Текст книги "Թէոդորոս Ռշտունի"
Автор книги: Ծերենց
Жанр: Литература 19 века, Классика
Возрастные ограничения: +12
сообщить о неприемлемом содержимом
Текущая страница: 5 (всего у книги 15 страниц) [доступный отрывок для чтения: 5 страниц]
ԳԼՈՒԽ Թ
Ծընի` կ'անցնի եւ կը հասնի ամենայն
Ճակատագրին իւր անորոշն ի սահման.
Առ օւկէան` տըխուր ալիք,
Քամուոյն` տերեւ փախուսիկ,
Լոյսն` իրիկուան եւ մարդ` մահուան:
Սակայն ում փոյթ, ո՜յ սիրելիս,
Մեր օրերուն չափն անծանօթ.
Միայն հանդարտ թող ի հալիս
Եւ յարահետ անուշահոտ
Ըզմեզ վարէ սուր ժամանակ:
ԼԱՄԱՐԹԻՆ
Ամէնքը զարմանքով կը նայէին այդ չոր` բարձրահասակ ծերուն վրայ, որ շարունակ կը շրշէր եւ միշտ դռան կը նայէր սպանելով աղջկայ մը, նա, որ աշխարհքիս բոլոր մարդկանց համար անտարբեր էր. ամէն ցաւ, ամէն թշուառութիւն, ամէն սէր, ամէն զգացմունք իբր թէ ոչինչ էին իրեն համար: Իսկ երբ Ռշտունեաց գեղահասակ Օրիորդը ներս մտաւ եւ տեսաւ հինգ վեց պատկառելի իշխանազուն մարդիկ, որոց ամենեն երիտասարդը քառասունն անցած էր, եւ ամէն աչք իրեն կը նայէին, ինք որ միայն հայրը եւ Ատոմը կարծէր թէ պիտի գտնէր փափուկ կարմրութիւն մը եկաւ երեսին եւ իւր գեղեցկութեան աւելի փայլ մը տուաւ. բայց առանց շփոթելու գնաց դէպի ծերունին եւ ձեռքը պագաւ, իսկ նա երկու երկայն թեւերով գոկելով Օրիորդը` «Թենի՜, Թենի՜, ինչպէս ես, որդեակ Թենի», կ'ըսէր եւ կրկին կը համբուրէր: Յիրաւի, զարմանալի հակառակներ կը կազմէին այդ երկու կերպարանքը. այդ մագաղաթեայ դեղնած կնճոտած երեսները, այդ ձիւնի պէս ճերմակ մազերն ու մօրուքը, այդ ցցուեալ ոսկորներով կաշիէ մը պատեալ մարմինը մէկ կողմեն, եւ միւս կողմեն գողտրիկ վարդափթիթ երեսներ, լուսաւիր նշաձեւ աչքեր, սեւ-սեւ յօնքեր եւ մազեր, ձիւնափայլ պարանոց մը եւ վայելուչ հասակ:
Ծերը քանի մը անգամ նոյն հարցմունքը կրկնեց, իսկ Օրիորդը կամաց ձայնով շնորհակալութիւն եւ լաւութիւն իմացուց, եւ երբ կերպեն հասկցաւ թէ կուզէ քաշուիլ` ձեռքն առաւ` «Եկ, Թենի, քեզ հետ քիչ մը աս պարտէզն երթանք եւ խօսինք, ձմեռուան արեւը առողջարար է», – ըսաւ, ու դուրս ելան: Այս մարդատեաց ծեր զինուորը եւ Օրիորդը հազիւ դուրս ելան` բազմականք ամէնքը գաղտնի ծիծաղը յայտնի ըրին, եւ Թէոդորոս ինք ժպտելով`
– Այս տեսարանը, տեարք, ձեզ ծիծաղ կը պատճառէ, այնպէս չէ՞, – ըսաւ. – այո, ես էլ ձեզ հետ կը ծիծաղէի, եթէ սոսկալի խրատ մը չի ծածկէր ամէն ծնողաց: Պատմեմ եւ ուշ դրէք. – հազիւ քսան տարայ, էի, երբ Վահրամ հայրս զիս փոքրիկ խմբով մը արքայից արքայի դուռը կ'ուղարկէր նամակաւ մեծ Մարզպանին ղիս յանձնելով. Ասպետը նամակը կարդաց եւ ծիծաղելով դարձաւ քովը նստած գրեթէ քառասնամեայ սպառազէնի մը` «Ատոմ զօրավար, – ըսաւ, – ահա առ քեզի աշակերտ մ՚էլ Վարազտիրոցիս հետ միատեղ, Ռշտունեաց Տէրն ինձի կ'ուտայ իւր զաւակը մարզելու, մի՛ խոժոռիր, էլ ուրիշ չի կայ, այս երկուքը բաւական են»: Աւելորդ է զրուցել թէ այս մարդը ի՛նչ զինուորական խստութեամբ զմեզ դաստիարակեց երկու տարի, մեր սպասաւորները նախ մեզմէ հեռացնելով, ամառ-ձմեռ արշալոյսի հետ զմեզ ոտք հանելով, կերակուրներու փափկութենէ զմեզ ղրկելով, այդ ամէնքը երկայն են: Բայց այն միայն պէտք է զրուցեմ թէ այդ մարդը կը խոսէր, կը ծիծաղէր, կատակ նաեւ կ'ընէր, մանաւանդ պատերազմի վտանգալի վայրկեաններու: Երկու տարուընէ վերջ մեզ երկուքս տարաւ մեծ Մարզպանին` «Ահա` զօրավար, ինձ երկու տղայ տուիր, ես քեզ երկու մարդ կը դարձնեմ, իրենց երաշխաւորը ես եմ, – ըսաւ, – կրնաս վստահանալ»: Եւ հայրենիք դարձաւ, երկու տարի տունը կ'երթար կը կենար, տարի մը կ'ուգար դուռը եւ բանակը կ'անցնէր, իւր քաշութիւնն յայտնի էր ամէնուն եւ արքայից արքային, եւ ինչչափ որ զինք մեծցնել ուզեցին յանձն չառաւ, վասնզի Մարզպանեն չէր ուզէր զատուիլ: Վերջապէս, անգամ մ՚էլ որ գնաց` եւ ես եկայ Ռշտունիք հօրս հրամանաւ, զինք բոլորովյին կորուսի տարիներով, երբ Մարզպանին մարմինը բերին Տիզբոնէ, տեսայ Ատոմ թաղման հանդիսին, բայց փոխուած եւ այնպէս տխուր, որ հետը կարելի չէր խօսել, ես ինչչափ մօտեցայ` անկարելի եղաւ իւր միավանկները բազմավանկի դարձնել. վերջը իր մէկ ծեր սպասաւօրէն իմացայ թէ ի՛նչ էր այս տխրութեան պատճառը: – Ատոմ ամուսնացեալ` զաւակներու տէր եղած էր, մեծ աղջիկը որոշել էր ամուսնացնել, բայց աղջիկն այդ ամուսնութեան հակառակ էր եւ բնականաբար չհամարձակելով հօրը խօսիլ` մօրը յայտնած էր: Բայց ո՜վ կարող էր Ատոմի պէս մարդու մը դէմ գալ, եւ ինք կրնա՜ր երեւակայել թէ կինը մարդ է, աղջիկը կրնա՜յ կամք ունենալ: Ինք մինչեւ այն օրը միտքը դրած էր թէ ընտանիք` կին եւ զաւկներ զօրականաց գունդ մ՚էին, որ զօրավարին ձայնին պէտք էր անդարձ հնազանդէին: