Электронная библиотека » Ծերենց » » онлайн чтение - страница 5

Текст книги "Թորոս Լեւոնի"


  • Текст добавлен: 24 мая 2022, 19:47


Автор книги: Ծերենց


Жанр: История, Наука и Образование


Возрастные ограничения: +12

сообщить о неприемлемом содержимом

Текущая страница: 5 (всего у книги 15 страниц) [доступный отрывок для чтения: 5 страниц]

Шрифт:
- 100% +

ԳԼՈՒԽ Թ ԿԻՊՐՈՍԻ ՍՈՒՐԲ ՄԱԿԱՐ

Այն գիշերը մեծ ուրախութեամբ եւ զուարթութեամբ վայելեցին վանքին հիւրընկալութիւնը մեր ուղեւորք, եւ Բաբկէն զարմանքով տեսաւ սեղանին վրայ իր քով նստած աշխարհականի զգեստներով ճերմակ մորուոք մը, որ առանց խօսելու իր բոլոր ծանրութեամբ եւ լաւ ախորժակով կ'ուտէր, Բաբկէն երբեմն-երբեմն քովնտի ակնարկ մը կը նետեր սա նոր սեղանակցին, որ ամենեւին իրեն ուշ չէր դնէր: Վերջապէս վանահայրը տեսնելով թէ սեղանին վրայի լռութիւնը այս պատճառաւ իրօք վանականաց սեղան մը կը դառնար, ինք որ աբեղաթող կը համարէր այն օրը իր միաբանից

– Բաբկէն հայրիկ, – ըսաւ, – ձեր ճամփու ընկեր վարդապետը չե՞ս փնտրեր:

– Հայր սուրբ, ես կը յուսայի եւ կը փափագէի զինքն հոս գտնել, բայց ձեր հրամանը գիտէ տնօրինել. մենք զինուոր ենք կրօնաւորաց համար ալ լսէր ենք թէ զինուոր են` իրենց վանահօր կը հնազանդին:

– Նորա փոխարէն ահա քեզի ուրիշ բարեկամ մը ես գտայ, Սեւ լեռնեն է նա ալ, իրեն տեղեկութիւն ինչու չես հարցնէր:

Բաբկէն քննող աչօք դարձեալ նայեցաւ քո վինին, բայց չի կրնալով ճանչել, եւ սեղանին հորթի, կաքաւի եւ կաթնեղէնի պատրաստուած խորտիկներն ու համադամներն, Կիպրոսի տեսակ-տեսակ գինիներն իր ախորժակին յարմար գալով, եւ նորա յամառ լռութենեն ձանձրացած

– Հայր սուրբ, – ըսաւ, – սա բարեկամը ինձմէ անօթի կ'երեւայ, ոչ անուն կ'ուտայ եւ ոչ ձայն կը հանէ:

– Բաբկէ՛ն, – ըսաւ քովինը շեշտակի իրեն նայելով, – զիս չե՞ս ճանչեր:

– Աստուած վկայ Կոստանդին ինքն է, նա է, անոր ձայնն է, – ըսաւ Բաբկէն դէպ անոր դառնալով եւ աչքերը խոշոր-խոշոր բանալով, – փառք աստուծոյ, ողջ է:

– Փառք աստուծոյ, որ զիս ճանչեցիր:

– Թէ որ ձայնդ չի լսէի, խա՛չ, որ պիտի չճանչէի:

Ամէնքը սկսան խնդալ, ուրախութիւնը կը տիրէր սեղմանին վրայ. վանահայրը, որ պատուական եւ իմաստուն անձ մ՚էր եւ որու իմացուցած էր Կոստանդին ո՛վ ոք լինելն, կատարեալ հիւրատմեծար գտնուեցաւ իրենց, եւ խոստացաւ ամէն դիւրութիւն եւ ապահովութիւն ճարելու Տորոսի լեռները գտնել տալու համար հայ իշխանին: Ահ գիշերը ապահովութեան եւ վստահութեան վիճակի մէջ` Դիոնիս իր տաժանելի աչալրջութենեն յոգնութիւն կառնուր, Բաբկէն ուրախ էր ամէն բան դիւրանալուն, Թորոս թէպէտ սակաւախօս` գոհ էր ամէն բան մինչեւ այն օր անվտանգ յաջողելուն: Եւփիմէ միւսին գոհութիւնը տեսնելով զուարթութիւնը գեղեցկութեան հաւասար կը փայլեցնէր, իսկ Կ'ոստանդնի ուրախութիւնը անպատմելի էր: Այս մարդը շարունակ իր Մեծին Հայաստանի ճամփորդութիւնները կը պատմէր, վասնզի հայաբնակ երկիր չի կար, որ հինգ տարի շարունակ պտտած չլինէր, Վրաստանէ մինչեւ Միջագետք, Սպիրէ մինչեւ Ատրպատական` տեղ չէր ձգած, որ խուզած չըլլար, վասնզի կենաց յոյս մը կը փնտրեր Կիլիկիայէ դուրս եւ չէր գտնէր. հայ թագերու պաշտպանութեան համար շինուած բերդեր, բերդաքաղաքներ օտարին իշխանութեան եւ բռնութեան գործիք ու ամրութիւն եղած էին: Անի նաեւ, մեծ Անին, հազար ու մէկ եկեղեցուոյ Անին, նա՛ ալ կենդանութեան յոյս չէր տար. եւ ժողովուրդը, որ անգամ մը գնացեր իր թագաւորաց գերեզմաններուն վրայ ողբ դրեր, լացէր էր, ալ չէր հավտար թէ նոցայ ստուերներն դարձեալ պիտի ելնեն կանգնին, փրկել Հայաստան: Քրիստոնեայ դրացի եւ ազգակից ժողովուրդ Վիրք, նաեւ հայ զօրավարաց ձեռամբ վարեալ, հայ ազգը հալածելու եւ հարստահարելու կը նկրտէին. Վասպուրականի դասալիք Արծրունեաց յիշատակը անհետացեալ էր գրեթէ, եւ յիմար ժողովուրդ մը կործանեալ գահին պատուանդաններուն վրայ կաթողիկոսական բաժանման աթոռ մը հաստատելով կը մխիթարուէր:

Այս երկար պատմութեան ամէնքը կը մրափէին, Թորոս միայն այս կենդանի աշխարհագրութեան եւ վիճակագրութեան մէկ բառը չէր կորսնցնէր եւ մութ մնացած խնդիրները կը պրպտէր, կը լուսաբանէր. Կոստանդին կը զարմանար, կը շփոթէր իր իմաստալից հարցաքննութեան առջեւ, որ ամէն բան կը ճշտեր` տեղերը, վիճակները, հեռաւորութիւնները: Երբ ամէնքը իրենց տեղը գնացին ննջելու` դեռ աս երկու անձինքը նստած կը խոսէին Կիլիկիոյ վրայ. հայ եւ օտար ժողովրդոց թուոյն, վիճակին, յոյսերուն, իշխանաց, կառավարութեան ձեւին, զօրաւոր դիրքերուն եւ ամրութեանց վրայ. մինչեւ որ նաեւ հաւերն ալ սկսան խօսիլ, եւ Կոստանդին ինք պարտաւորեցաւ յորդորել զթորոս երթալ քնոյ հանգիստն առնուլ: Երբ Թորոս գնաց, տեսաւ, որ իր սենեկին դռանն առջեւ Բաբկէն մէկ աչքը քուն, միւսն արթուն կը պտտի. եւ երբ զինքը տեսաւ` գնաց իր հին զինուորակիցը գտնելու: Մտաւ սենեակը, ուր Կ'ոստանդնի հետ պիտի պառկէին. առջի խօսքը, որ ըսաւ Կոստանդին` աս եղաւ.

