէն ճամփայ լաւ է Կիլիկիա մտնելու համար: Ամենեն ապահով տեղ տեսնուելու համար` հայ եկեղեցին կրնայ լինիլ. բայց այդ նաեւ ինձի համար արգիլուած է, թերեւս, ինձի համար աս բանտը չեմ գիտէր առաջինեն որչափ ընդարձակ է: Տեսնենք… Դու խոհեմութիւն ունիս, պէտք չէ որ ես քեզի կը կրկնեմ թէ ինչ վիճակի մէջ ալ լինիս, պէտք է ջանաս իմանար բայց միշտ առանց հարցնելու: Ժամանակը արդէն ուշ է, դու ալ յոգնած ու անօթի, երթանք կերակուրի:

Թէպէտ Բաբկէն իրօք անօթի էր, բայց կար բան մը, որ դեռ իրեն համար վարագուրեալ էր մասամբ, այսինքն` աղջիկը, որ «մօր կողմէ հայ էր եւ որ իրենց ազատութեան համար աշխատէր էր». եւ քանի որ մանրամասն պատճառները չէր իմացեր, իր ախորժակը կատարեալ չէր. բայց որպէսզի Թորոսի կամաց դէմ չի մեղանչէ, որ աններելի յանցանք կը համարէր, ամէն կերակուրներէն կշտապինդ կերաւ, Կիզիկոնի վճիտ գինին լաւ մը խմեց, եւ երբ Թորոս ելաւ քաշուեցաւ իր սենեակը, իր լայն յօնքերը վեր առնելով եւ իր սուր աչքերը գոհութեան ժպիտով մը անոր յետոց վրայ դարձնելով «Աստուած յաջողութիւն տա, իշխանիկս», կը մռմռար քթին տակեն, «Դու շատ խելօք տղայ ես, որ աղջիկ մը խելքդ հափափէ ու քեզ կնիկ դարձնէ, ալ ես այս գիշեր հանգիստ կրնամ քնանալ. դու զուարճացիր ինչչափ կ'ուզես, բաւական է, որ տարին չանցած աս նզովուած քաղքին պարիսպներէն մէկ մը դուրս նետուինք…: Մեր լեռները հարցուցի, մեր ազգին ընդհանուր վիճակը հարցուցի… իմիններս ամչցայ հարցնելու` վախեցայ հարցնելու… ո՞վ գիտէ, ի՞նչ եղան, ո՞ղջ են, մեռա՞ծ են, ո՞ւր են… իրաւ է որ անոնք հարցնելու ժամանակ ալ չի կար, անշուշտ ան ալ չէր գիտեր… Լաւ տղայ է Կոստանդին, քաշ է, ի՛նչ օգուտ, որ թեթեւ է. ո՛վ գիտէ Մլեհի՞ն էր յանցանքը թէ իրեն…»:

Այս մտածութիւններով սկսաւ մրափել Բաբկէն հայրիկ իր նստած տեղը, եւ իրօք ալ իրեն ան մրափը իր տղայութենեն ի վեր ամէնուն քունին տեղ կը բռնէր, եւ որ իրեն համար բաւական էր քսանչորս ժամ պատերազմելու եւ քառասունութ ժամ քալելու:


Страницы книги >> Предыдущая | 1 2 3 4 5 | Следующая
  • 0 Оценок: 0

Правообладателям!

Данное произведение размещено по согласованию с ООО "ЛитРес" (20% исходного текста). Если размещение книги нарушает чьи-либо права, то сообщите об этом.

Читателям!

Оплатили, но не знаете что делать дальше?


Популярные книги за неделю


Рекомендации