Ուստի սպառնագին հրամանը երկրորդեց, տունը յուսահատ արտասուաց մէջ թողուց, եւ ինք միմիայն իւր որսի զուարճութեանց պարապուեցաւ: Երբ դարձաւ եւ իրեն իմացուցին թէ նշանած աղջիկը հիւանդ է, խաբէութեան հնարք մը կարծելով իւր սպառնալից ձայնը լսեցուց հիւանդին. բայց երբ մօտեցաւ տեսաւ զաւակը կրակներու մէջ կը տոչորի, կը զառանցէ, երեսները վիրալից եւ ծաղկած, սոսկումը զինք պաշարեց, եւ որ դժբախտութեան մեծն էր` հինդ զաւկներն միեւնոյն հիւանդութեամբ անկողին ընկան, եւ ոչ մէկն ազատեցաւ. վերջապէս կին նաեւ զաւկներուն ցաւին չդիմացաւ` քանի մը ամսեն վախճանեցաւ` որդեկաց մահուան պատճառ այդ անողոք հայրն համարելով: Թէ երկթէ նաեւ լինէր ոք, եւ Ատոմ ինքն, հարուածը սոսկալի էր. ուստի ամէն օր` կ'երթար կը նստեր իրեններուն գերեզմանին վրայ անխօս` խնդրելով, որ մահը գա զինք տանի, բայց մահը չէր գար` չէր հասնէր: Այս վիճակիս մէջ էր ահա Ատոմ, երբ Սմբատայ մահուան լուրը տարածուեցաւ, եւ այդ մարդը իր զօրավարին վերջին պատիւն ընելու համար եկեր էր: Իւր այս անտանելի ցաւը տեսնելով Վարազտիրոց եւ ես իւր հին աշակերտները` ամէն ջանք ըրինք յուսահատ վիճակեն հանելու, այսչափ միայն խոստացաւ, որ քանի մը օր Ոստան ինձ հիւր լինի: Ահա այս դահլիճը նստած էինք, քանի մը բարեկամք, եւ ինք Ատոմ ամենեւին ուշ չէր տար մեր խօսակցութեանց, երբ այս Թենի մէկ ու կէս տարռւ նոր ոտք ելած, յանկարծ ներս մտաւ թռչտելով, եւ երբ ամէնք «Թենի՜, Թենի՜» ըսին տղեկին ձայն տալով, Ատոմ իբր քունէ արթնցաւ, եւ Թենի ամենեն փախելով` վազելով գնաց Ատոմի ծունկերուն մէջ ինկաւ: Իւր թշուառ աղջկան անունը Թենի էր. այն օրէն սկսաւ Ատոմի եւ Թենիի բարեկամութիւնը եւ այդ անմխիթար մարդը, որ երբեք չի ծիծաղիր, որ մէկուն հետ չի խօսիր, նորա համար խօսք էլ ունի, ծիծաղ էլ: Թենիի պատճառաւ թողեց Շահունիք, եկաւ Բզնունիք բնակելու, եւ այն օրէն վերջ, երբ հայրենիքը պէտք ունի` զինուորական ծառայութիւն նաեւ յանձն կառնու, ինչպէս այս վերջին կռուին մէջ` այս տարիքով արաբաց դէմ երիտասարդի պէս կռուեցաւ եւ ամէնքը զարմացուց:
Այս երկայն պատմութեան ժամանակ, ձեր զօրավարին եւ Օրիորդին գլուխները կ'երեւային պարտէզին մէջ, երբ նոքա միատեղ կը շրջագայէին, եւ Ատոմ կը խոսէր զուարթ իբրեւ թէ ուրիշ մարդ փոխուած լինէր:
Ուստի այս փոփոխութիւնը լաւ իմանալու համար պէտք է տեսնենք թէ ի՛նչ կը խոսէին այս մեր երկու կենաց` կերպարանաց եւ մարդկութեան ծայրերը գտնուող բարեկամք. եւ որ զարմանալին է Թենի շարունակ կը խոսէր եւ արտասուքը կը սրբէր, եւ Ատոմ զուարթ ինքզինք ցցնելու կ'աշխատէր եւ ծիծաղ կերպարանք առնել կը ջանար:
– Շաբաթ մը կեցաւ այստեղ, հայրիկ, – կ'ըսէր Թենի, – եւ ի՛նչ քաղցր երիտասարդ էր, առջի տեսած օրես չեմ գիտէր ինչ հաճոյք զգացի, իբրեւ թէ ինձ համար օտար ոք չէր, եղբայր մը կրնամ զրուցել, բայց եղբայր նաեւ չէր. ես Վարդ շատ կը սիրեմ, բայց այս Գրիգոր ուրիշ բան էր. կ'ուզէի, որ ամէն վայրկեան զինք տեսնեմ, իրեն հետ խօսեմ, իւր ձայնը լսեմ, գիշերը երազիս մէջ կը տեսնէի, արթուն իր կերպարանքն իմ աչացս առջեւեն չէր երթար, երբ ինք ներկա չէր. եւ այս զարմանալին է` մարդու զրուցել նաեւ չէի համարձակէր, եւ մինչեւ այսօր մօրս եւ եղբօրս չեմ կրցեր յայտնել. քեզ կը սպասէի, հայրիկ, որ կարէնամ սիրտս բանալ, եւ դու քանի ամիս եղաւ, որ ուշացար:
– Բայց դու, Թենի, այդ երիտասարդին հետ խօսեցա՞ր առանձին. ինք քեզի նոյն զգացմունքներն յայտնե՞ց:
– Ոչ, առջի օրերը մենք անտարբեր կը խոսէինք, բազմութեան մէջ. մայրս զբաղած էր, Վարդ ամէն օր որսի երթալ իւր զուարճութիւնն էր. ես մինակ էի, Գրիգոր մինակ էր տան մէջ, գրքերու սենեակը կ'անցնէր մեծ մասը. ես էլ հոն կ'երթայի երբեմն. կը զարմանայի, որ յունարէն, պարսկերէն գրքեր ամէնն էլ կը խառնէր` կը կարդար, վերջը օր մը ըսաւ թէ` «Ձեր գրքատունը շատ խառնակ վիճակի մէջ է, Օրիորդ, ես որ գործ չունիմ, եթէ ուզէք կարգի կը դնեմ». ես էլ շնորհակալ եղայ եւ աղախիններուն հետ իրեն օգնեցի. իր կատակները` իր խօսակցութիւնը այնպէս պարզ էին եւ այնպէս անուշ եւ այնպէս ծանր ու համեստ, որ ամէնքը կ'ակնածէին իրմէ իբրեւ թէ շատ տարիքով ոք լինէր: Կ'ելնէինք պարտէզ իրեն հետ կը շրջագայէինք. զարմանալին հոն է, որ երբ միայն մնայինք` կը կապուէինք, խօսք չէինք գտնէր զրուցելու. կարծես ինքը կը կարկամէր, ես կը պապանձէի: Իր երթալու խօսք երբ կը լինէր սիրտս կը ճզմուէր, եւ հազիւ թէ արտասուքս կը սանձէի. կը վազէի` կ'երթայի իմ սենլակս, առանձին կուլալի եւ կը թեթեւնայի, բայց օրը մօտեցաւ, եւ առաջի գիշերը որ…
Հոս աղջիկը չի կրցաւ ալլեւս շարունակել եւ արտասուքը ձայնը խեղդեցին, իսկ ծերը շփոթած եւ տխուր` ձեռքեն բռնեց եւ հովանոց մը տանելով.