– Բաբկէն, աստուած վկայ, որ աս իրիկուն համոզուեցայ թէ Կիլիկիա իր փրկիչը գտաւ. սա երիտասարդը` թէ որ ինչչափ խելք ունի, այնչա՛փ ալ քաշութիւն ունի` հորմեն ալ վեր, հօրեղբօրմեն ալ վեր պիտի լինի:

– Դու ի՞նչ կ'ըսես, եղբա՛յր, անցեալ օր վեց-յոթ հոգի իրար վրայ անշունչ գետինը ձգեց, տասներեք հոգի էին մեր վրայ յարձակողները:

– Այդ հոռոմ ծերը եւ իր աղջիկն ի՞նչ բան ունին ձեր հետ:

– Աղջիկը Հոռոմ չէ, իշխանին պսակեալ կինն է. մեր Արծրունի թագաւորաց ցեղեն է:

– Իշխանը պսակուեցաւ՞… Արծրունի կին առաւ՞… լաւ, հա՛, քիչ մ՚ալ սա ծերն հայ մկրտիր, Բաբկէն:

– Ծերը հայ չէ, բայց հոռոմ ալ չէ, վասնզի շատ լաւ է եւ հայու բարութիւն կուզէ:

– Բաբկէն, դու ցնդէր ես, խելքդ կորուսէր ես, այս մարդը հոռոմ է, ոգեմն լաւ մարդ չի կրնար ըլլալ, հայու ալ բարութիւն չի կրնար ուզել:

– Տէ՛, ի՞նչ կ'ըսես. նայէ՛ աս իմ գլուխը հայու գլուխ է, խոթէ սա մատդ ոսկորին մէջ, աս գլուխը հոռոմները կոտրեցին այդ մարդ լաւցուց. հիմա հաւտացի՞ր… մենք բանտեն ուսկի՞ց պիտի եւնէինք թէ որ աս մարդը չըլլար, թէ դա աղջիկը չըլլար: Ատօնք մեզ ազատեցին. մենք նորէն բանտ մտած էինք քու պատճառաւդ` թէ որ աս ծերը մէգի չի փախցներ… թէ որ աս ծերը մեզ հետ չլինէր, մենք հոռմի նաւերուն մէջ ինկած բռնուած էինք. ծոցը պզտի. հաստ գաւազան մ՚ունի ծակած, մէջը փայլուն. կը դնէ աչքին, կը նայի աշխարհքին ծայրը ինչ կ'ընեն մարդիկ` կը տեսնէ, կ'իմանայ:

– Հիմա հաւտացի թէ լաւ մարդ է այդ ծերը եւ հոռոմ չէ, – ըսաւ Կոստանդին եւ կօշիկները հանելով վերարկուն քաշեց գլուխն` երկնցաւ պառկելու:

Նոյնը ըրաւ Բաբկէն, բազմոցին միւս կողմը, եւ սկսան քնել: Վանահայրն իր հիւրերուն քունը չի խանգարելու համար առանց զանգակի իջեր էր իր միաբանից հետ Վանայ անշուք եւ փոքրիկ եկեղեցին, ժամերգութիւն կատարելու. պատարագին ամէնը ներկա էին, եւ երբ սարկաւագը «Ազատութիւն եղբարց մերոց գերելոց» կ'երգէր` Բաբկէն մեծաձայն «Ամէն» գոռոց, ու ամէն գլուխ, երբ իրեն կը դառնային, ինք անխռով եւ մեծ հաւատոք իւր աղօթքը կը շարունակէր:

Երբ եկեղեցիեն ելան, վանահայրը լաւ ճաշ մը պատրաստել աւէր էր իր հիւրերուն. եւ վերջը անոնց փափագը կատարելու համար ինքն ալ իրենց հետ որսի ընկերացաւ: Կոստանդին ուրախ աչօք կը տեսնէր եւ կը համոզուէր Թորոսի թեւին զօրութեան եւ աչքին ճշտութեան ի նետաձգութիւն, նորա սրընթաց կորովոյն, որ այծեման պէս վախերու եւ գահավէժներու եզերքը կը վազեր, եւ այնչափ տարուան անշարժութիւնն, որ իր միտքը սրացուցեր եւ բարձրացուցեր էր, ջիզերուն ուժը չէր թմրեցուցեր: «Ահա երիտասարդը, որ մէկ հատիկ մարդ է մեր փրկութեան համար. ես յիմա՜ր, որ Հալէպու ամիրային պալատը կ'երթայի մարդ փնտրելու եւ երկու թեթեւամիտ տղաք կը գտնէի, որոնց մէկուն սիրտը այնչափ չար էր, որչափ գլուխը թեթեւ. իրաւ աստուած մեր խեղճ լեռները կը սիրէ եղեր»: Ետքը կը դիտէր Եւփիմեն, որ ծերուն հետ կը քալէր միշտ աչքը Թորոս են չի զատելով: «Հա՛, մեր Լեւոնին տղան բարեբախտ ալ է, այդ կինը գեղեցիկ եւ ազնուական է, եւ մեր իշխանը սրտանց կը սիրէ. բայց այդ ծերը ի՜նչ է իր սուր եւ արհամարհոտ աչքերով, հազիւ թէ աղջկան ըսածներուն պատասխան կ'ուտայ, միտքն ալ գիտես թէ ուրիշ տեղուանք կը պտտի…»: Եւ աս խորհրդածութեան մէջ յանկարծ, երբ որսը միտքը գար` երկու նետ կը նետեր, որք երբեք պարապը չէին սլանար: Երբ Թորոս բաւական զուարճացաւ, եւ որսն ալ առատ դիզուեցաւ, վանքին վերի գլուխը, ուր վանահայրը եղեւնի ծառերուն շուքին տակ սեղանը պատրաստել տուած էր կանաչ խոտին վրայ ծովը առջեւնին եւ անդին ամպերու պէս դիզուած Տորոսի լեռները, բաժակներ քամուեցան Կիլիկիա ազատութեան եւ անոնց կենդանութեան համար, որ կեանքերնին այղ սուրբ նպատակին համար պիտի վտանգէին:

Երկրորդ օրը, Թորոս` վանահօր եւ Կ'ոստանդնի ընկերութեամբ` ծպտեալ սրընթաց կենդանեօք կ'երթար Լեֆքոսիայ քաղաքը տեսնելու եւ անկից վերջը ութ օր շարունակ բոլոր շրջակայքը կը պատեր` կը քննէր բնակչաց կեանքը, իրենց զուարճութեանց զեղծմունքը, կղզուոյն պաշտպանութեան զօրութիւնը, բերդերուն վիճակը կուսներ: Իր սուր դիտողութենեն բան մը չէր ազատէր: Իր բոլոր աս արշաւանաց ընկեր էր նաեւ Եւփիմէ, որ թէպէտ ի բնութենէ հետաքրքիր` տեղեակ լինել կուզեր այն ամէնուն, որ Թորոսի խուզարկութեանց պատճառ էին:

Բայց ամէնքը, որ կը պտտէին Թորոսի հետ, մէկը չի կար, որ հասկնար իր միտքը, բացի Դիոնիսեն, որ հեռուեն կը դիտէր եւ կ'իմանար այդ լուռ եւ անխոնջ բնութեան նպատակը, ուր կը նշմարէր հայրենասիրութեան հետ նաեւ վրէժխնդրութեան ոգին: Ուստի ինք բնութեան ուսմունքով պարապեալ եւ ոչ կուզեր տեսնել քաղաքական կիրքերը, որ իր շուրջը կը յուզէին. եւ կը վերադառնար բոյսի մը, քարի մը խոտի մը կտորի վրայ հառիլ, պշնուլ, քան թէ ուրիշ թանով մը զբաղիլ:

Այսպէս լեռները կը պտտէր Դիոնիս, երբ երեկոյ մը Թորոս արշաւանքէ դարձած եւ տեսնելով գծերը լեռան բարձր գագաթան վրայ մուրճ ի ձեռին` ժայռի կտոր մը զննելով, ելաւ քովը գնաց.

– Հայրիկ Դիոնիս, – ըսաւ, – մենք այս դի, այն դի կը վազվռտենք, դու ուրիշ աշխատութեամբ կը տաժանիս. ինչո՞ւ այս ժայռերը կը կոտրտես:

– Տե՛ս, – ըսաւ ծերը, – տե՛ս, այս կոտրած ժայռերու կոտոր վանքին մէջ ծովային խեցիները, որ կը վկայէն թէ անյիշատակ ժամանակաց մէջ ծովը կը ծածկէր աս լեռներուն գլուխները:

Եւ իրօք կը տեսնէր Թորոս ծովային խեցին ժայռին ծոցը փակուած. երկայն լռութիւն մը յաջորդեց. նստաւ ծերը եւ Թորոսին ակնարկ մը ըրաւ քովր նստելու, սուր աչքերը երիտասարդին յառելով ծանր-ծանր աս խօսքերն սկսաւ զրուցել.

– Ո՜վ երիտասարդ, կը տեսնեմ թէ որ չափ հեռու ենք մենք իրարմէ. դու երիտասարդ, կորովի, եռանդուն` վաղը միայն կը նշմարես եւ ապագային կը դիմես. ես ծեր, տկար, դանդաղ երէկուան եւ հազարաւոր տարուան անցեալին կը նայիմ: Բայց օր մը կար, որ ես ալ ներկան եւ ապագան կը դիտէի եւ իմ շրջանիս մէջ հայրենիք, փառք, մեծութիւն եւ թագաւորութիւն կ'ուզէի. բարեբախտաբար երկար չի քեցին ան փափագները, եւ ուսմունք բնութեան` մարդկային սրտին ու մարդկութեան անցելոյն զիս բժշկեցին այն անձուկեն, որ զքեզ կը տոչորէ. անոր համար է, որ դու կը տեսնես զիս անցելոյն խորը իջած, եւ ես զքեզ կը նշմարեմ, որ ապագային բարձունքը կը մագլցես: Չեմ զարմանար, դու երիտասարդ ես, եւ անուն մ՚ունիս ազգիդ մէջ, հայրենիք մ՚ունիս կորած եւ ինկած, անձնական ու ընտանեկան նախատինք` բանտն եւ քուկիններուդ մահուան յիշատակն մտքիդ մէջ կը յածին եւ շարունակ կը մտածես վիրականգնել, սրբել եւ վրէժ առնուլ: Քեզի հետ խօսողը պէտք է համոզուիս, որ ազգի մը չի վերաբերիր. մարդկութեան զաւակն է, եւ ամենեն ատելի մարդիկ իրեն` աշխարհակալներն են. ուստի քեզի զինուորիդ իմ խրատս այս կ'ուզեմ լինի, որ անիրաւ եւ անգութ չլինիս վրէժխնդրութեան հոգուով. յիրաւի՛, անիրաւ աշխարհիս մէջ չանիրաւել դժուար է, բայց դու մեծ հոգի ունիս, եւ ես կը ճանչեմ մարդկային բնութիւնը, անոր համար այս խօսքերը քեզի կ'ընեմ: Չեմ ես այն անմիտ փիլիսոփայական կարծուած դպրոցեն, որ հայրենասիրութեան գաղափարը կը վտարէ մարդասիրութեան գաղափար մը առաջ քշելով. անոնք, որ այդ վարդապետութեանց քարոզք են, իրենց սրտին անարգ անտարբերութիւնը եւ վատ անձնասիրութիւնը սուտ եւ սխալ տրամաբանութեամբ վարագուրել կ'ուզեն: Թէ որ այսօր ազգութեան եւ հայրենեաց գաղափարը վերցնենք, վաղը գերդաստանի եւ ընտանեաց գաղափարը ո՞ւր դնենք: Ուրեմն լաւ իմացիր իմ միտքս, իշխանդ, ինձի փափագելի էր, որ Հայքդ նեցուկ լինէիք Յունաց կայսրութեան Ասիոյ մէջ, բայց որովհետեւ ատելութիւն եւ արեանց հեղեղներ զձեզ կը բաժնեն, եւ ի՛նչ որ անոնցմէ առնուած քաղաքականութիւն եւ ուսմունք կայ` եղած վնասներուն չեն փոխարինէր. դուք յաւիտեան պիտի չի մոռնաք ձեր Անուոյ հոզեվարք թագաւորութեան ընդունած վերջի դաւաճան հարուածը յունական ձեռքերէ, եւ մեր յունական ամբարտաւանութիւնն ալ երբեք պիտի չի մոռնայ ձեր Կիլիկիոյ յափշտակութիւնը եւ անկախ եկեղեցին: Որովհետեւ մարդիկ երբ զօրաւոր են, կ'ուզեն իշխել, երբ տկար են` ազատ լինիլ: Ուստի ալ քու իրաւունքդ պիտի ձեռք բերես այսօր, վաղն ալ վրէժ խնդրելու պիտի ելնես. բայց քու անձիդ եւ քու: ազգիդ օգտին համար միշտ յիշէ ծերու մը վերջին խօսքերը. միշտ չափաւոր եղիր, եւ չըլլայ թէ յաջողութիւնը զքեզ կուրացնէ, վասնզի մարդկանց կեանքին մէջ յաջողութիւն եւ անյաջողութիւն իրարու կը յաջորդեն: Ես, որ կտակ մը կ'ընեմ, աւելորդ կը համարիմ քու սրտիդ յանձնարարել Եւփիմեն, գիտեմ, որ նա զքեզ ինչպէս կը սիրէ, դու ալ գնա նոյնպէս կը սիրես…

Աս խօսքերուն ծերուն ձայնը փոխուեցաւ եւ աչքերը լցուեցան.