– Որդեակ Թենի, շատ լաւ է, որ կուլաս, կ'ըսեն թէ արտասուքը սիրտ կը զովացնէք լա՛ց իմ սիրուն աղջիկս, լա՛ց, եթէ ես կ'արէնալի` ես էլ կուլայի, բայց աստուած ինձ այդ շնորհքը չէ աւէր: Բայց զրուցէ ի՞նչ եղաւ առջի գիշերը:
– Ալն երթալու օրուան առջի գիշերը շատ գեղեցիկ լուսին մը կար, ծովը հանդարտ հայլիի պէս կը փալլեր, քունը աչքես փախաւ, իջայ վարի պարտէզը մուշտակ մը վրաս առած, նստայ եւ տխուր կը մտածէի, երբ աւազին վրայ ոտքի ձայն մը լսեցի պարտէզին միւս ծայրը, տեսայ, որ Գրիգոր ինքն էր. գլուխը կախած կը շրջագայէր, երբեմն կը կանգնէր երկինք կը նալեր, երբեմն ծովուն. կ'ուզէի փախչիլ երթալ իմ սենեակս, բայց ծնկվներս կարկամէր էին, սիրտս կը բաբախէր եւ այնպէս բռնուած անշարժ մնացի. մինչեւ տեսայ, որ տխուր` լուր մտածութեանց մէջ թաղուած, գլուխը ծռած, առանց իմանալու դէպ ինձ սկսաւ գալ. իր ալդ տխրութիւնը` ալդ ցաւագին վիճակը ինձ զօրութիւն մը տուին, եւ երբ մօտեցաւ` զիս տեսաւ նստած անշարժ, հազիւ թէ` «Կը ներէք, Օրիորդ, ձեզ անհանգիստ կ'ընեմ» ըսելով ետ քաշուելու եղաւ. ես զինք քաջալերեցի եւ հրաւիրեցի քովս նստարանին վրայ նստիլ. իբրեւ թէ վախելով քովս նստաւ. շփոթած էր բոլորովին, չէր համարձակէր բերան բանալու, կարծես կը դողար, եւ սրտին բաբախմունքը կը լսէի. զարմանալի բան, ես հանդարտած էի ալն վայրկենին եւ սկսայ հետը խօսիլ. նա միավանկ բառերով կը պատասխանէր, իր մօրը վրայ խօսեցայ, գիտէի ինչպէ՛ս կը սիրէր. թէ անշուշտ ինչպէս իրեն երթալու անհամբեր էր. «Ո՜հ, պատասխանեց, ես իմ մայրս շատ կը սիրեմ, բայց ինք նաեւ զիս շատ կը սիրէ»: Ես ալն ատեն ըսի. «Միթէ կարելի՞ է սիրել առանց սիրուելու»: – «Ո՛Յ գիտէ, – ըսաւ, – կարելի է, կան ալնպիսի թշուառ անձինք, որ կը սիրեն եւ չեն գիտէր թէ կը սիրուի՞ն փոխադարձ»: – «Այդ անկարելի է, – ըսի ես քաջութլամբ»: – «Ինչպէ՜ս անկարելի, ես կը խոստովանիմ, որ ոչ թէ կը սիրեմ` այլ կը պաշտեմ անձ մը, որ եթէ զիս սիրէր` կեանքս կ'ուտայի»: – «Անկարելի, որ ձեզի պէս երիտասարդ մը երբ սիրէ` չի սիրուի, – պատասխանեցի ես: Ես ինչ երկալն ընեմ, նա` ես երկուքս էլ խոստովանեցանք թէ իրար կը սիրենք…
Եւ հեկեկանքը դարձեալ խօսքը դադրեցուցին: Իսկ ծեր զինուորը շրթունքն ամփոփած` մէկ ձեռքով Թենիի ձեռքը բռնած, միւսը ծնօտին դրած, ուշ կ'ուտար այս խօսակցութեան զարմանքով, այս սիրոյ լեզուն, այս զգացմունքը իրեն համար նոր էին, առաջին անգամն էր, որ կենաց մէջ այսպիսի պատմութիւն մէկն իրեն կ'ընէր. միտքը բոլորովին իւր հարազատ աղջկան Թենիին գնացեր էր, որ գրեթէ այս Թենիին տարիքն ունէր, եւ որ սիրոյ զոհ լինիլն երեւակայէր էր, եւ զոհարար ինքն էր. ուստի երբ պատմութեան հեկեկանքը փոխանակեց`
– Թենի, որդեակ Թենի, – ըսաւ, – վերջը ի՞նչ եղաւ, ինձմէ բան մը մի պահէր, դու պէտք է գիտնաս, որ ես միայն քեզի համար կապրիմ այս անիծեալ աշխարհքիս մէջ, քեզմով եւ քեզի համար միայն աստուած իմ մեղացս պիտի ներէ, եւ այնպէս կը հաւտամ, որ այն օրը հոգիս պիտի առնու, երբ զքեզ երջանիկ ինձ ցոյց տա` նշան իմ մեղացս թողութեան. ուստի մի՛ լար, զրուցէ ինձ համարձակ, եթէ յանցանք մը նաեւ կայ` ինձմէ մի՛ քաշուիր, շարունակէ՛:
– Ի՜նչ յանցանք, հայրիկ, մենք այն գիշերը խօսք տուինք իրարու, որ ուրիշին չլինինք մահ նաեւ եթէ հասնի. մեր ապագայ երջանկութեան վրայ խօսեցանք, ինք խօսք տուաւ, որ երթայ մօրը իմացնէ մեր սէրը եւ զիս հարսնութեան ուզէ:
– Այսչա՞փ, այսչա՞փ, – ըսաւ ծերը:
– Այո, միայն երկրորդ առաւօտուն հրաժարական ողջոյնը տուաւ մօրս եւ ինձ ու ելաւ գնաց:
Օրիորդը, դարձեալ աչքերը կը սրբէր: Իսկ ծերը սրտնեղութեամբ
– Բայց, Թենի, ի՞նչ կայ այդտեղ տխրելու, – կ'ըսէր, – այդ Գրիգորը տեսայ ես կարծեմ, Դաւիթ Մամիկոնէին որդին ինձ ըսին, այդպէս չէ՞:
– Այո՛, հայրիկ:
– Լաւ, ես այդ տղան տեսայ` դեռ անմօրուս պատանի, լաւ կը կռուի, Կամսարականին հետ էր: Այդտեղ անկարելի բան չիկայ, Բագրեւանդայ մէկ մասը եւ Երասխաձոր իրենցն է: Վարդանաբերդ կը բնակին ընտանեօք, գեղեցիկ ամրոց մ՚է:
– Բայց, հայրիկ, Վարդանաբերդ այրեր են արաբները եւ Գրիգոր մեռէր է:
– Աղջիկ, դու ինչ կ'ըսես. Գրիգոր մեզ հետ էր պատերազմին մէջ, ողջ առողջ մեզմէ զատուեցաւ, անկից վերջ էլ պատերազմ չի կար: Դու փուճ տեղ կուլաս, իմ Թենիս. ես կ'իմանամ ամէն բան արագութեամբ, հիմա մարդ կը հանեմ Կոգովիտ. դու հանգիստ եղիր…
– Բայց, հայրիկ, եթէ Գրիգոր մեռած է` ես կուսանաց վանք մը կը մտնեմ…
– Յիմար խօսք մ՚ընէր, իմ սիրուն Թենիս, Գրիգոր մեռած չի կրնար լինիլ, եթէ այնպէս նաեւ չինի` Գրիգորներ շատ կան աշխարհքիս վրայ, իսկ Թենի` մէկ հատ միայն մնաց. նա էլ պէտք է ապրի եւ երջանիկ չինի…
– Չէ, Հայրիկ, եթէ նա չի կայ, ինձ երջանկութիւն չի կայ, աշխարհս մութ է ինձ համար…
– Թենի՛, Թենի՛, այդպէս մի՛ լար, այդպիսի խօսք մ՚ընէր, տե՛ս, իմ սիրտս էլ կ'այլայլի, դու դեռ երեխայ ես: Ես կ'իմանամ, քեզի տեղեկութիւն կառնում այդ Գրիգորի համար… Դու սիրտդ հանգիստ բռնէ: Հա այսպէս:
Եւ ծեր զինուորն այս խօսքերը զրուցելոմն` կը ջանար իւր կերկեր ձայնին փափկութիւն մը տալ, եւ իր սառ, չոր, ոսկրուտ, երկայն մատներով նորա գողտրիկ երեսները կը շոյէր: Բայց տեսաւ նաեւ խեղճ աղջիկը, որ դայլայլած այս երկար նկարագիրն ըրած էր` շատ մը արտասուք թափելով, եւ ցուրտ չէր զգացած` հիմա կը դողար` կը սարսռէր, վասնզի դեռ ձմեռ էր եւ գարունը բաւական հեռի եւ արեւի ջերմութիւնը տկար. ուստի յորդորեց, որ երթայ տաքանայ: Ռշտունեաց Օրիորդը աչքերը սրբելով եւ կերպարանքին անտարբեր ձեւ մը տալով ելաւ հովանոցեն եւ արագութեամբ փոքրիկ դռնէ մը եւ նեղ սանդովսներէ անցնելով, գնաց վերին կանանոցին սենեակները` ծածկելու համար ամէն աչքէ իւր տխրութիւնը, որ միայն Ատոմ հայրիկին կրցաւ յայտնել:
Իսկ ծերը իւր անթափանց երեսով, որ իրեն բնական էր եւ իր տխուր կերպարանքով, որ աշխարհածանօթ էր, մտաւ եւ նստաւ, ուր Խաչեան Առաւեղեան, Թէոդորոս Վահեւունի, Շապուհ Ամատունի, Խոթէն Խորխոռունի, Գազրիկ Քաջբերունի, Վարազ Ներսէհ Երուանդունի եւ ուրիշ քանի մը զօրավարք Մարզպանին հետ կը խօսակցէին: Եւ բնականաբար իրենց ամէն վիճաբան ութիւնք Հայաստանի վրայ կը դառնային: Խօսակցութիւնը կ'երկարէր, ամէնքն իրենց կարծիքը կը յայտնէին, եւ ինչպէս միշտ ընկերութեանց մէջ կան մարդիկ, որ ամէնուն հաճոյանալու հնարք ունին եւ ոչ երբեք որոշ կարծիք, ինչպէս էր Խորխոռունեաց իշխանը, որ յանկարծ խօսքն ընդհատելով դարձաւ Ատոմի`
– Զօրավար, – ըսաւ, – դուք ամենեւին կարծիք չէք յայտնէր, ամէնուն փափագելի էր ձեր կարծիքն իմանալ, մանաւանդ որ այնչափ տարիներու փորձառութիւն ունիք:
– Իմ կարծիքս, – պատասխանեց ծերը առանց գլուխը շարժէլու, առանց Խորխոռունուոյն երեսը նայելու, այս մարդն է, որ Մարզպան եւ զօրավար է Հայոց: – Եւ յանկարծ աչքերը վերցնելով եւ նայելով ամէնուն, նշմարելով ոմանց դէմքին վրայ հեգնական կերպ մը` ձայնը բարձրացուց.
– Ո՛չ այսպէս, հայոց իշխանք, ո՛չ, մենք նաեւ ունեցեր էինք Մարզպան եւ զօրավար, Սմբատ Բագրատունին, նա էլ զմեզ խորհուրդի կը ժողուէր, բայց մենք քիչ կը խոսէինք եւ շատ կը գործէինք: Եւ այն միայն կը գործէինք, որ մեզի կը հրամայէր, եւ ամէն բան կարգի կանոնի մէջ կը յաջողէր, եւ այն մարդը, որ ամէնքը բազմայաղթ կ'անուանէին, եւ արքայից արքան իւր գահույից սիւն կը համարէր եւ յիրաւի, վասնզի Սմբատայ մահուան են քիչ վերջը գահոյքն էլ ինկաւ, թագն էլ, այն մարդը կ'ըսէր մեզ թէ` մեր բոլոր յաջողութիւնք եւ յաղթութիւնք ձեր միակամ զինուորական կարգապահութեան եւ ձեր զօրավարին հնազանդութեան արդիւնքն են: Իմ այս մազերս պատերազմի ասպարիզին վրայ են ճերմկած եւ մէկ օր չեմ ըսած եւ ոչ մտքես անցուցած թէ սոքա, որ իմ զաւակս կրնային լինիլ, ինչո՞ւ ինձ հրամայեն, այլ իբրեւ սուրբ պարտիք ինձ տրուած հրամանները կատարէր եմ կենացս վտանգաւ: Միտք ըրէ՛ք իմ փորձառութեանս, տղա՛ք… իշխանք, մի՛ ծիծաղիք իմ սպիտակ ալեաց եւ մորուաց վրայ, եւ իմ բազմամեայ վշտաց վրայ. այլ մանաւանդ հետեւեցէք իմ օրինակիս, որ մինչեւ այս տարիքիս մէջ աւելի հնազանդել փափագեցայ, քան թէ հրամայել:
Ծիծաղողք ափ ի բերան մնացին, եւ Մարզպանն ինքն տեղաց ելնելով, եկաւ ծերուն ձեռքը բռնի պագնելով, իր «վարպետը», իր «դաստիարակը» զինքն անուանելով ծերուն սիրտը շինեց: Եւ Թէոդորոս Վահեւունի, որ համեստ եւ առաքինի մարդ էր`
– Ես շատ ուրախ եմ, – կ'ըսէր, – որ սխալմունք մը այսչափ երկար ատենաբանութեան առիթ եղաւ, վասնզի ո՛յ գիտէ քանի տարիներ են անցել, եւ Ատոմ այսչափ երկայն եւ այսչափ լաւ չէր խոսէր:
Իսկ այս խօսքերը եւ ոչ լսեց ծեր զօրավարը, շտկուեցաւ դռան եւ իր թիկնապահներէն մէկն առնելով եւ առանձին տեղ մը տանելով` իրեն հրաման ըրաւ Բագրեւանդ երթալ, աչօք տեսնել Վարդանարերդ, տեղեկութիւն առնուլ Դաւիթ Մամիկոնէի ընտանեաց վրայ եւ շուտով դառնալ: Եւ այս ամէնքը յայտնի է թէ Թենիի համար էր:
ԳԼՈՒԽ Ժ