– Դու որ խելք ալ ունիս, սիրտ ալ ունիս, կ'իմանաս ծերուն փափագները, երբ ձայնը իրեն կը պակսի, գնա, աստուած հետդ ըլլա, գնա՜, շէնքդ, որ պիտի շինես երկարատեւ ըլլա…

– Եւ ի՞նչ պէտք է ընել, – ըսաւ Թորոս, – որ երկարատեւ կարէնայ լինիլ:

– Թէ որ աստուած լաւ յաջողութիւն մը տա, եւ քեզի պէս չորս-հինգ յաջորդ ունենաս` կրնաս տեւողական Հայաստան սա լեռներուն վրայ փոխադրել, թէ ոչ առօրեայ ստուեր մը եւ քանի մը աւերակ աւելի կը ձգես այդ աւերակաց երկիրը Սարդանաբալին գերեզմանին քով: Նայէ, որ զաւկներդ քաջ, գործունեայ եւ օգտակարացն գիտուն լինին: Թէ որ դու բանտիդ մէջ վանքին գրատունը եւ կարդալու փափագ չունենայիր` ոչ քու գեղեցկութիւնդ, ոչ սրամտութիւնդ, ոչ բազուկներուդ կորովը չէին կրնար զքեզ բարձրացնել. այլ դարձեալ բնութեան ամէն ձիրքերովդ ալ պակասաւոր էակ մը կը չիներ փոխանակ այդ խոհեմութեան յանձնապաստանութիւն, փոխանակ հետաքննութեան անհոգութիւն, փոխանակ համբերող դիտողութեան հապճեպ դատաստան բաժինդ պիտի չիներ: Տամ նաեւ քեզի օրինակն աչ, տխուր օրինակ, եղերական օրինակ, բայց դու շատ զօրաւոր սիրտ ունիս եւ կրնաս մտիկ ընել: Քու եղբայրդ` Ռուբեն, թէպէտ սրամիտ, գեղեցիկ եւ կորովի, բայց չունէր ոչ քու համբերութիւնդ, ոչ գիտութեանց սէրդ, ոչ քու խոհեմութիւնդ. եւ անոր համար աչ ամէն բան եւ կեանքն աչ կորսնցուց. գիտեմ, նախանձը կըսէ աշխարհք, բայց նախանձ չի գրգռելն ալ իմաստութեան մասն է. ի՛նչ որ դու համբերութիւն ցոյց տուիր տարիներով, նա օր մը չի ցցուց. թշնամի արքունեաց մէջ նուիրական բան մը չի կար իրեն համար, երբ բարկութիւնը սիրտը լեցնէր, եւ հազիւ թէ Գառագեղեն դուրս մէկ ոտքը դրած սարսափելի մռնչիւններ կը ձգէր: Ես փուճ տեղ զինքը կը խրատէի եւ կը զգուշացնէի: Քեզի հիմա այս խօսքերս միայն անոր համար է, որ վյրեժխընդրութեանդ մէջ չափաւոր չինիս, միշտ ջանաս թշնամութիւնը անհաշտ վիճակի մէջ չի մտցնել:

Ծերուն այս խօսքերը անօգուտ չէին այնպիսի երիտասարդի մը համար, որ ծանր միտ կը դնէր լսածներուն եւ կը խորհրդածէր տըխուր լռութեամբ:

Եւ ահա Եւփիմէ լեռն ի վեր կ'ուգար կ'ելնէր, երկուքն իրեն նայելով կը սպասէին` երբ անոնց մէջ եկաւ նստաւ եւ քիչ մը շունչ առաւ`

– Մինչեւ ե՜րբ սա կղզին պիտի նստինք, – ըսաւ, – ալ ձանձրացայ. ես չեմ կրնար քեզի պէս, Թորոս, լեռներու, գիւղերու, բերդերու ծակուծուկը խառնել եւ զուարճանալ, եւ ոչ քեզի պէս, հայրիկ, մուրճ մը ձեռքս քարեր կոտրտել, բոյսի մը երակներուն վրայ ժամերով յափշտակութեամբ սքանչանաչ. չէ՛, այդ իմ կ'արողութենես վեր է. ժամ մը առաջ ջանանք մեր տեղն հասնիչ եւ գործի սկսինք:

– Ո՜հ, – ըսաւ Դիոնիս փոքր հեգնութեան ժպիտով, – Եւփիմէ աչ գործի պիտի սկսի, պէտք չէ ժամանակ կորսնցնել, երբ որ լեռներուն վրայ փողերը գոչեն, գինուց շռինդը սկսի, քաղաքներ ու, գիւղերու մուխն ու մոխիրը երկինք բարձրանայ, վիրաւորներն հառաչեն, տղայք եւ կանայք անտէր, անբնակարան, որբ եւ այրի լան ու կսկծին, ան ատեն գործի պիտի սկսիս:

– Այո՛, ճիշտ ան ատենն է իմ գործիս ժամանակը, – պատասխանեց Եւփիմէ եռանդով եւ ձայնը բարձրացնելով, – իմ պարտքս է վիրաւորները դարմանել, որբերու, այրիներու հաց, բնակարան ու մխիթարութիւն ճարէի յուսահատները քաջալերել, այո՛, դիտեմ իմ պարտքս ասոնք են, եւ թէ որ ասոնք ես չի կատարեմ արժանի չեմ իշխանի մը ոչ թէ կին, այլեւ ոչ աղախին լինելու:

– Եւփիմէ, ես քու սկզբունքներդ դիտեմ, գիտեմ նաեւ թէ ինչ առնացի սիրտ մը ունիս, բայց այսպիսի հանդուղն եւ մեծ զոհողութեան մէջ գիտեմ նոյնպէս թէ ի՜նչ վտանգներ կան ծածկուած, զօրոնք նախատեսել անկարելի է շատ անգամ, ուստի հեգնութիւն մ՚իմանար իմ խօսքերս, այլ խոհեմութիւն, կ'ուզես ծերերու վատ խոհեմութիւն համարէ, բայց միտքդ դիր ու դու հիմա Թորոսի անբաժանելի ուղեկից լինելովդ աւելի իրեն արգելք մը, հոգ մ՚ես, քան թէ օգնութիւն:

– Նայէ՛, հայրիկ, աս քարոզները, քանի որ կնորոգուին, ինձի ոչ թէ յուսահատութիւն, այլ կիրք կը բերեն, եւ զիս ի խոր կը վիրաւօրէն, թէ որ…

– Ո՛չ, ո՛չ, – ըսաւ Դիոնիս տեսնելով, որ խօսակցութիւնը անախորժ ձեւ կառնուր, – դու կիրք մ՚ելնէր. մենք ինչպէս ճամփայ ելանք` նոյնպէս եւ կը կատարենք:

– Հա՛, այս է, իմ փնտրածս, հիմա, ահա գոհ եմ, եւ ձեզի խօսք կ'ուտամ, որ իմ բերնես ամենեւին չպիտի լսէք ոչ յոգնութիւն, ոչ երկիւղ, ոչ յուսահատութիւն եւ ոչ հառաչանք անգամ, այլ թէ պէտք լինի անշշունջ յանձն պիտի առնում իյնալ մեռնիլ, քան թէ գանգտիլ:

– Ծանր պարագաներու մէջ խոհեմութեամբ տեղի տալ հարկին առջեւ սկզբունք մեզի դնելով, իմ սիրելի Եւփիմես, – ըսաւ Թորոս ոտքի վրայ ելնելով եւ ծանրութեամբ, – միշտ կը ջանանք իրարմէ վայրկեան մը չի զատուիլ:

Եւ երեքը միատեղ սկսան լեռնեն ծանր-ծանր վար իջնել:

ԳԼՈՒԽ Ժ ՔԱՐԱՅԻՆ ԿԻԼԻԿԻԱ

Նոյն միջոցին վանահայրը վանքին դռան դրսի դին կեցած թիկնաւէտ, հաստաբազուկ եւ արեւեն սեւցած երիտասարդի մը հետ կը խոսէր կամաց ձայնով եւ շարունակ հարցմունքներ կ'ընէր իրեն, եւ թէպէտ յայտնի էր թէ ախորժելի չէին իրեն առած պատասխանները, բայց դարձեալ, երբ իր հիւրերը տեսաւ` զուարթ ընդունելութեամբ հրամցուց զիրենք, եւ ինք ամենեն վերջը դռները գոցել հրամայեց, վասնզի արդէն ժամանակը ուշ էր:

Ընթրիքը ընելէ վերջ, Թորոսի ակնարկ մ`ընելով եւ առանձին սենեակ մը հրաւիրելով ու երիտասարդը ցցնելով`

– Ահա, իշխանդ, – ըսաւ, – սա երիտասարդը հիմա նոր կը հասնի Կիլիկիայէ, ես չեմ կարծէր թէ գտնուի մէկը, որ ասոր չափ լաւ ճանչէ այդ երկրին զանազան կողմերը եւ վիճակը. թէ որ ընդունելիք տեղեկութեանդ վրայ ուզէք դարձեալ ամէ՛ն վտանգաց դիմագրաւել եւ երթալ, չեմ կարծէր թէ ասկից քաջ, ասկից լաւ եւ ասկից հաւատարիմ առաջնորդ մը կարէնաք գտնել:

Թորոս այս խօսքերը լսելուն, ուշի-ուշով տղան կը դիտէր, որու բաց ճակտին վրայ անվեհերութիւն դրոշմած էր եւ իր նայուածքը կը զրուցէր թէ մարդիկ, տարերք եւ մահ գիտէր արհամարհել:

– Անունդ ի՞նչ է, բարեկամ, – հարցուց Թորոս:

– Սարգիս ծառայ, – ըսաւ տղան ձեռքը իր լայն կուրծքէն վրայ դնելով:

– Ինչչա՞փ ժամանակ է, որ Կիլիկիոյ ափունքը թողիր:

– Այս առաւօտ:

– Ի՞նչ նաւով էիր:

– Մեր նաւով:

– Դու նաւ՞ ունիս:

– Պզտի նաւ մը, – ըսաւ երիտասարդը ժպիտով, վանահօր նայելով:

– Դու կը կառավարե՞ս նաւը:

– Այո՛:

– Ուրեմն ի՞նչ կարօտութիւն ունինք ուրիշի դիմելու, երբ հայր սուրբը զքեզ կը ճանաչի եւ քու քաջութիւնդ եւ տեղեկութիւնդ կը գովի:

– Բայց իմ նաւուս թշնամին շատ է, իշխան, եւ բոլոր յունաց նաւերը զիս խեղդելու կաշխատին, բոլոր ծովեզրը զիս կը փնտրեն, ես ալ ծածկուելու համար հոս անցայ քանի մ՚օր:

– Չըսես, որ ընկեր ենք. ինձ ալ կը հաւատացնեն թէ զիս կը փնտրեն:

– Այո՛, քեզ ալ կը փնտրեն:

– Ի՞նչ գիտես. զիս ուսկի՞ց կը ճանչես, զրուցէ ի՛նչ որ գիտես:

– Նախ ես զքեզ կը ճանչեմ, տղայութեանս ամէն օր մէկտեղ էինք Վահկայ բերդը, Թաթուլին Սարգիսն եմ. այս իրիկուն, երբ վանքին դուռր տեսայ, հայր սուրբ բան չըսած, զրուցեցի թէ Թորոս իշխանն է (մեծաւորը գլխովը նշանացի կը հաստատէր): Ես քանի տարի է ծովու վրայ ասպատակութիւն կ'ընեմ, հոռոմները իմ երեք նաւս այրեցին, ես անոնց քսանը կողոպտեցի այրեցի, ես նաւու ստակ չեմ տար, բայց տասնհինգ օր մը կայ, որ պահպանութիւնը սաստկացուցին. մեր ծովուն ամէն ժայռերը, ծակն ու ծուկը կը քննեն, կը նային, ցամաքն աղ Մամեստիոյ իշխանին զօրքերը աւելցուցին, անզգամութիւնը շատցուցին, հայը ամէն տեղ կը հալածեն, եւ կը զրուցեն թէ ձեր իշխանը փախեր է բանտեն արքայական քաղաքը, ան կը փնտրեն: Ձեզ ամէնքդ ալ պիտի ջարդենք: Մեր ծերերը կ'ըսեն թէ այսպիսի հալածանք չենք տեսեր: Ուր որ երկայն հասակ, սեւ աչուի, սեւ ընքուի երիտասարդ կը տեսնեն, կը կապեն Մամեստիայ կը տանին. մեր լեռներն ալ այդպիսի մարդ շա՛տ. մինչեւ հիմա քսան, երեսուն մը տարին: Թէ որ մէկ ոտք կոխես, աստուած վկայ, ամէնքը ոտք պիտի ելնեն: Բայց ծովեզրին պահպանութիւնը խիստ է:

– Ըսել է, որ դու ալ կը վախե՜ս, Սարգիս:

– Աստուած չընէ, իշխան, որ ես բանէ մը վախեմ, հիմա հրաման ըրէ Տարսոնի գետն ի վեր շտկեմ պզտի նաւս, աս մարմինը (կուրծքին մեծաձայն հարուած մը տալով) մէկ անգամ միայն պիտի մեռնի:

– Լաւ, – ըսաւ Թորոս գոհութեան ժպիտով եւ ուսին պզտի հարուած մը տալով, – կը տեսնեմ թէ քաջ ես, քունաւդ պիտի տանի զիս Կիլիկիա:

– Հէ՜… հիմա ահա սկսեցի վախել, – ըսաւ երիտասարդը քայլ մը ետ առնելով եւ մտածելով: Գիշերները մթնելեն երեք ժամ ետքը արեւմտեան հով մը կը փչէ, կրնանք Ամանուրի եւ Կ'որիկոսի մէջ հազար ծոցերուն մէկը խոյանալ եւ մտնել, մէկ մը ցամաք որ ելնենք, ո՞վ կարող է մեզ ժայռերուն եւ անտառներուն մէջ համարձակիլ հալածէր Ես հինգ տղայ ունիմ, մէկը տասն մարդ կարժէ, Բաբկէնը տեսայ, տասն մարդ ալ այն կարժէ. ծերացեր է, բայց ամուր շինած է. մենք եօթն հոգի կրնանք այդ չեռան ժայռերու ճամփորդութիւնն ընել, եւ աստուծով կը հասնինք: Այն օր Սեւ լեռները հարսնիք կը լինի:

Սարգիս իր անվեհեր արիութիւնը գտաւ աս վերջի խօսքերուն հետ. եւ աջ թեւը գօտիին մէջ դրած կը սպասէր, բայց Թորոս էր հիմա, որ կը մտածէր: Յայտնի է թէ իրեն համար չէր մտածութիւնը, Եւփիմէ էր, որ իր միտքը կը տանջէր: Վասնզի ինք լաւ կը յիշր եւ կը ճանչեր Տորոսի ափափայքն ու գահավէժները, եւ կ'երեւակայէր թէ ինչչա՜փ տաժանելի պիտի լինէր այս ըսած ուղեգնացութիւնը քաջակորով մարդկանց համար, ո՜ւր կը մնար բիւզանդական պալատներու մէջ քնքուշ սնած աղջկան մը համար զանի դիմագրաւել:

– Եր՞բ կրնանք ուրեմն – ըսաւ իշխանը, – այս կղզին թողուլ:

– Չորս օրէն: Հիմա ես վաղն պէտք է դառնամ եւ հոն իմ պատրաստութիւններս տեսնեմ, թէ որ անկարծելի արգելքի մը չի հանդիպիմ` չորրորդ գիշերն հոս եմ, եւ նոյն իրիկուն ճամփայ կ'ելնենք:

– Ինչո՞ւ համար հիմա ճամփայ չելնենք մենք ալ միատեղ:

– Պատրաստութիւնը, իշխան, ոչ քեզի եւ ոչ ինձի համար է, – ըսաւ Սարգիս դանդաղելով, – ես այնպէս կարծեմ թէ դու չես ուզէր այդ ծերը եւ այդ… պատանին, որ քեզ հետ այս իրիկուն վեռնեն իջաւ` հոս թողուլ, ուստի անոնս համար գոնէ երկու ջորի պէտք է ճարել. քիչ մը ճամփու պաշար ժայռերու մէջ տեղ-տեղ ծածկել եւ մէկ քանի տղայ հոն ձգել, որպէսզի որոշեալ գիշերին ու ժամուն կրակ վառելով մեզի ուղեցոյց լինին:

Ապրիս, Սարգիս, գնա՛ ուրեմն եւ պատրաստութիւններդ տես: Կարելի է ստկի պէտք ունենաս. ա՛ռ, – ըսաւ ու քսակ մը իրեն երկնցուց:

Սարգիս ետ քաշուելով`

– Ներէ, իշխան, ես փառք աստուծոյ, հարուստ եմ, քանի ործովուն վրայ հոռմի նաւ կը պտտի եւ ես ալ կը պտտիմ, ստկի նեղութիւն չեմ գիտէր ի՜նչ է: Ուրիշ ազգի` աստուած վկայ, դպած չունիմ, անոնք մեզի ի՜նչ ըրին եւ ինչե՜ր կ'ընեն: Մնա՜ս բարով ուրեմն, – վյսաւ եւ անհետ եղաւ:

Երբ վարդապետն ու Թորոս մնացին`

– Չորս օր դեռ ձեզի հետ պիտի լինիմք, – ըսաւ Թորոս:

– Երանի՜ թէ աւելի երկայն ժամանակ զձեզ հիւր ունենայի, – պատասխանեց վանահայրն, – բայց կ'երեւայ թէ այս օրերս հոս ալ նան իրենց չարութիւնը աւելցուցեր են հոռոմք, վասնզի սկսէր են թշնամական հոգի ցուցնել եւ նեղութեան տալ Լեֆքօշեայ մեր ազգայնոց. ամէն կողմ հալածանք մեր անտէրունչ ազգին վրայ կը տեղա, աստուած մեր աղաչանաց լսէր եւ փրկութեան դրօշակը տար ան ձեռքին, որ իր ընտրեալն է արդէն, տա՛ր իրեն զօրութիւն եւ յաջողութիւն իր գործը ի գլուխ հանելու:

Այս է ահա մեր ցերեկուան ու գիշերուան աղօթքը, երանի թէ մեր ձայնը ընդունելի լինէր:

– Հայր սուրբ, թէ որ ձեր ցցուած նաւավարին եւ ձեր հիւրնկալութեան հաւասար է աղօթքը` մեր ամէն գործը պէտք է յաջող երթա: Աս երիտասարդը, որ յիշեցի` իմ տղայութեանս ընկեր, երբ անունը տուաւ, շատ քաջ եւ սրամիտ տղայ կ'երեւայ, ես շատ շնորհակալ եմ ձեզի:

– Մենք ձեզի շնորհակալ պէտք է լինինք, ազգ եւ եկեղեցի, երբ յաջողիք մեծ գործը ի գլուխ հանել. քանի որ ձեր հայրը` Լեւոն եւ դուք գերի եղաք, ալ յունաց լրբութեան չափը անցաւ ամէն տեղ, ամէն հարստահարութեանց, ամէն բռնութեանց, ամէն նախատանաց ենթակայ եղաւ մեր ազդը. մեր եկեղեցին, մեր խաչն ու աւետարան կը հայհոյեն, չի կրցանք հասկցնել այս ամբարտաւան ազգին թէ խաչ եւ աւետարան միեւնոյն է ամէն քրիստոնեայի համար. տէրն ինք այց ընէ մեր տառապեալ ազգին. քանի անգամ աղերսագիր ըրինք կաթողիկոսին, որ գոնէ Լամբրոնի իշխանաց ձեռոք կայսեր խնդիրք անէ, որ զմեզ չի չարչարեն. բայց Կիպրոս ո՜ւր, կայսր ո՜ւր. Լամբրոնի իշխանքն ալ կէս հոռոմցած. թէ որ կաթողիկոսն իրենց ազգակից չլինէր, մինչեւ հիմա բոլորովին հոռոմ եղած էին: Դարձեալ կրսեմ, աստուած քու սուրդ հատու ընէ, իշխան:

Աս խօսքերուն վրայ ելան, Թորոս ամէն բան Եւփիմէի հաղորդեց, ամէն վտանգ աչքին առջեւ գրաւ, որ հանդարտ մտիկ ընելեն վերջ`

– Քու այդ Սարգիսդ շատ լաւ տղայ մի է, – ըսաւ ծիծաղելով, – թէ որ աստուած յաջողէ մեր ձեռնարկութիւնը` գերագոյն ծովապետ մը ունինք: Հիմա ես օրերը պիտի համրեմ. ուրբաթ առտու հոս է Սարգիս, նոյն իրիկուն ճամփայ կ'ելնենք:

Եւ այսպէս պատրաստ ամէն վտանգի այս դիւցազն կինը անհամբեր կը սպասէր ուրբաթին, եւ ամէն երեկոյ կառնուր իր ծեր Բաբկէնը կ'իջնէր ծովեզրը տեսնել թէ նաւը եկա՞ծ էր, եւ սրտնեղ` վանք կը դառնար մութուն անօգուտ սպասելեն վերջ:

Երկրորդ ուրբաթ մը եկաւ, եւ Թորոս անգամ կ'այլայլէր` թէպէտ երեսեն բան մը չէր իմացնէր. Եւփիմէ` այդ ջղային կազմուածքը` գաղտուկ արցունք կը թափէր, այնչափ իրեն նեղ կ'ուգար կղզին, եւ Թորոսի անտարբերութեան դէմ կը գանգտեր, որ զինք հանդարտեցնելու կը նայէր եւ համբերութիւն սորուիլ կը յորդորէր: Ուրիշ ճար մը կը մտածէր այս երկրորդ բանտեն ազատելու, եւ Կոստանդին` նաւու մը խօսք կ'ընէր, որ Անտիոք պիտի երթար, եւ կը համոզէր թէ ապահով միմիայն ճամփան այն էր Սեւ լեռն երթալու եւ երբ աս խյյրհուրդին վրայ էին` Բաբկէն ներս մտաւ շունչը հատած.