Մենք Ռշտունեաց Ոստանի մէկ դահլիճը տեսանք, ուր Թէոդորոս հայ իշխանաց ոմանց հետ երկրին պաշտպանութեան կէտերը զօրացնել պատսպարել կը մտածէր, այնպէս որ այս լեռնային երկրին, ինչպէս էր Հայաստան, զանազան կիրճերն եւ անցքերը բռնելով, նաեւ զօրաւոր թշնամուոյ մը քիչ զօրքով երկայն դիմադրութիւն ընել դիւրին կը լինէր եւ այնպիսի նեղ տեղուանք պատերազմիլ բազմաթիւ զօրաց դէմ Յաղթութիւն կրնար պարզեւել:
Թէոդորոսի մարզպանութեան հասնիլը հազիւ մէկ-երկու տարի էր, բայց Հայոց զօրավարի անունը եւ պատիւյյ տասը-տասնհինգ տարի էր, որ կը կրէր. այնպէս որ Վարազտիրոց Բագրատունուոյ եւ Դաւիթ Սահառունուոյ մարզպանութեանց ժամանակ ոչ միայն սոսկ իբր զօրավար, այլ իւր անձին գերազանցութեան եւ մտաց ու զինուց կարողութեամբ մեծ ազդեցութիւն ունէր երկրին մէջ, եւ այն աստիճան, որ մարզպաններուն անունը երբ հազիւ թէ կը յիշուէր` Թէոդորոսի անունն էր, որ կը գործեր: Ամառները շատ անգամ Այրարատայ եւ Բարձր Հայոց կողմերը Թէոդոսուպոլիս եւ Դուին գտնուելով, ձմեռները գործերուն դադարման ժամանակ Ոստանը կ'ուգար հանգչելու, թէպէտ այդ անդադար եւ գործունեայ բնաւորութիւնը հանգչել չէր գիտէր: Կը յիշեն ընթերցողք, թէ մեր այս պատմութեան սկիզբ լսեցինք, որ Ռշտունեաց Սէթայ տիկին առնացի բնաւորութեամբ ինչպէ՛ս կառավարութեան ոգի ունէր եւ գիտէր երկիրը յանձանձել իշխանին բացակայութեան, որ սովորական բան էր: Ռշտունեաց Ոստան կատարեալ արքունական պալատի կերպարանք ունէր. աւանին եւ ծովուն մօտ բարձրացեալ սարաւանդին վրայ պարսպապատ եւ ամրակառոյց, որին վերջին ամրութիւնն Աղթամարայ կղզին էր: Ծովահայեաց դահլիճը, ուր ձմեռները Թէոդորոս նստած գրեթէ բոլոր Հայաստան կը կառավարէր, ամառները Սէթայի` Ռշտունեաց եւ Վասպուրականի մեծ մասին կառավարութեան ատեանն էր, ուր շարունակ սուրհանդակներ կը հասնէին` հեծելոց սպառազէն խումբեր կ'ուգային եւ կ'անցնէին նորա պատուհաննեբուն առջեւեն, ամէն աստիճանի հիւրեր` իշխանազունք եւ բարձրաստիճան եկեղեցականք կ'երթեւեկէին, եւ այդ կինը որ ձմեռներն իբր թէ կը քաշուէր եւ իշխանին կը թոյ զուր երկրին կառավարութիւնը, դարձեալ ինքն էր ամէն բան տեսնողը, վասնզի Թէոդորոս այդ տեսակ գործերը եւ աղերսագիրները Տիկնոջ կ'ուղարկէր: Ուստի Ռշտունեաց ընդարձակ գաւառին բնակիչք գիտէին ում պէտք էր դիմել, եւ իշխանուհին կանանոցին առաջին յարկը դիւանատուն մը դարձուցեր էր, որու մէկ քանի սենեակը Ատոմ Շահունիի սահման եալ եւ ուր նա միշտ գաւառին զինուորական գործերուն յանձանձիչն էր` ինչպէս ըսինք:
Յայտնի էր թէ իշխանուհին խելացի եւ սրամիտ կին էր, ունէր թէ դատաստանական, թէ մատակարարութեան գործերու համար փորձառու մարդիկ, որոց խորհրդով եւ գործակցութեամբ կը վարուէր եւ ամէնքը գոհ կ'ընէր, բայց, որ ամենեն կարեւորն էր, իւր գանձապետն էր` տան վերակացու` Յուսիկ Արտամէտցի, որ բացառութիւն կրնար համարուիլ իւր պաշտօնակցաց մէջ:
Այս Յուսիկ իւր ագահութեան համար ոչ ոք բարեկամ չունէր Ոստանին եւ բոլոր Ռշտունեաց մէջ, եւ իւր առաջին հակառակորդ իշխանուհին ինքն էր, վասնզի ամէն օր հետը վիճելու եւ գանգտելու նիւթ ունէր: Իսկ Յուսիկ ինքն համբերութեան, քաղցրութեան, հեգնութեան եւ հաւատարմութեան զարմանալի խառնուրդ մ՚էր. եւ բարկութեամբ խօսողին ինքն համբերութեամբ կը պատասխանէր անվրդով իւր առաջադրութեան մէջ: Այնպէս որ իրեն հետ գործ ունեցողը կը յուսահատէր եւ հնարք չէր գտնէր զինքն որսալու: Ուստի շարունակ գանգատ եւ բողոք անպակաս էին իր անձին դէմ: Ման աւանդ զինուորական դասը միշտ դժգոհ իրմէ կը գանգտէին, երբեմն կը նախատէին եւ երբեմն կը սպառնային: Միայն մէկ մարդ կար, – եւ այն Թէոդորոս ինքն չէր, – որուն կամքը շուտ եւ անդանդաղ կը կատարէր Յուսիկ, եւ ինչ գումար դրամոյ որ խնդրէր, վայրկենին կ'ուղարկէր կամ կը վճարէր, այդ մարդը Ատոմ Շահունին էր: Վասնզի ծեր զօրավարը օր մը յայտնի ըսէր էր Ռշտունեան իշխանին եւ իշխանուհուոյն թէ` «Լաւ գիտենա այդ Յուսիկ, որ ես կատականաց գիտեմ համբերել, բայց օր մը չի կարծած վայրկենին կախել կ'ուտամ զինք առանց երկար արարողռւթեանց»: Երբ իմացուցին գանձապետին այս սպառնալիքը, քիչ մը մտածեց, ետքը քթին տակն կամաց մը ժպտեց, յետոյ գնաց ծեր զօրավարին հետ խօսեցաւ եւ համաձայնեցաւ: Երբ իրեն կ'առարկէին թէ Ատոմին հրամանները շուտ կը կատարէր եւ անդանդաղ` կը պատասխանէր. «Ռշտունեաց գաւառին մէջ այդ ծերուն պէս անշահասէր մարդ մը ինձ ցցուցէք, ես պատրաստ եմ Հայոց զօրավարին բոլոր գանձն իրեն յանձնելու»: Եւ վերջը ծիծաղելով կ'ըսէր` «Ոսկին ի՛նչ պիտի ընէ այդ ծերը, ինք արդէն ոսկի է, ինձ եթէ չէք հաւատար` երեսը նայեցէք», Ատոմի դեղնած երեսին ակնարկելով:
Իսկ երբ Թէոդորոս գանգատներէ ձանձրացած Յուսիկն իր պաշտօնեն հանել կը մտածէր, Սէթայ միշտ կը հակառակէր, վասնզի լաւ խելահաս եղած էր թէ այդ ծեր Յուսիկ ամենահաւատարիմ մարդ էր եւ գերագոյն մատակարար: Իւր ագահութիւնը իր անձին հարստութեան համար չէր այլ ոսկին կը սիրէր իր բնութեան համար, գանձը բանալ, իւր տետրակներուն հաշիւը քննել, տեսնել եւ միշտ եկամուտը ծախքեն աւելի գտնել, հոն էր իւր բոլոր զուարճութիւնն ու գոռոզութիւնը եւ այն ատեն ինքնիրեն կամաց եւ անլսելի ձայնով կ'ըսէր. «Թող տեսնեն Ռշտունիք թէ ի՛նչ մարդ է Արտամէտցին Յուսիկ եւ ինչ կընէ, երբ գանձատան մը գլուխ կը կենայ»:
Եւ այս բացագանչութեան վրայ զմայլած էի դարձեալ, երբ Ատոմ Շահունի իւր դաժան կերպարանքով սեւ մուխի մը պէս ներս մտաւ. աչքերը սովորականեն աւելի խոր թաղուած եւ երեսին սովորական ղեղնութեան վրայ կնճիռներն աւելի սաստկացած իւր դէմքին աւելի խստութիւն մը տուած էին: Յուսիկ, որ բնականաբար չէր գիտէր ոչ Թենիի խօսակցութիւնը եւ ոչ երիտասարդ իշխանաց վարի դահլճին մէջ երգիծական ծիծաղին հետեւանքը ծեր զօրավարին վրայ, այսպէս բարկացած զինքը տեսնելով զարհուրեցաւ բայց առանց յայտնի ընելու եւ ամենայն քաղցրութեամբ եւ ակամայ ժպիտով`
– Ի՞նչ հրաման ունիք, զօրավար, – ըսելով ոտք ելաւ:
– Դու բոլոր Ռշտունեաց գաւառի ազգահամարն ունիս, Յուսիկ, այնպէս չէ՞, – գոչից որոտաձայն ծեր զօրավարը:
– Այո՛, իշխան:
– Լաւ՛, այս գիշեր ցուցակը շինել տուր եւ վաղն առաւօտ կանուխ ինձ պէտք է տաս:
– Բայց, զօրավար…
– Բայց… ի՞նչ ըսել է բայց… բայց-մայց չի կայ. այդ բոլոր քու արկղերդ, քու դարաններդ գլուխդ կ'անցնեմ:
– Լաւ՛, շատ բարի, շատ բարի, – ըսաւ Յուսիկ հեզ ու քաղցր ձայնիւ եւ իւր սովորական ժպիտով:
– Ի՜նչ, – ըսաւ ծերը կատաղութեամբ, – զիս կը ծաղրե՞ս, իմ վրայ ծիծաղիւ կը համարձակի՜ս…
– Ի՞նչ կ'ըսես իշխան, – պատասխանեց Յուսիկ աչքերը բանալով` ետ-ետ քաշուելով եւ հեռանալով իրմէ` տեսնելով ծերը, որ տաք առնելով իրեն կը մօտենար – ո՞ւմ մտքեն կրնայ անցնիլ ձեզի պէս ազգանուէր, բազմարդիւն զօրավարը ծաղրել. եթէ այդպիսի լիրբ մը գտնուէր Հայաստանի մէջ` Վասպուրական նմանը գտնել կարելի չէ ժողովուրդը այդ մարդը չապրեցնէր. իշխանեն սկսեալ մի թէ` ամէն մարդ ձեզ չի ճանչեր… Ձեր կամքը կը կատարուի, ապահով եղէք:
Ծերը ձեռքը երախակալեն վեր առաւ եւ ելաւ գնաց առանց բան մը զրուցելու: Իսկ Յուսիկ ետեւեն նայելով, երբ գուռզը զոցուեցաւ` «Այս կատաղի ծերը ո՞ր դժոխք դուրս թափեց, – կ'ըսէր ինքնիրեն տետրակներն առաջ քաշելով բարկութեամբ, – ե՞րբ եկաւ, որ մարդ նաեւ չիմացաւ: Այս մարդն աստուծոյ պատուհաս է իմ գլխուս, ամէնուն խօսք հասկցնել կարելի է` մէկուն երեսին կը ծիծաղիս, միւսը կ'անուշես, ուրիշի մը իրաւունք ունիս կ'ըսես եւ գիտցածդ կ'ընես. բայց սա գազան մ՚է` խօսք չի հասկնար, քաղցր խօսիս` կը կատղի, դառն խօսիս` սուր կը քաշէ, կամքը չի կատարես` կը կախեմ կըսէ, վերջապէս պատուհա՛ս, պատուհա՛ս: Չէ՞ որ զինուոր են, մարդկային արիւնով շաղախ եալ, շաղուեալ մարդիկ. ի՞նչ տարբերութիւն ունին աւազակներէ: Օրինաւոր աւազակնե՛ր, ոչ մարդու յարգ գիտեն, ոչ արծաթի: Սոցայ ամենեն լաւը, ամենեն խելօքը իշխանն է, որ կարդալ դրել դիտէ, հաշուել նաեւ գիտէ, եւ այդ մարդը զիս իմ պաշտօնես հանել կրցեր է մտածել առանց խորհրդածելու թէ ուրիշ Յուսիկ մը գտնել կարելի չէ բոլոր Վասպուրականի մէջ. վերջապէս զինուո՜ր, եւ որովհետեւ քանի մը քսակ ոսկուոյ ձեռք ձգէր է ո՛յ գիտէ ուստից` անշուշտ աւազակութեամբ` միտքը դրեր է թէ Յուսիկի պէտք չի կա… Իբրեւ թէ ոսկուոյ աղբիւր գտեր է: Բարեբախտաբար իշխանուհին` թէպէտ շատ պակասաւոր բայց էրկնեն խելօք` իմացեր է թէ Ռշտունեաց տունը առանց Յուսիկի չի դառնար, զինքն արգիլել է, ինչպէս եւ խոստովանեցաւ… Երբեմն կը մտածեմ, վասնզի ինձ էլ կիրք կ'ուգայ, որ սոցայ հպարտութիւնը պատմելու համար թողում հրաժարիմ: Այո, հրաժարիմ, երթամ քաշուիւմ Արտամէտ, նստիմ տունս. հանգիստս նայիմ, բայց երբ միտքս կ'ուգայ թէ այսչափ տարի խնայութեամբ ժողւուած հազարաւոր ոսկուոյ քսակներս պիտի թողում, որ գան յւլրիշները յիմարաբար, շռայլաբար, ցանուցիր ընեն, գողնան, գողցնեն, չեմ կրնար համոզուիլ: Ոչ իշխանը, ոչ իշխանուհին չեն հասկնար` խելքերնին չի հասնիր. Աւետարանը զրուցէր է. «Մի՛ արկանէք զմարգարիտս ձեր առաջի խոզաց». մե՜ծ խրատ կայ այդ խօսքին մէջ. ես լաւ կը Հասկնամ, պէտք չէ, որ այսչափ տարի աշխատելես վերջ թողում այս ոսկիները, որ դարձեալ մարգրիտ կը նշանակեն, եւ աւելի լաւ արժէք ունին. ժամանակին կը դիմանան, դեղնելէ վախ չունին, չեն ժանգոտիր, հրդեհէ չեն վախեր: – Բարեբախտաբար չեն գիտէր նաեւ թէ ի՞նչ ունին տայս Ռշտունիք, եւ ես չեմ յայտներ…»:
Այս խորհրդածաթեանց վրայ էր Յուսիկ, երբ սպասաւոր մը եկաւ թէ իշխանուհին զինք կուզեր տեսնել: Արկղ, երկաթի դուռ, փայտի դուռ` ամէնն էլ զգուշութեամբ գոցելեն վերջ, ուղղուեցաւ իշխանուհուոյն սենեակը:
Սովորական կին չէր Ռշտունեաց Տիկինը, Հազիւ քառասնամեայ` շատ աւելի պակաս կը ցցնէր. իւր կերպարանաց գեղեցկութիւնը այնպիսի փայլ չունէր, որ աչք շլացնէր, այլ այն վարպետներու նկարներուն կատարելութիւնն ունէր, որ քանի նայի ոք` աչքը կը գրաւի, կը յափշտակէ, վայելուչ հասակը, դիմաց համեմատութիւնը, հոնից եւ աչաց հրամայող ակնարկը խառնուրդ խստութեան եւ քաղցրութեան, որք ձգող եւ տիրապետող զօրութիւն մ՚ունէին, ժպիտը, որ հաճոյք կամ արհամարհանք կը յայտնէր, իւր նազելի շարժմունքն ու քայւուածքը, իւր մանր ձեռքերն ու ոտքերը, եւ վերջապէս բոլոր այս մարմնոյ կատարելութիւնք իւր սրամտութեան, իւր նուրբ ճաշակին հետ միացեալ կանանց ակումրի մէջ նաեւ ամէն մարդու նկատողութեան եւ ակնածութեան զինք առարկայ կ'ընէին: Ո՜ւր մնաց որ Ռշտունեաց Տիկին մ՚էր, եւ ամէնը գիտէին թէ առանց իշխելու էրկանը վր` մեծ ազդեցութիւն ունէր իւր մտաւոր կարողութեանց համար եւ նորա կատարեալ վստահութիւնը: Մարգարտային վարսակալ պսակը ճակտին բեհեզեայ քօղին վրայ, փունջ մը մազերու խոպոպիք իջած այտից երկու կողմեն, սամուրենին մետաքսեայ պարեգօտին վրայեն ձգեալ, ոսկեթել մուճակներ ոտքերուն, Ռշտունեաց Տիկինը թագուհուոյ կը նմանէր իւր բազմոցին վրայ: Վստահ իւր արժանեաց եւ Թէոդորոսի սիրոյն` գեղեցիկ սպասուհիներէ էր շրջապատեալ. իւր բնական առատաձեռնութեամբ միշտ ամէնուն սիրելի էր, եւ դիտէր այնպիսի ձեւ տալ խնայութեան, որ ատելին` խեղճ Յուսիկին վրայ կիյներ, թէպէտ սա էլ ամէն խոժոռ նայուածքէ չէր վիրաւորուիր:
Այսպէս յոգնած տարածեալ էր իշխանուհին իւր ծիրանի բազմոցին վրայ, երբ Յուսիկ ներս մտաւ, ողջունեց խոնարհաբար եւ հարցուց թէ ի՞նչ հրաման ունէր. Սէթայ` իշխանազն հիւրերուն համար սեղանի պատրաստութեանց վրայ կրկին եւ կրկին պատուերներ տալեն վերջ, որպէսզի խնայողութեամբ չի վարուի իւր տան վերակացուն, եւ երբ Յուսիկ թթու երեսով դուրս ելնելու կը պատրաստուէր, ըսաւ իշխանուհին
– Մոռցայ նաեւ զրուցել քեզի թէ իշխանը հրաման ունի, որ Ատոմ զօրավարն ինչքա՛ն դրամ ուզէ պէտք է տալ, դիտես իւր բնաւորութիւնը, պէտք է ջանալ քաղցրութեամբ գոհ ընել զինքն ամէն կերպով:
Յուսիկի երեսը խաւարեցաւ վայրկեան մը, քիչ մը մտածելեն վերջ, դարձեալ ժպիտ ի շրթունս`
– Ով կարող է Ատոմի դիմադրել, – պատասխանեց, – տէրը դուք էք, եթէ կ'ուզէք գանձին բանալիքները նաեւ իր առաջը դնեմ:
– Անշուշտ, Յուսիկ, դու իրեն հետ վէճ մը ունեցեր ես, կերպդ, ձեւդ այնպէս կը ցցնէ, – ըսաւ Տիկինը ծիծաղելով եւ նուրբ հայուացք մը ձգելով:
– Վէ՜ճ… ես մարդու հետ չունիմ, իշխանուհի, ուր մնաց Ատոմի հետ. բայց ճշմարիտը խօսելով ինձ շատ հաճելի է իւր սիրուն կերպարանքը, անուշ նայուածքը, քաղցր ձայնը չի լսել եւ չի տեսնել տարիներով եւ բոլոր կեանքիս մէջ, եւ եթէ կարելի է հանդերձեալ կենաց մէջ նաեւ իրեն չի հանդիպիլ, որ շատ հաւանական է:
– Թուի թէ իրեն չի հանդիպելու համար արքայութենէ նաեւ պիտի հրաժարիս:
– Մանաւանդ թէ արքայութիւն երթալու համար ամէն ջանք պէտք է ընեն անոնք, որ Ատոմ Շահունիի հանդիպիլ չեն ուզէր անդին, վասնզի հոն յայտնի է թէ իւր տեղը արքայութիւն չի կրնար լինիր
– Ինչպէ՞ս, խե՜ղճ Ատոմ, այդչափ գէշ համարմո՞ւնք ունիս դու իւր վրայ:
– Գէշ համարմո՞ւնք ունենալ, ո՛չ երբեք. բայց ես այնպէս կը հաւատամ թէ արքայութիւն ըսուած տեղը պատերազմի դաշտ չէ, ուր մարդիկ ջարդեն, կոտրեն, հայհոյեն, հրդեհեն, այլ այնպիսի տեղ մը, ուր մարդիկ հանդարտ, սիրով, խաղաղութեամբ…
– Անշուշտ նաեւ խնայութեամբ ապրելու համար պիտի երթան, – ըսաւ իշխանուհին ծիծաղելով, եւ ամէնքն սկսան խնդալ: Իսկ Յուսիկ անխռով ժպտելով`