– Աւետիս, իշխանիկս, Սարգիսն եկաւ, հիմա հոս կը հասնի:

– Ի՞նչ վիճակի մէջ, – հարցուց Եւփիմէ:

– Լաւ, շատ լաւ վիճակի մէջ, Տիրուհիս, – պատասխանեց` Բաբկէն:

Եւ իրօք Սարգսին սեւ երեսը երեւցաւ, բայց աչքերն ուրախութեան հուր կը ցոլացնէին. դեռ մութը չէր կոխած:

– Կը ներես, իշխան, – ըսաւ, – բայց կիսակատար գործ չեմ սիրէր, ամէն բան պատրաստ ընելու համար պէտք էր անձամբ Վահկայ մօտերն երթալ, եւ ձեր ապահովութեան համար օգնական խումբ մը բերել: Բոլոր լեռը ոտք հանել կրնայի թէ որ անունդ տայի, բայց խոհեմութիւն չի սեպեցի, տասներկու տղաք առի ընտրանոք, ո՛վ Լուսաւորիչ կը սիրէ` չի հարցնէ, թո՛ղ հետս գա ըսելով, ամէնքը լեռներուն վրայ ցրուեցի, իրենց սպասելու տեղերը ցցուցի, պաշար, գրաստ ամէն բան զետեղեցի, դուք միայն պակաս էք, թէ որ կ'ուզէք աս գիշեր կ'երթանք, օդն ալ յաջող է, փառք աստուծոյ: – Ո՜ւր, – ըսաւ վանահայրը, – այսպէս անօթի-ծարաւ, անկարելի է: Մէկեն սեղան դնել տուաւ, ընթրիքը շուտ մը պատրաստեցին, բարի յաջողութեան համար գաւաթը պարպեցին, ետքը իջան եկեղեցին, «Տէր ուղղէան» ըսին, եւ մութը կոխէր էր, երբ Եւփիմէ ջորին հեծած` Բաբկէն քովին անբաժանելի ելան եւ իջան ծովեզրը.նաւը արդէն պատրաստ էր` եւ երբ ամէնքը մտան` իր բոլոր առագաստները պարզեց եւ յաջողակ հողմով սկսաւ սուրալ ծովուն վրայ, ձայն չի կար ամենեւին բացի Սարգսի ձայնեն, որ երբեմն համառօտ հրամաններ կ'ուտար ղեկին գլուխը նստած:

Այս լռութիւնը շատերուն քունը բերաւ, արդէն Եւփիմէ հանգիստ եւ ուրախ գլուխը Թորոսին կուրծքը դրած շատոնց քուն էր, եւ Կիպրոսի եզերքը կ'անյետանային, երբ Սարգիս քովինին, որ անշշունջ նստած էր` ըսաւ.

– Հայր սուրբ, դու սա ղեկը գործածէ, ես պէտք է նաւուն ծայրը երթամ եւ զինեմ:

Եւ իրօք իր սուր աչքերով, որ մութուն ալ մեն բան կը տեսնէին, իր բոլոր նաւաստեաց եւ Կ'ոստանդնի օգնութեամբ անցուց նաւուն քիթը տապարաձեւ երկաթ մը եւ եկաւ իր տեղը նստաւ:

– Հիմա թող թշնամի նաւն ալ գա, – ըսաւ ղեկավարին, զօր «հայր սուրբ» կ'անուանէր, – կ'իջեցնեմ մէկ հարուածով ծովուն տակ:

– Չի գայ թող, որդեակ Սարգիս, – պատասխանեց նա, – եւ խաղաղութեամբ ցամաք մէկ մը գտնէինք:

Թորոս, որ աս խօսքերը կը լսէր եւ անշարժութեան դատապարտուած էր Եւփիմէի պատճառաւ, ալ չի կրցաւ համբերել եւ կամաց մը ձայնեց.

– Սարգիս, ո՞վ է հայր սուրբը:

– Վանահայրը, իշխան:

– Մեր հե՞տն է:

– Այո՛, իշխան, – պատասխանեց վարդապետը, – ես ալ ծովու լեզուեն կը հասկնամ քիչ մը, քսանհինգ տարի է նաւավար էի, եւ ձեզի օգտակար լինելու յուսով մէկտեղ եկայ:

– Շնորհակալ եմ: Բայց ի՞չ է գործիքդ, Սարգիս, որ թշնամի նաւը մէկ հարուածով ծովուն տակ կիջեցնէ:

– Նորաձեւ ցռուկ մ՚է, իշխան, Անտաքցի Աւետիք վարպետի շինած, մինչեւ հիմա տասը հոռմի նաւ իջեցուցի անով: Քամին լաւ է, արդէն կէս ճամփան առինք, քիչ մ՚ալ ասանկ երթանք, կ'իջեցննեմ այս առագաստները, սեւ առագաստ միայն կը թողում:

– Լաւ՛, չի տեսնուելու համար թշնամիեն. լաւ խելք է:

Դարձեալ լուռ եւ յաջող գնացին,, ձայն չի կար նաւուն մէջ, Թորոս լուռ կը դիտէր. երբ յանկարծ Սարգիս ցատկեց տեղաց` «Տղա՛ք, – ըսաւ, – պատրաստ կացէք, նաւ մը կը տեսնեմ մեր ճամփուն վրայ, իջուցէք հիմա առագաստները», վայրկենին առագաստները իջան, հազիւ թէ ճախարակաց ձայները կը լսուէին, այնչափ խնամքով եղոտած էին: Թորոս կը նայէր, բայց բան մը չէր տեսնէր, ինքնիրեն կ'ըսէր թէ պէտք է գիշերային թռչնոյ մը աչք ունենալ Սարգսին պէս մութուն տեսնելու համար: Անցան նաւը հեռուանց եւ շարունակեցին իրենց ճամփան անվտանգ: Կէս-գիշերն անցէր էր, առաւօտեան երկու ժամ հազիւ կար, եւ ահա Սարգիս «Փառք աստուծոյ» գոչեց. եւ երբ Թորոս պատճառն իմանալ ուզեց`

– Կը տեսնե՞ս սա լոյսը դիմացը, որ մերթ կը տատանի, խաչաձեւ կը շինէ, ահա մեր նշանն է. թշնամի չի կայ եւ մենք ալ մօտ ենք ցամաքին, – ըսաւ: – Հա՜, տղաք, թիակները օգնութեան, բացէ՛ք բոլոր առագաստները, ալ ո՜վ որ կուզէ, թո՛ղ գայ: Ամէնքը արթնցան. լուսնոյ վերջին ճառագայթը աղօտ լոյս մը ձգեց ծովուն վրայ: Հազիւ թէ կէս ժամ վերջը նաւը կը խրէր աւազին վրայ եւ վեց կորովի տղաք զայն կը շրջապատէին ջահեր ձեռքերնին. Սարգիս նաւուն ծայրը կեցած` «սանդուխը» ըսաւ, եւ սանդուխ մը դրուեցաւ նաւուն:

– Իշխան, – ըսաւ Սարգիս, – ահա հարցդ երկիրը, քեզ կը վայելէ նախ ոտք դնել հոս:

– Յանուն աստուծոյ ամենակարողի, – ըսաւ Թորոս եւ ցատկեց դուրս, ու Եւփիմէի, որ սանդուխին գլուխն էր` ձեռք տուաւ եւ վար առաւ:

Հոն ան փոքրիկ խմբակը Կ'ոստանդնի առաջնորդութեամբ աւազին վրայ ձեռքերնին երկինք տարածելով հաւատարմութեան երդում ըրին` «յանուն ատուծոյ» մեռնիլ հայութեան եւ Թորոսի համար:

Նաւը քանի մը վայրկենի մէջ իւր ամէն կարասի քէն մերկացաւ, առագաստ, ղեկ, զէնք, պաշար վերի անելանելի մացառուտներուն եւ ժայռերուն մէջ ծածկուեցան, եւ երբ ամէն բան անհետացաւ, Սարգիս հրամցուց խորը լեռան ստորոտը ջուրին գլուխը իւր հիւրերը նախաճաշիկ ընելու: Պայծառ եւ աննման աղբիւր մ՚էր, որ գետնեն կը բխէր, ամէն դար, ամէն լեզու գեղեցիկ աչքի մը կը նմանցնէին զայն, որ հանդարտ եւ լայնաբերան` վճիտ ջուր մը կը պոռթկար:

– Բայց նախ, Բաբկէն Հայրիկ, – ըսաւ Սարգիս, – քու տըղաքդ ահա հոս են: Երկու կորովի տղաք Բաբկէնի ձեռքերուն պլլուեցան, եւ Բաբկէն հաւատարիմ ասիական սովորութեան` հայրական սէրը խեղդել կը ջանար սրտի՛ն մէջ, թէպէտ ապստամբ աչքերը ուրախութեան արցունք կը թափէին:

Նահապետական էր սեղանը. ահագին ոչխար մը խորոված իր մորթին մէջ փոսի մը խորշեն դուրս ելաւ: Կիպրոսի գինին կումերով առատապէս գաւաթէերու մէջ կը փրփրար. երբ ամէնքը կերան եւ յագեցան, Եւփիմէ ուրախ եւ զուարթ Սարգսի ծովապետին կենաց խմել առաջարկեց գինին, որ զիրենք անվտանգ անցուց եւ բերաւ:

Երբ ելան կ'երակուրեն, երեք հատ չոր, ջղուտ ջորիներ մօտեցուցին հայ տղայքը, ուր Եւփիմէ եւ վերջը Դիոնիս նստան, երրորդը Թորոսի համար էր, բայց նա մերժեց եւ հրամայեց ջուրի տիկեր բեռցնել եւ ինք սկսաւ Սարգսի առաջնորդութեամբ լեռն ի վեր շահատակել: Ետեւեն կ'ուգար Բաբկէն շատ անգամ ձեռքը Եւփիմէի ջորուոյն գլուխը բռնած, վերջը Դիոնիս, ետքը մեր բոլոր զինուոր եւ նաւաստի աղոց խումբը, եւ էն վերջը Կոստանդին իր հասակաւը, եւ այլոք վարդապետին հետ:

Սելեւկիոյ եւ Կ'որիկոսի մէջտեղ հրուանդանի մը քով կ'իյնար այս կէտը, ուր մեր կարաւանը կապուեցաւ, եւ իրաւունք ունէին հիները անուանելու գնա Կորակեսիոն գեղեցիկ, վասնզի ժայռն ու անտառ, ծովն ու վտակ, երկինք ու երկիր հոս գեղեցկութեամբ զարդարած էին. կէտ մը` ուր ժայռ ու մացառ իրարու հետ կը կռուէին ուր ոտից կռուան մը գտնել միշտ դժուարին եւ երբեմն գրեթէ անհնար կը լինէր, մանաւանդ մեր ճամփորդներուն համար, որ ժայռերու ընկերութիւնը աւելի կը վերադասէին, քան մարդկանց թշնամութիւնը: Այդ Տորոսի գօտիները երբեմն յանկարծ կը պատռէին տեղի տալու համար հեղեղատի մը. երբեմն բոլորակ թատրոն մը կը ձեւանային ծոց մը շինելու համար ծովուն, եւ երբեմն ճանապարհորդ չեռան գագաթը ելնել կը պարտաւորէին, երբեմն ծովեզրը իջնել. ելեւէջ միշտ վտանգաւոր, միշտ տաժանելի սոսկում կը բերէր նայողին, բայց մեր կարաւանը անխօս, անշշունջ կը շարունակր իր ճամփան սպառնալից, վասնզի նիզակներուն շողիւնը, վահաններու, սուրերու եւ տաղաւարտներ ու շառաչը, եւ այդ հաստատ երիտասարդաց քայլերը այդ փոքրիկ եւ ընտրեալ խմբին անընկճելի լինելուն վկայքն էին:

Երեք ժամու չափ ճամփայ հազիւ առած էին, եւ Սարգիս իր սուր աչքերը կը նետեր քննելու համար լեռանց գագաթները, երբ տեսաւ, որ ճերմակ դրօշակ մը կը ծածանէր, մատնանիշ ցուցնելով զայն Թորոսի` «Յաջող եւ բաց է ճամփանիս, իշխան, – ըսաւ, – ահա նշանը»: Քիչ մը վերջը սպառազէն երիտասարդ մը խառնուեցաւ խմբին, իմացնելով թէ վտանգ չի կար, եւ ոչ ոք տեսած չէր:

– Կ'որիկոսի պահապանք ի՞նչ կրնէին, – հարցուց Սարգիս:

– Մեռելի պէս դռները գոցեր նստեր էին, բերդի շուրջը բնակող գիւղացիք ալ չեն գիտէր թէ բերդապա՞հք աւելի վնասակար են իրենց թէ աւազակք:

Внимание! Это не конец книги.

Если начало книги вам понравилось, то полную версию можно приобрести у нашего партнёра - распространителя легального контента. Поддержите автора!

Страницы книги >> Предыдущая | 1 2 3 4 5
  • 0 Оценок: 0

Правообладателям!

Данное произведение размещено по согласованию с ООО "ЛитРес" (20% исходного текста). Если размещение книги нарушает чьи-либо права, то сообщите об этом.

Читателям!

Оплатили, но не знаете что делать дальше?


Популярные книги за неделю


Рекомендации