– Այո՛, իշխանուհի, խնայութիւն ամէն աեղ պէտք է, իսկ արքայութեան մէջ անհրաժեշտ է, – պատասխանեց, – վասնզի հոն ոչ ուտել, ոչ խմել, ոչ շինել ոչ հագնիլ եւ ոչ պատերազմիլ կայ:
– Եթէ ամէնքը քու խորհրդոցդ հետեւին` աշխարհք արքայութիւն կը դառնա այսօր եւ վաղն անապատ:
– Ես չեմ ըսէր թէ մարդիկ չուտեն, չզգենան, չբնակին, այլ աւելորդ ծախքեր չընեն, որով շատ անգամ նեղութեան կը դատապարտուին. տեսէ՛ք, ահա Կ'ամսարականք, որ օրաւուր կ'ոչնչանան, Շիրակայ մէկ մասը դեռ երէկ ծախէր են Բագրատունեաց Տիկնոջ, անշուշտ քանի մը տարիէ մնացածն էլ կը ծախեն եւ Բագրատունիք, որ ագահ անուն ունին, հայոց առաջինք կը լինին. ո՛չ քաջութեամբ, վասնզի Ատոմ Շահունիէ ո՜վ քաջ կայ. փա՜ռք ստեղծողին, ձեռքը միշտ սուրին վրայ է, մարմինը` անսպի, ողջ տեղ չի կայ դրամի չափ, այլ խեւքով եւ խնայութեամբ:
Այս միջոցիս Թէոդորոս, որ ներս մտէր էր եւ Կամսարական, Շիրակ, Բագրատունեաց անունները լսելով կանգ առէր էր, առանց տեսնուելու Յուսիկէ առաջ անցաւ:
– Դու ուսկի՞ց գիտես, – ըսաւ, – որ Շիրակայ մէկ մասը գներ է Բագրատունեաց Տիկինը, ես որ այն կողմերն էի դեռ երեք ամիս կայ հազիւ` չիմացայ: Երկու գիշեր Շիրակաւան Կամսարականաց հիւր էի, նշան մը չի տեսայ:
Եթէ Յուսիկ միասին լինէր, – զրուցեց իշխանուհին ծիծաղելով, – շատ նշաններ կը տեսնէիր… – Եւ յանկարծ շուրջ եւ տխուր կերպարանք առնելով, – բայց Կամսարականը սելով չանցնինք, Բիւրեղի համար ձայներ կան թէ Վարդանաբերդի քանդուելուն չէ կրցեր ազատիլ, ոմանք կ'ըսեն թէ գերի տարեր են ընտանեօք, ոմանք կ'ըսեն թէ ջարդուէր են: Դու, իշխան, տեղեկութիւն չունի՞ս:
– Ինչպէ՞ս չունիմ, – պատասխանեց Թէոդորոս դառնութեամբ: – Երանի՜ թէ հիւր չլինէի գիշեր մը Վարդանայ բերդ եւ անգամ մը եւս տեսած չլինէի այդ հրեշտակային կինը:
– Ուրեմն ճշմարի՞տ է իւր մահը, – ըսաւ Սէթայ դողալով եւ ոտք ելնելով:
– Տուր եւ աղջկան մարմինը լճին մէջեն հանէր են:
– Ո՜հ խեղճ Բիւրեղ, թշուա՜ռ մայր, – զրուցեց Սէթայ եւ հեկեկանոք սկսաւ լալ երկու ձեռաց մէջ երեսները ծածկելով:
– Ես գիտէի թէ ինչչափ ցաւ պիտի պատճառէ քեզ այս լուրը, եւ անոր համար մինչեւ հիմա լռեցի:
– Բայց այդ ճիւաղները՞, այդ գազանները՞…
– Այդ գազաններուն ձեռք չընկնելու համար իւր նորահաս աղջկան հետ ինքզինք նետեր է լիճը եւ խեղդուէր:
– Ռրդին, Գրիգոր` որ մեզի հիւր էր` նա ի՞նչ եղեր է:
– Գրիգոր եւ քեռին մեզ հետ էին. իւր տարիքեն վեր քաջութեամբ կը պատերազմէր. երբ մենք Գողթն էինք, յորդորեցի, որ երթան, որպէսզի Բիւրեղ մտատանջութենէ ազատի, գնացին, եւ թէպէտ հարցնել տուի` լուր չի կրցայ առնուլ:
Սէթայ կւուլար կամաց ձայնով, Թէոդորոս խոժոռ վեր-վար կը պտըտէր, Յուսիկ կը խորհրդածէր, սպասաւորք եւ սպասուհիք իրենց տեարց օրինակին հետեւելով տխուր կերպարանք առէր էին:
Բայց Սէթայ քանի մը վայրկենեն վերջ, աչքերը սրբելով, դարձաւ իշխանին`
– Գոնէ, – ըսաւ, – արժանավայել թաղում մը լինէր այդ առաքինի եւ հրեշտականման կնոջ:
– Թաղման հանդէսն կատարողը Հայոց օրինաւոր կաթողիկոսն է, Քրիստափոր ինքն, – ըսաւ Թէոդորոս, – ես իրմէ խնդրեցի, որ վայելուչ շիրիմ մը նաեւ կանգնէ իւր վրայ եւ նա խոստացաւ: Եւ պէտք եղած ծախքը նաեւ տուի:
Երկրորդ եւ երրորդ օրը ինչպէս միշտ Թէոդորոս իր ծանր զբաղմանց հետ էր. Սէթայ թէպէտ բարեկամուհին կը յիշէր` բայց գաւառին եւ մեծ տան մը հոգերը զինք գրաւած էին. միայն խեղճ Թենի տխուր էր ամիսներով եւ գրեթէ ոտքի վրայ հիւանդ կը նիհարնար ի մեծ մտատանջութիւն իւր ծնողաց: Իսկ Ատոմ առանց մարդու հետ խօսելու, իւր զինուորական մարզերեն քանի մը օրն անդամ մը կը դառնար, մխիթարական խօսքեր կ'ընէր աղջկան, անիծելով բոլոր Մամիկոնէից յիշատակը, նոքա, որ անհետ կը լինէին` եւ նոքա, որ իբրեւ ժառանգ Կ'ոգովիտի գաւառը կը գրաւէին: Վասնզի Մուշեղ եւ Համազասպ հօրեղբօրօրղիք Գրիգորի` իբրեւ ժառանգորդք` առանց երկար խոյզ եւ խնդիր ընելու եւ քիչ մը գոհութեամբ նաեւ Գրիգորի մահուան լուրը տարածելով գրաւեցին Կոգովիտ:
Внимание! Это не конец книги.
Если начало книги вам понравилось, то полную версию можно приобрести у нашего партнёра - распространителя легального контента. Поддержите автора!Правообладателям!
Данное произведение размещено по согласованию с ООО "ЛитРес" (20% исходного текста). Если размещение книги нарушает чьи-либо права, то сообщите об этом.Читателям!
Оплатили, но не знаете что делать дальше?